İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ՄԵՍրՈՊ ՊԱՏրԻԱրՔ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖրԱՆՍԱՑԻ ԾԵրԱԿՈՒՏԱԿԱՆՆԵրԸ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը Ազգային Պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի Ծերակոյտի Եւրոպայի Գրասենեակի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Ծերակոյտի Եւրոպական Գործոց Յանձնաժողովի ատենապետ` ծերակուտական հուպէրթ հէյնէլի։

Ծերակուտական հէյնէլ նախ Նորին Ամենապատուութեան շնորհակալութիւն յայտնեց, որ հաճած էր ընդունիլ պատուիրակութիւնը հակառակ անոր որ իր ապաքինման շրջանը դեռ աւարտած չէր։ Պրն. հէյնէլ ապա յայտնեց, որ իբրեւ Ծերակոյտի պատուիրակութիւն Թուրքիա կը գտնուէին քննելու համար Թուրքիոյ Ազգային Ժողովին կողմէ ընդունուած Եւրոպայի հետ համաձայնեցման օրէնքներուն կիրարկման փաստը։ Ծերակուտականը ապա Նորին Ամենապատուութեան հարց տուաւ թէ վերջին երկու տարուան ընթացքին հայ փոքրամասնութեան հիմնախնդիրներէն որոնք լուծուած կարելի է համարել։

Պատրիարք հայրը հիւրերուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, բացատրեց, որ վերջին տարիներուն պետութեան եւ համայնքին միջեւ յարաբերութիւնները շատ աւելի հեզասահ կ՛ընթանան։ Նորին Ամենապատուութիւնը աւելցուց, որ հայ համայնքին պատկանող կալուածներուն, դպրոցներուն, եկեղեցիներուն խնդիրները լուծելու, լեզուի ու կրօնքի ուսուցիչ, եւ հոգեւորական պատրաստելու, Պատրիարքական Աթոռը իբր օրինական անձնաւորութիւն ընդունելու ուղղութեամբ պարբերաբար դիմումներ ու բանակցութիւններ կատարուած են պետութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն մօտ։
Պետական շրջանակներ հաւաստիացուցած են որ բոլոր այս խնդիրներուն նկատմամբ կառավարութիւնը բարեացակամ է եւ կողմնակից` որ բոլոր հարցերը կարելիութեան սահմաններուն մէջ փութանակի լուծում գտնեն։

Պատրիարքարանը թէ Վարչապետին եւ թէ Խորհրդարանին գրաւոր դիմում ներկայացուցած է գանգատելով, որ փոքրամասնութեանց հաստատութիւններուն առջեւ արուեստական դժուարութիւններ կը ստեղծուին ոչ¬սահմանադրական Փոքրամասնութեանց Առժամեայ Յանձնաժողովին կողմէ, որ 1960ական թուականներէն ի վեր կը գործէր։ Պատրիարք հօր դիմումէն շուրջ երկու շաբաթ ետք Վարչապետի հրամանաւ լուծուած է այդ Յանձնաժողովը, որուն տեղը նշանակուած է նոր մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ սատարել փոքրամանութիւններուն։

«Բոլոր ասոնք» ըսաւ մեր հոգեւոր Պետը «դրական քայլեր են եւ առ այժմ իրաւունք կամ պատճառ չունինք յոռետես ըլլալու»։ Նորին Ամենապատուութիւնը եզրակացուց ըստ հետեւեալի. «Թուրքիոյ մէջ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը կողմ է Եւրոմիութեան անդամակցելու։ Այսօրուան կառավարութիւնն ալ կարելի բոլոր միջոցներով կը պայքարի որպէսզի ներքին եւ արտաքին բոլոր խոչընդոտները վերնան։ 2004ին Թուրքիոյ թուական մը չտալ խափանարարութեան համազօր երեւոյթ կը պարզէ եւ կը վախնամ որ ժողովրդավարական բարեկարգութեանց գործընթացը կը կասեցնէ։ Այս է իմ եւ իմ ժողովուրդիս համոզումը։ Ուստի, ինչպէս որ Փարիզի մէջ ըսեր էի, այսօր ալ այս անգամ այստեղ կը կրկնեմ։ հաճեցէք Թուրքիոյ նկատմամբ բարեացակամութիւն ցոյց տալ, որմէ մեծապէս պիտի օգտուին նաեւ երկրին ոչ¬մահմետական տարրերը»։

հանդիպման ներկայ եղան Ֆրանսայի Ծերակոյտին Եւրոպայի Գործոց Յանձնաժողովի փոխ¬ատենապետ` ծերակուտական Ռոպէր տէլ Փիքիա, Ծերակոյտի Եւրոպայի Գրասենեակի վարչութեան պետ` Ժան Լափորթ, նոյն գրասենեակի վարիչներէն` Ֆիլիփ Պրօլթ, Ֆրանսայի Պոլսոյ Աւագ հիւպատոսը` Ժան¬Քրիստոֆ Փոսէլ, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։

Yorumlar kapatıldı.