İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ԱՄԵՆ. Տ. ՄԵՍրՈՊ ՊԱՏրԻԱրՔԻ հԻՒրԵրԸ

Ուրբաթ, 7 Մայիս 2004, ժամը 11¬ին, Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Սրբազան Պատրիարքը Գումգաբուի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ մօտ Զուիցերիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տքթ. Քուրթ Օ. Վիսը։ հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ ընդհանուր քարտուղար տիար Տիգրան Զէնկինեան։

Զրոյցի ընթացքին Պատրիարք հայրն ու Տքթ. Վիս անդրադարձան Թուրքիոյ հայոց համայնքի այժմու կացութեան, Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացին եւ հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն։

Նոյն օրը ժամը 14.00ին, Նորին Ամենապատուութիւնն ընդունեց Լրագրողներու եւ Գրողներու հիմնարկի վարչութեան ատենապետ հարուն Թոքաքն ու ատենադպիր Ճեմալ Ուշշաքը։ հիւրերը Պատրիարք հօր տեղեկութիւն փոխանցեցին յառաջիկայ օրերուն Մարտինի եւ Պոլսոյ մէջ կազմակերպելի միջմշակութային նոր ձեռնարկին մասին։

Իսկ ժամը 15.00ին, Նորին Ամենապատուութիւնն ընդունեց համաշխարհային Ահլուլ Պայթ հիմնարկի ընդհանուր նախագահ, նախկին երեսփոխան Ֆէրմանի Ալթունն ու Պոլսոյ Քաղաքապետութեան Կեդրոնական Ժողովի անդամներէն Էօզկիւր Ալթունը, որոնք Պատրիարք հայրը հրաւիրեցին ողջոյնի խօսքով հանդէս գալ վերոյիշեալ հիմնարկի Է. Ընդհանուր Ժողովի բացման արարողութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ազնիւ հրաւէրին համար, բացատրելով միաժամանակ որ բժիշկներու յանձնարարութեամբ մինչեւ Յունիս ամսուան սկիզբը Պատրիարքարանէ դուրս կազմակերպուած ձեռնարկներուն չի կրնար բերել իր մասնակցութիւնը։

Yorumlar kapatıldı.