Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը 9 Մարտ Երեքշաբթի, ժամը 16.00ին ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ Լիսէի (Դպրեվանք) նոր Մատակարար մարմնի անդամներուն ացյելութիւնը Պատրիարքարանի իր գրասենեակին մէջ։
Մեր հոգեւոր Պետին ներկայացան նոր Մատակարար Մարմնի անդամները, որոնք էին. Տքթ. Թագւոր Անան, Պարոյր Քէպապճը, Պետրոս Իւշէնմէզ, Յակոբ Գրիգորեան, Յովսէփ Վայվալաքեան, Վահիթ Ույանըք եւ Ժիլտա Էօզույկուն։
Նոր Մատակարար Մարմնի անդամներուն կ՛ընկերանար նախկին Մատակարար Մարմնի Ատենապետ Մկրտիչ Թիմուրճուօղլու։
Նորին Ամենապատուութիւնը յաջողութիւն մաղթեց նոր մատակարարներուն եւ իր հովանաւորութիւնը տուաւ 18 Ապրիլ 2004 թուականին, Նոր Կիրակիի Կրկնազատկի տօնին Դպրեվանքին ի նպաստ սարքելի Սիրոյ Սեղանին։
Yorumlar kapatıldı.