İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ՄԱՅրԵրՈՒ ՕրՈՒԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ հԱՆԴԷՍ ՊԱՏրԻԱրՔԱրԱՆԻ ՄԷՋ

Մայրերու Օրը երէկ աննախընթաց խանդավառութեամբ տօնուեցաւ Ազգային Պատրիարքարանի երդիքին տակ։ Պոլսահայ վարժարաններու բոլոր դասարաններուն մէջ առաջին հանդիսացող յաջողագոյն աշակերտներն ու իրենց մայրերը Պատրիարքարան հրաւիրուած էին մասնակցելու համար Մայրերու Օրուան առիթով սարքուած հանդէսին։

Ժամը 14.45¬ին, շուրջ 350 հոգի, մայրեր, իրենց զաւակներն ու պարագաները արդէն իսկ հաւաքուած էին Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ։ Ժամը ճիշդ 15.00¬ին, Պատրիարքարանի երկրորդ յարկի լուսամուտէն ելոյթ մը ունեցաւ Պատրիարք հայրը, որ ջերմօրէն ողջունեց ներկայ աշակերտներն ու իրենց մայրերը, շնորհաւորեց Մայրերու Օրը, եւ հաստատեց որ ամէն յաջողած անձի ետին անպայման կը գտնուի իր մայրը։

Այնուհետեւ սկսաւ շնորհաւորութեան շքեղ հանդէս մը։ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան նախ բարձրախօսով անունը կուտար Պոլսահայ վարժարանի մը։ Պատրիարք հօր մօտ հրաւիրուող վարժարանի բոլոր դասարաններուն մէջ առաջին հանդիսացող յաջողագոյն աշակերտներն ու իրենց մայրերը Պատրիարքարանի Երիտասարդաց Յանձնախումբի անդամներուն կողմէ կ՛առաջնորդուէին Պատրիարքարանի դահլիճը։ Ապա իւրաքանչիւր մայրն ու իր զաւակը կը մօտենային Ս. Աջն առնելու մեր հոգեւոր Պետին։ Նորին Ամենապատուութիւնը իր յաջողութեան համար կը շնորհաւորէր ներկայացող աշակերտն ու ապա Օրհնութեան Գիրով ու կարմիր վարդով կը պարգեւատրէր աշակերտին մայրը Մայրերու Օրուան առիթով։ Այսպէս ընդամէնը 175 մայրեր, որոնք իրենց հոգեհատորները վստահած էին 17 Պոլսահայ վարժարաններուն, արժանացան Ամեն. Ս. Պատրիարք հօր յատուկ օրհնութեան Մայրերու Օրուան առիթով։

շնորհաւորական արարողութեան աւարտին, ժամը 16.30¬ին, Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը իջաւ Պատրիարքարանի պարտէզը, մէկտեղուեցաւ հրաւիրեալներուն հետ, որոնք պատուասիրուեցան պտուղի համեղ հիւթերով։

Yorumlar kapatıldı.