«Ճանաչել զՆա եւ զզօրութիւն Յարութեան Նորա…» ¥Փիլիպ. 3.10¤
«Այսօր Տէրն մեր յարեաւ.
եկայք պարեսցուք ընդ հրեշտակս
յաղթական երգով.
օրհնեցէք եւ բարձր արարէք
զՆա յաւիտեան» ¥շար. հրց. ԴԿ¤։
Սիրելի Ժողովուրդ Մեր,
Ահաւասիկ մեր եկեղեցիներու զանգերը զատկական ցնծութեամբ նորէն կ՛աւետեն Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը։ Եօթը շաբաթներէ ի վեր աղօթքով, ապաշխարութեամբ, ծոմապահութեամբ, բազմաթիւ եկեղեցիներու տրուած ուխտի այցելութիւններով, ողորմութիւններով, նուիրատուութեամբ ¢ նման հոգեւոր վարժութիւններով պատրաստուեցանք Սուրբ Զատիկին, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան փառաշուք տօնին։ Տօնախմբութիւնը պիտի տեւէ քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր, մինչեւ համբարձման Տօնը, եւ մինչ այդ զիրար պիտի ողջունենք, ըսելով.
ՔրԻՍՏՈՍ ՅԱրԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ.
ՕրհՆԵԱԼ Է ՅԱրՈՒԹԻՒՆՆ ՔրԻՍՏՈՍԻ։
Ինչո՞ւ այսքան առանցքային է Ս. Յարութեան Խորհուրդը Քրիստոնէութեան համար։
Արդարեւ, Ս. Պօղոս Առաքեալ Փիլիպպէի Եկեղեցիին ուղղած իր Թուղթին մէջ կ՛ըսէ, որ իր մեծագոյն փափաքն է «ճանչնալ Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոսը եւ Անոր Յարութեան զօրութիւնը» ¥Փիլիպ. 3.1¬11¤։
Առաքեալը յստակ կը դարձնէ, որ կեանքի մէջ միայն մէկ բան կ՛ուզէ. ճանչնալ յարուցեալ Փրկիչը եւ թափանցել այն զօրութեան որ Յարութեան արդիւնքն է։
Քրիստոսէ վեց հարիւր տարի առաջ Երեմիա հետեւեալ կերպով կը մարգարէանար. «Այսպէս կ՛ըսէ Տէրը. Իմաստունը իր իմաստութեամբ թող չպարծենայ, հզօրը իր զօրութեամբ թող չպարծենայ, եւ հարուստը իր հարստութեամբ թող չպարծենայ։ Բայց ան որ կը պարծենայ` թող անով պարծենայ, որ կը հասկնայ ու Զիս ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ եւ գիտէ թէ Ե՛ս եմ Տէրը, որ երկրի վրայ ողորմութիւն, իրաւունք ու արդարութիւն կ՛ընեմ. Քանզի Ես ասոնց կը հաճիմ» ¥Երեմ. 9.23¬24¤։
Այսպէ՛ս սորվեցուց նաեւ Տէր Յիսուս։ Զատիկի տօնին նախօրեակին, Իր աշակերտներուն ոտքերը լուալէ, անոնց Սիրոյ Պատուիրանը փոխանցելէ եւ Մխիթարիչ Սուրբ հոգին ղրկելու խոստումը տալէ ետք, Յիսուս աչքերը երկինք բարձրացուց ու Իր Եկեղեցիին եւ բոլոր հետեւորդներուն համար աղօթեց։ Քահանայական երկար աղօթքին մէջ Տէրը ըսաւ. «Յաւիտենական կեանքը այս է. ՃԱՆՉՆԱԼ Քեզ որպէս ճշմարիտ միակ Աստուած եւ ՃԱՆՉՆԱԼ Յիսուս Քրիստոսը` զոր Դուն ղրկեցիր» ¥Յովհ. 17.3¤։
Ուրեմն առանց զԱստուած ու Իր ղրկած Միածին Որդին ճանչնալու, առանց այդ ճանաչողութեան մէջ կատարելագործուելու Եկեղեցւոյ անդամին համար յաւիտենական կեանք չկայ։
Ահաւասիկ Ս. Պետրոս Առաքեալի ուսուցումը այս մասին. «Քրիստոս Իր աստուածային զօրութեամբ մեզի պարգեւեց ամէն ինչ որ անհրաժեշտ է աստուածապաշտ կեանքի մը համար, մեզի ՃԱՆՉՑՆԵԼՈՎ Ան` որ մեզ Իր փառքին ու զօրութեան կանչեց» ¥Բ. Պետրոս 1.3¤։
Իսկ Ս. Յովհաննէս Առաքեալ կ՛եզրափակէ հետեւեալ կերպով. «Եւ գիտենք` թէ Աստուծոյ Որդին եկաւ ու բացաւ մեր միտքերը, որպէսզի ՃԱՆՉՆԱՆՔ ճշմարիտ Աստուածը։ Մենք միացած ենք ճշմարիտ Աստուծոյ եւ Անոր Որդիին` Յիսուս Քրիստոսի։ Ա՛ն է ճշմարիտ Աստուածը եւ յաւիտենական կեանքը։ ¥Ա. Յովհ. 5.20¤։
