İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: Ս. ԶԱՏԻԿԻ ԱՌԹԻՒ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ հՈԳԵՒՈր ՊԵՏԵրԸ հԱՅՈՑ ՊԱՏրԻԱրՔԱրԱՆԻՆ ՄԷՋ ԺԱՄԱԴրՈՒԵՑԱՆ

Նկատի ունենալով, որ այս տարի Քրիստոնեայ բոլոր յարանուանութիւնները Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան Տօնը միեւնոյն թուականին նշեցին, բարձրաստիճան հոգեւորականները ակամայ չէին կրցած յարգել աւանդաբար իրարու տրուած տօնական այցելութիւններու սովորութիւնը։

Երէկ, 20 Ապրիլ Երեքշաբթի երեկոյեան, Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը Պատրիարքարանի փոքր դահլիճին մէջ ընդունեց քոյր յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերը, գլխաւորութեամբ Օրթոտոքսներու Ծայրագոյն Պատրիարք Ն.Ս. Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա Սրբազանի։

Ներկայ էին Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց Վիճակաւորը` Արհիապատիւ եւ Գերապայծառ Տ. Յովհաննէս Արքեպիսկ. Չոլաքեան, Ասորի Ուղղափառ Թեմի Առաջնորդը` Մոր Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չէթին Մետրոպոլիտը, Քաղդէացի Կաթոլիկ Թեմի Առաջնորդը` Մոնս. Փօլ Արքեպիսկ. Քարաթաշ, Լատին Կաթոլիկ Թեմի Առաջնորդը` Մոնս. Լուի Եպիսկ. Փըլաթր, Պատրիարքական Աթոռոյս Լուսարարապետը` Գերշ. Տ. Արամ Եպիսկ. Աթէշեան, Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Թեմի Առաջնորդը` Գերշ. Տ. Տիմիթրիոս Արքեպիսկոպոս Թրաքաթէլլիս, Յոյն Եկեղեցւոյ Իշխանաց Կղզիներու Վիճակաւոր` Գերշ. Տ. Եաքովոս Մետրոպոլիտը, Նիկիոյ տիտղոսաւոր Վիճակաւոր` Գերշ. Տ. Եոհաննէս Ռիննէ Մետրոպոլիտը, Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Պոլսոյ հոգեւոր հովիւը` Մոնս. Եուսուֆ Քորեպիսկոպոս Սաղ, Գերման Աւետարանական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը` Վերապատուելի հոլկէր Նոլլման, վեղարաւոր միաբաններ, քահանայ հայրեր եւ սարկաւագներ։

«Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց» շարականը հայերէն, Յունարէն, Ասորերէն եւ Լատիներէն լեզուներով երգելէ, Ս. Զատիկի առիթով բարեմաղթութիւններ փոխանակելէ յետոյ, բարձրաստիճան հոգեւորականները հաւաքուեցան Պատրիարքարանի Տիկնանց Կազմին կողմէ սարքուած թէյասեղանին շուրջ, ուր շատ մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ։

Յունաց Պատրիարքը միւս բոլոր հիւրերուն անունով խօսք առաւ ու Մեսրոպ Պատրիարքին շնորհակալութիւն յայտնեց ընձեռուած առիթին համար, աւելցընելով որ այսպիսով Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան Տօնին առիթով միջեկեղեցական ջերմ մթնոլորտի մէջ կարելի դարձած էր ի մի բերել Թուրքիոյ բոլոր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջին սպասաւորներն ու իրենց օժանդակները։ Բարթոլոմէոս Պատրիարքը անգամ մը եւս բոլորին անունով «անցեալ ըլլայ» ըսաւ Մեսրոպ Պատրիարքին եւ արագ ապաքինում մաղթեց իրեն։

Ընդունելութիւնը տեւեց մօտաւորապէս մէկուկէս ժամ։

Yorumlar kapatıldı.