İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ՊԱՏրԻԱրՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ հԻՄՆԱԴրՈՒԹԵԱՆ 543¬ԱՄԵԱԿԻ ՊԱՏրԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵրԸ ՍԿՍԱՆ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը Պատրիարքարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց խումբ մը երիտասարդ գործարարներ, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին բարոյապէս եւ նիւթապէս սատար կանգնելու Պատրիարքական Աթոռին։

համայնքային շրջանակներու ծանօթ` Տեարք Էրօլ Նշան Թիւրքմէն, հրանդ Մոսկոֆեան, Կարպիս Ունան, Վարդավառ Սանթալու, Բիւզանդ Սէֆէր եւ Սուրմակ Սուսմաք նախ 1 Փետրուարին Անթալիոյ մօտակայքը պատահած արկածին հետեւանքով Ամեն. Ս. Պատրիարք հօր եւ ուղեկիցներուն կրած ֆիզիքական վնասներուն համար «անցած ըլլայ» ըսին եւ արագ ապաքինում մաղթեցին։

Պատրիարքարանի համալիրին վերաբացման, վերանորոգութեան ծախսերուն եւ տարեկան պիւտճէին դիմագրաւման հետ կապուած կարիքներուն մասին տեղեկութիւն ստացող այցելուները պատրաստակամութիւն յայտնեցին կազմակերպելի շարք մը ձեռնարկներով աջակցելու Աթոռին։ Անոնք առաջարկ բերին Պատրիարքական Աթոռի հիմնադրութեան 543րդ տարեդարձին առիթով հոգեգալուստի շաբթուան ընթացքին կազմակերպել համայնքային ընթրիք մը։ Պատրիարք հայրը սիրով ընդունեց առաջարկը եւ երիտասարդ գործարարներուն յանձնարարեց այս առիթով Կարգադիր Յանձնախումբ մը կազմել։

Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, որ Մարտ ամսուան ընթացքին Տկն. Լուսին Խաչիկեանի եւ Պրն. Աւետիս Քէպապճեանի կողմէ պահուող Պատրիարքարանի հաշիւները կը հակակշռուին Պատրիարքարանի գլխաւոր հաշուեքննիչ Պրն. Արշակ Փոլաթի, եւ Պրն. Եդուարդ Գովանի գլխաւորութեամբ գործող Տնտեսական Խորհուրդին կողմէ։ 1999¬2001 տարիներու ելեւմտից հաշուկշիռը համայնքային վագըֆներու ներկայացուցիչներուն եւ բարերարներուն արդէն իսկ յայտնուած էր։ 1999¬2003 տարիներու հնգամեայ տեղեկագիրն ալ պիտի հրատարակուի Ս.Զատկին անմիջապէս հետեւող օրերուն։ Տեղեկագիրը պիտի ընդգրկէ նաեւ Պատրիարքարանի համալիրին վերանորոգութեան տեղեկագիրը որ պատրաստուած է Պրն. Արման շիրինի գլխաւորութեամբ գործող Պատրիարքարանի վերանորոգութեան Յանձնախումբին կողմէ։

Մեր հոգեւոր Պետը խորապէս գնահատեց գործարարներու պատրաստակամութիւնը իրենց եկեղեցիին եւ համայնքին օգտակար ըլլալու եւ բարեմաղթութիւններ ըրաւ իրենց ընտանեկան եւ գործի կեանքերուն վերաբերեալ։

Yorumlar kapatıldı.