Ուստի եւ Աւետարանի ամենախտացած պատգամը. Աստուծոյ Խօսքը մարմնացաւ, մարդացաւ, որպէսզի մենք զԻնք, եւ Իր միջոցաւ` զԱստուած ՃԱՆՉՆԱՆՔ։
Աւետարանի քարոզութեան ունկնդրել, Սուրբ Գիրքը կանոնաւորապէս ընթերցել, հաւատքի հերոսներու կեանքին ընդմէջէն Աստուծոյ ներգործութիւնը ուսումնասիրել բնական է որ Աստուծոյ մասին շատ բան կը սորվեցնէ մեզի։
Այնուհանդերձ կարեւորը Երկնաւոր հօր հետ մեր հոգեւոր կապն է, որուն համար անհրաժեշտը ամէն բանէ առաջ հաւատքն է։ հաւատալ, որ Տէր Յիսուսը «Աստուած յԱստուծոյ, Լոյս ի Լուսոյ, Աստուած ճշմարիտ յԱստուծոյ ճշմարտէ, ծնունդ եւ ոչ արարած» է, «որ մեզ` մարդոց եւ մեր փրկութեան համար … չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ, թաղուեցաւ, երրորդ օրը յարութիւն առաւ…» ¥հանգ. հաւատոյ¤։ հաւատալ Քրիստոսին, որ «բոլորին համար մեռաւ, որպէսզի հաւատքով կենդանացողները այլեւս չապրի՛ն իրենք իրենց համար, այլ Անոր համար` որ իրենց փոխարէն մեռաւ եւ յարութիւն առաւ»։ Քանի որ «Ոեւէ մէկը որ Քրիստոսի միացած է` նոր արարած է. այլեւս չէ՛ այն ինչ որ էր նախապէս, որովհետեւ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ» ¥Բ. Կորնթ. 5.11¬21¤։
Աստուծոյ հետ հաղորդուելու համար հարկաւոր է նաեւ աղօթքը։ Ներանձնական եւ հաւաքական, աղօթքով է որ մեր ուրախութիւնները, տխրութիւնները, նեղութիւնները կամ անձկութիւնները կրնանք կիսել Տիեզերքի Արարչին հետ, որ միաժամանակ մեր հոգածու Երկնաւոր հայրն է։ Աղօթքը, ինչպէս կը յիշեցնէ Ս. Գրիգոր Նարեկացին, ի խորոց սրտի խօ՛սք է Աստուծոյ հետ, նա¢ անհրաժեշտ` խորացնելու համար մեր հոգեւոր կեանքը։
Աղօթանուէր հաւատքի կեանքը մեզ կը քաջալերէ որպէսզի պահենք Աստուծոյ պատուիրաններն ու հետեւինք Իր կամքին։ Երբեմն մինչեւ իսկ երբ մեր մարդկային չափանիշներով անպատշաճ, անժամանակ, անտեղի կամ անտրամաբանական թուի մեզմէ ակնկալուածը, կրնանք յանձնուիլ Աստուծոյ կամքին, վստահելով Իր իմաստութեան։ Այդպէս ըրաւ Աբրահամ Նահապետը երբ Մորիա լերան վրայ պիտի ողջակիզէր իր Իսահակ որդին, եւ հաճելի անակնկալով ճանչցաւ Աստուծոյ ողորմութիւնը ¥տե՛ս Ծննդոց ԻԲ.¤։ Եթէ մենք ալ հաւատքով իւրացնենք Քրիստոսի պատուիրաններն ու հետեւինք Իրեն, կը տեսնենք որ Յարուցեալ Տէրը Իր պարգեւած բարիքներով պիտի քաջալերէ մեզ։
Ս. Պօղոս Առաքեալ կը գրէ այն գերազանց ու մեծ ոյժին, կարողութեան եւ զօրութեան մասին որ արդէն իսկ կը ներգործէ Քրիստոնեաներուն մէջ։ «Այդ ներգործող զօրութիւնը Աստուած ցոյց տուաւ Քրիստոսի անձին վրայ, զայն մեռելներէն յարուցանելով եւ երկինքի մէջ նստեցնելով Իր աջ կողմը» ¥Եփես. 1.16¬23¤։
Ս. Զատիկի Յարութեան զօրութիւնը հաւատքով է, որ կրնանք ստանալ։ Առաքեալը կը գրէ, որ Աստուած մեզ արդար պիտի համարէ մեր հաւատքին պատճառաւ, «որովհետեւ կը հաւատանք Իրեն որ մեռելներէն յարուցանեց Յիսուսը, մեր Տէրը, որ Իր կեանքը տուաւ մեր յանցանքները ջնջելու համար, եւ յարութիւն առաւ` մեզ արդարացնելու համար» ¥հռոմ. 4.24¬25¤։ Այլ խօսքով, Խաչին վրայ մատուցուած Յաւիտենական Պատարագին եւ Իր Յարութեան զօրութեամբ է որ կը փրկուինք։ Փրկարար ու սրբարար զօրութիւն մը, որ աւելի զօրաւոր է քան դրամը, համբաւը, իշխանութիւնը, բիրտ ոյժը կամ ամենազգայացունց յոյզերը, որոնք կը կլանեն ու կը սպառեն մեր կեանքի օրերը։ Զօրութիւն, որ կը քաջալերէ մեզ հաւատքով ու յոյսով դիմագրաւելու կեանքի բոլոր դժուարութիւնները, նեղութիւնները, ցանկութիւնները, հալածանքները կամ չարչարանքները։
