İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏրԻԱրՔ հԱՅրԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱԼԱԹԻԱՑԻ հԱՅրԵՆԱԿԻՑՆԵրՈՒ ՆԵրԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵրԸ

Ն. Ա. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը 12 Մարտ Ուրբաթ, ժամը 17.00ին Պատրիարքարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց բնիկ Մալաթիացի մեր հայրենակիցներու ներկայացուցիչները յանձինս Յարութ Քուրումլուի, Կարապետ Չէքէմի, Սարգիս Տէլկիի, Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի եւ Գէորգ Էօզգարակէօզի։

Մալաթիացի հայրենակիցերը մեր հոգեւոր Պետին ուշադրութեան յանձնեցին որ ներկայիս Մալաթիոյ մէջ մօտաւորապէս հարիւր հայերէ բաղկացող փոքրիկ համայնք մը կայ, որուն մայր եկեղեցին Ա. համաշխարհային Պատերազմէն ի վեր կանգուն է, սակայն պաշտամունքի բաց չէ։ Այցելուները աւելցուցին որ Մալաթիոյ հայոց գերեզմանատան յատկապէս պատերը պէտք է նորոգուին առանց յապաղումի։ Այցելուները սոյն աշխատութեան լծուելէ առաջ եկած էին Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնն ու թելադրութիւնները խնդրելու։ Անոնք Պատրիարք հօր յայտնեցին նաեւ որ այսօր Պոլսոյ մէջ կը բնակին շուրջ 1200 բնիկ Մալաթիացի հայ ընտանիքներ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը գնահատեց Մալաթիացիներու ջանասիրութիւնը բարելաւելու համայնքապատկան կալուածներու ու սրբավայրերու վիճակը։ Նորին Ամենապատուութիւնը բարձր գնահատեց նաեւ Մալաթիացի հայրենակիցներու գործօն մասնակցութիւնը Պոլսահայ համայնքային կեանքին։ Մեր հոգեւոր Պետը յորդորեց որ լեզուի դժուարութիւնը յաղթահարելու համար Պոլսոյ մէջ բնակող բոլոր Մալաթիացիներ իրենց զաւակները պէտք է ուղարկեն մեր համայնքային վարժարաններուն եւ եկեղեցիներու դպրաց դասերուն։ Արդէն իսկ շատեր այդպէս կ՛ընեն, սակայն քիչ չէ վարժարաններէն ու եկեղեցիէն հեռու կեցողներու թիւը։ Այլ գաւառներէն եկող միւս հայրենակիցներուն պարզած երեւոյթն ալ իրականութեան մէջ տարբեր չէ։ Դժբախտաբար համայնքի մանուկներուն հազիւ մէկ երրորդն է որ այսօր համայնքային վարժարան կը յաճախէ։ Մեր աւանդութիւնները ապրեցնելու տեսակէտէ կարեւոր է նաեւ որ Մալաթիացիներ տարուան ընթացքին գոնէ մէկ կիրակին յատկացնեն Մալաթիացի հանգուցեալներու հաւաքական հոգեհանգիստին, այդ առիթով սիրոյ սեղան սարքեն, նոր սերունդներուն փոխանցեն Մալաթիոյ յատուկ աւանդոյթները։

Yorumlar kapatıldı.