İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ՊԱՏրԻԱրՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ հԻՄՆԱրԿՈՒԹԵԱՆ 534¬րԴ ՏԱրԵԴԱրՁԸ ՆշՈՒԵՑԱՒ

Կ.Պոլսոյ հայոց Պատրիարքութեան 543¬րդ տարեդարձը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ 29 Մայիս 2004 շաբաթ երեկոյեան, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ։

Միաբան վեղարաւորներէ, քահանաներէ, սարկաւագներէ եւ դպիրներէ բաղկացած եկեղեցական շքեղ թափօրը, Կ.Պոլսոյ Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Բ Սրբազան Պատրիարքի նախագահութեամբ, ժամը ճիշդ 18.00¬ին Ազգային Պատրիարքարանի շքամուտքէն շարժեցաւ դէպի Աթոռանիստ Մայր Տաճարը։

Մայր Տաճարի արտաքին դրան առջեւ թափօրը պահ մը կանգ առաւ երբ Նորին Ամենապատուութեան տրուեցաւ Սուրբ Աթոռի պատմական թանկագին շուրջառներէն մէկը եւ պատրիարքական ականակուռ գաւազանը, մինչ Մայր Տաճարի զոյգ մեծ զանգերը ուրախութեամբ կ՛աւետէին տօնախմբութեան սկիզբը։

«հրաշափառ Աստուած եւ միշտ բարեխնամող» շարականի երգեցողութեամբ հանդիսաւոր թափօրը ընթացաւ մինչեւ բեմին առջեւը, ուր Մեսրոպ Պատրիարք` Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Տ. շահան Արքեպիսկ. Սվաճեանի հետ քաղեց ՃԻԱ. Սաղմոսը։ Ապա կատարուեցաւ կիրակամտից կանոնական ժամերգութիւն։ Կատարուեցաւ նաեւ հոգեգալուստի հանդիսաւոր նախատօնակ Մայր Տաճարի ատեանին ճիշդ կեդրոնը` «Առաքելոյ աղաւնոյ» շարականի երգեցողութեամբ եւ Ս. Աւետարանի ընթերցմամբ։

Ապա Մեսրոպ Պատրիարք տօնական քարոզ մը խօսեցաւ ներկայ հոգեւորականներու դասուն եւ Մայր Տաճարը լեցնող հաւատացեալ ուխտաւորներուն։ հոգեգալուստի տօնը Քրիստոնէական Տիեզերական Եկեղեցւոյ ծննդեան տարեդարձը համարող Նորին Ամենապատուութիւնը պատմեց թէ Աստուծոյ Սուրբ հոգին ինչպէս հրաշալիօրէն հրեղէն լեզուներով իջած էր Առաքեալներուն վրայ։ Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց նաեւ թէ Երջանկայիշատակ շնորհք Պատրիարքի փափաքով Կ.Պոլսոյ Պատրիարքութեան թափօրի շարականը դարձած էր հոգեգալուստի «Կենդանարար Աստուած» հոգեպարար երգը։ Երանաշնորհ հովուապետը Պատրիարքարանի մատուռն ալ օծած էր Ս. հոգիի անունով, քանի որ Պատրիարքական Աթոռին հիմնադրութեան տարեդարձն ալ միշտ կը տօնուի հոգեգալուստի նախօրէին։ Պատրիարք Սրբազանը ապա անդրադարձաւ Կ.Պոլսոյ Նուիրապետական Աթոռին ծառայութեանց եւ առաքելութիւններուն` անցած 543 տարիներուն ընթացքին։ Նորին Ամենապատուութիւնը յարգանքով յիշեց Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորական ու աշխարհական բոլոր ծառայողները որոնք ահաւասիկ հինգուկէս դարէ ի վեր փորձեր էին վառ պահել արեւմտահայութեան հոգեւոր ու տոհմիկ արժէքներն ու հարստութիւնները։ Մեր հոգեւոր Պետը ապա կոչ ուղղեց բոլոր ներկաներուն բաց ըլլալու Աստուծոյ Սուրբ հոգիի ներգործութեան, քանզի Ան կրնայ իւրաքանչիւր հաւատացեալը զօրացնել ու լծել` իր ժողովուրդի հոգեւոր փրկութեան գործին։

Միաբերան երգուած Տէրունական Աղօթքէն ետք կազմուած թափօրը, Մայր Տաճարի զանգերու զուարթ ղօղանջներու ընկերակցութեամբ, Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդեց մինչեւ Պատրիարքարանի դահլիճը, ուր երգուեցան հոգեգալուստի շարականներ։

Պատրիարքական Փոխանորդ` Գերշ. Տ. շահան Արքեպիսկոպոս այստեղ յանուն հոգեւորականաց դասուն շնորհաւորեց Պատրիարքական Աթոռի տարեդարձը եւ երկար կեանք, կատարեալ առողջութիւն եւ արեւշատութիւն մաղթեց Ամեն. Ս. Պատրիարք հօր։

հուսկ, սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը որուն ներկայ եղան հոգեւորականները, Պատրիարքարանի անձնակազմը, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը լրիւ կազմով, ժողովուրդէն փափաքողներ եւ օտար հիւրեր։

Yorumlar kapatıldı.