Պիտի բաւէր ակնարկ մը նետել մեր ժողովուրդի ցայժմ անցած ուղիին վրայ` իսկոյն տեսնելու համար ահաւասիկ ա՛յս հաւատքը, ա՛յս գերբնական զօրութիւնն ու երկնային շնորհքները որոնց շնորհիւ կը շարունակենք ընթանալ հազարամեակներու վրայ տարածուող ուխտի մեր ճանապարհով դէպի լուսաւոր յաւէրժութիւն։
Նո՛յն հաւատքով ու զօրութեամբ հոգեպէս սպառազինուած, այսօր եւս ուրախութեամբ կ՛աւետենք բոլորին.
ՔրԻՍՏՈՍ ՅԱրԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ.
ՕրհՆԵԱԼ Է ՅԱրՈՒԹԻՒՆՆ ՔրԻՍՏՈՍԻ։
Սուրբ Զատկի կենսանորոգ տօնին առիթով օրհնութեամբ կը շնորհաւորենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր, եւ քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ՛ողջունենք մեր Սրբազան Եպիսկոպոսները, Միաբան հայրերը, Քահանայից Դասը, Գալֆայեան Ուխտի Մայրը, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը եւ Բժշկաց Դասը, համայնքային հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու Տնօրէնները, հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական եւ մշակութային մարմինները, հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ Անձնակազմը, եւ համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը մաղթելով բոլորին երջանիկ Սուրբ Յարութեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։
Այս առթիւ մեր եղբայրական ողջոյնները եւ Սուրբ Զատկուան ու Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար հայ Կաթողիկէ եւ հայ Աւետարանական համայնքներուն։
հայրական սիրոյ ջերմագին ողջոյններ կ՛առաքենք Սփիւռքի տարածքին գտնուող Պոլսահայ, Սուրբ Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսայեան եւ Մխիթարեան վարժարաններու Միութիւններուն եւ արտասահմանի բարեպաշտ եւ եկեղեցանուէր մեր ժողովուրդին, որոնք սփիւռքեան պայմաններուն ներքեւ կը փորձեն պահել մեր աւանդութիւնները, միանգամայն հոգեւոր եւ տոհմիկ կապ պահելով իրենց ծննդավայրին հետ։
Ս. Յարութեան Տօնին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ Երուսաղէմի պատմական Սուրբ Աթոռներուն։ Զատկական ուրախութեամբ եղբայրաբար կ՛ողջունենք Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ Ամենայն հայոց Կաթողիկոսը, Նորին Սրբութիւն Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Նորին Ամենապատուութիւն Թորգոմ Բ Երուսաղէմի հայոց Պատրիարքը եւ իրենց միաբանակից վանական հայրերը եւ հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները տօնական յուսալից աւետիսով.
ՔրԻՍՏՈՍ ՅԱրԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ,
ՃշՄԱրՏԱՊԷ՛Ս ՅԱրԵԱՒ. ԱԼԷԼՈՒԻԱ։
հայրական սիրոյ ողջունիւ եւ
աղօթիւք ի Քրիստոս,
+ՄԵՍրՈՊ ՊԱՏրԻԱրՔ
Ս. Զատկի Ճրագալոյց
10 Ապրիլ 2004
Պատրիարքարան հայոց
Գումգաբը
Yorumlar kapatıldı.