İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ԶԱհրԱՏ 80 ՏԱրԵԿԱՆ

Ստանպուլահայ սիրուած բանաստեղծ Զահրատ (Զարեհ Եալտըզճեան) 10 Մայիս Երկուշաբթի օր կը լրացնէ ծննդեան 80ամեակը։ Այս առթիւ Պատրիարքական Աթոռը որոշած է կազմակերպել տարեդարձի համայնքային մտերմիկ ընթրիք մը, որ տեղի պիտի ունենայ 10 Մայիս Երկուշաբթի գիշեր, ժամը 20.00ին, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Պէզճեան Սրահին մէջ։

Ընթրիքը բաց է համայնքիս բոլոր անդամներուն, որոնք կը փափաքին ներկայ ըլլալ ու մասնակցիլ 80ամեայ բանաստեղծին վաստակին յարգանք ցուցաբերելու։

Փափաքողներ հրաւիրագիր ստանալու համար կրնան դիմել Բագրատ Էսդուգեանին (0212 241 79 91)։

Yorumlar kapatıldı.