İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: Ս. ԽԱՉ ԼԻՍԷԻ ՆՈր ՄԱՏԱԿԱրԱր ՄԱրՄՆԻ հԱՒԱՔԸ ՊԱՏրԻԱրՔԱրԱՆԻ ՄԷՋ

Ս. Խաչ Լիսէի ¥Դպրեվանք¤ հին եւ նոր մատակարար մարմնի անդամներն ու բարերարները հրաւէրով երէկ երեկոյեան մէկտեղուեցան Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հօր։

Նախ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք խօսք տուաւ Ս. Խաչ Լիսէի նախորդ մատակարար մարմնի ատենապետ Մկրտիչ Թիմուրճուօղլուին, որ իր գոհունակութիւնը յայտնեց այնքան սիրելի կրթական օճախին մատակարարութեան ղեկը որպէս դրօշ յաջորդներուն փոխանցելուն առթիւ։ Ինք ըսաւ թէ դեր կան շատ բաներ, որ պէտք է ըլլան եւ իրենք պաշտօնը յանձնելով չեն հեռանար, այլ երբ պաշտօնի հրաւիրուին, սիրով պիտի ընդառաջեն այդ հրաւէրին ու վերստին պիտի բերեն իրենց աջակցութիւնը սոյն նուիրական յարկին վերելքին համար։

Ապա խօսք առաւ նոր մատակարար մարմնի ատենապետ Տքթ. Թագւոր Անան, որ մի առ մի ներկայացուց նոր վարչութեան անդամները։ Տքթ. Անան ըսաւ թէ ինք «հոգաբարձու» կամ «ատենապետ» չէ, այլ` ծառայելու եկած Դպրեվանքի սան մը։ Յուշեր պատմեց Ս. Խաչ Դպրեվանքի ուսանողութեան իր օրերէն եւ յատկապէս նկարագրեց թէ ինչպէս ծանօթացած է սոյն հաստատութեան մեծ հիմնադրին՝ Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանին հետ։ Այդ մեծ հոգեւորականին օրինակով սորված են ծառայել սոյն հաստատութեան եւ անոր հիմնադրին։ Ու ահաւասիկ հիմա եկած են ծառայելու։

հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը եւ ըսաւ թէ շնորհաւորելի է նախորդ մատակարար մարմինը, որ աւելի քան չորս տարիներ տարաւ իրեն վստահուած պաշտօնը ու հիմա հերթը կը յանձնէ յաջորդին։ Իսկ նոր մատակարար մարմնին ալ յաջողութիւն, յարատեւութիւն ու կարողութիւն մաղթեց ստանձնուած նոր պաշտօնին համար։

հաւաքի աւարտին ներկաներ բոլորուեցան Ս. Խաչ Դպրեվանքի տիկիններուն կողմէ պատրաստուած պահքի սեղաններուն շուրջ։

Yorumlar kapatıldı.