İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ԳԵրշ. Տ. շԱհԱՆ ԱրՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ՔԱհԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴրՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱԿԻ հԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵրԸ ՍԿՍԱՆ

ԼրԱԲԵր 20 Մայիս 2004.¬

ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ հԱՒԱՔ ՊԱՏրԻԱրՔԱրԱՆԻ ՄԷՋ

Երէկ, 19 Մայիս, Չորեքշաբթի միջօրէին, Գերշ. Տ. շահան Արք. Սվաճեանի քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեայ յոբելեանի առիթով, Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ս. Աթոռոյս միաբան հայրերը եւ յատկապէս արտասահմանէն ժամանած հոգեւորականները, որոնք հիւրասիրուեցան միաբանական սեղանի շուրջ։

հրԱշԱՓԱՌԻ հԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԵրԵԿՈՅԵԱՆ ԺԱՄԵրԳՈՒԹԻՒՆ Ս.ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՄԱՅր ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Նոյն երեկոյեան, Պատրիարքարանի դրան առաջ կազմուեցաւ հոգեւորականաց թափօրը, գլխաւորութեամբ Գերշ. Տ. շահան Արքեպիսկ. Սվաճեանի, եւ առաջնորդուեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ դուռը։

Դրան սեմին հանդիսապետ Սրբազան հօր օրհնութեամբ կատարուեցաւ հրաշափառի արարողութիւն, որուն յաջորդեցին երեկոյեան ժամերգութիւն եւ համբարձման «նախատօնակ»։

Արարողութեանց նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը, իրենց մասնակցութիւնը բերին Գերշ. Տ. Դաւիթ Ս. Արք. Սահակեան՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէն, ԱՄՆ-ի Արեւելեան թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեան, Գերմանիոյ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գարեգին Ս. Արք. Պէքճեան, որոնք քաղաքս ժամանած են ի պատիւ Գերշ. Տ. շահան Սրբազան հօր, որուն քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակը պիտի նշուի համբարձման Տօնին։ հանդիսութեանց մասնակցեցան նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Եպիսկ. Աթէշեան, վեղարաւոր միաբաններ, քահանայից ու սարկաւագաց դասու անդամներ։

հանդիսութիւնը վերջ գտաւ միաբերան երգուած Տէրունական Աղօթքով։

Յաւարտ եկեղեցական արարողութեան, հոգեւորականաց դասը Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ հիւրասիրուեցաւ թէյասեղանով։

ԴՊրԵՎԱՆՔԻ ԵՒ ԱրՍԼԱՆԵԱՆ ԱՄՈԼԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵրԸ

Միւս կողմէ Ս. Խաչ Դպրեվանքի հոգաբարձութեան հին եւ նոր անդամները 18 Մայիս Երեքշաբթի երեկոյեան Ճէյլան Ինթըր¬Քոնթինէնթըլ հիւրանոցի Սաֆրան ճաշարանին մէջ ընդունելութիւն մը սարքեցին Գերշ. Տ. շահան Արք. Սվաճեանի քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեայ յոբելեանի առիթով մէկտեղուած վեղարաւոր միաբան հայրերուն եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներուն։ Ընդունելութեան ընթացքին արտայայտուեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը, Պարոյր Քէպապճը, Գերշ. Տ.Տ. Դաւիթ, Խաժակ եւ Գարեգին արքեպիսկոպոսները, շիշլիի փոխ¬քաղաքապետ` Վազգէն Պարըն, հոգաբարձութեան ատենապետ` Տքթ. Թագւոր Անան եւ Յոբելեար` Գերշ. Տ. շահան Արքեպիսկոպոսը։

Իսկ հայկ¬Անժէլ Արսլանեան բարերար ամոլը 19 Մայիս Չորեքշաբթի երեկոյեան Գուրուչէշմէի Փարք Ֆլօրա ճաշարանին մէջ նոյնպէս ընթրիք մը սարքեցին պատուասիրելու համար յոբելենական հանդիսութիւններուն համար մէկտեղուած հոգեւորականներն ու իրենց ընտանեկան բարեկամները։

Yorumlar kapatıldı.