İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏրԻԱրՔ հԱՅրԸ շՆՈրհԱՒՈրԵՑ ԶԻՊԷՉ¬Ի ԿԱՄԱՒՈր ՄԱՅրԵրԸ

Ս. Երեւման Խաչի Կիրակի երեկոյեան, 9 Մայիս 2004, Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Սրբազան Պատրիարքը Պատրիարքարանի մեծ դահլիճին մէջ ընդունեց Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի Մտային եւ Մարմնական Թերութիւն Ունեցող Մանուկներու Օժանդակութեան Մարմինը` ԶԻՊԷՉ¬ի ատենապետ տիար Սինայիր Եըլտըզը եւ ԶԻՊԷՉ¬ի մօտ կամաւոր մայրութեան պաշտօն ստանձնած տիկիններն ու օրիորդները, թիւով ընդամէնը 25 հոգի, եւ Մայրերու Օրուան առիթով իւրաքանչիւրին նուիրեց օրհնութեան գիր մը եւ կարմիր վարդ մը։

Պատրիարք հայրը անգամ մը եւս գնահատեց ԶԻՊԷՉ¬ի տարած երախտաշատ աշխատանքը, որով մարդասիրական մեծ պակաս մը կը լրացուի մեր համայնքային կեանքէն ներս։ Մեր հոգեւոր Պետը յատկապէս դրուատեց կամաւոր մայրերու կողմէ մտային եւ մարմնական թերութիւն ունեցող մանուկներուն տրուած մայրական գորովագին գուրգուրանքը, զոր թերեւս անկարելի պիտի ըլլար ջամբել արհեստավարժ միջոցներով։

Yorumlar kapatıldı.