İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ՊԱՏրԻԱրՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՆԳԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵրՊԱԾ ՍԳԱհԱՆԴԷՍԻՆ

Անցեալ տարուայ 20 Նոյեմբերին Պոլսոյ Անգլիական հիւպատոսարանի վրայ կատարուած ահաբեկչական յարձակումի հետեւանքով իրենց կեանքը կորսնցնողներուն ի յիշատակ, երէկ հիւպատոսարանի պարտէզին մէջ սգահանդէս մը կազմակերպուեցաւ, նախաձեռնութեամբ՝ Անգարայի մօտ Անգլիոյ Աւագ Դեսպան Սըր Փիթըր Ուէսթմէքըթի։

Սգահանդէսը սկսաւ Թուրքիոյ եւ Անգլիոյ ազգային քայլերգներու ունկնդրութեամբ։ Աւագ Դեսպան Սըր Փիթըր Ուէսթմէքըթ ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իրենց թանկագին մասնակցութեան համար։

Ամեն. Ս. Պատրիարք հօր տնօրինութեամբ սգահանդէսին մասնակցեցան Արժ. Տ. Տ. Գրիգոր եւ Տրդատ Քահանայ հայրերը։ Անգլիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Ճէք Սթրօու, Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար եւ Վարչապետի Օգնական Ապտուլլահ Կիւլ, Պոլսոյ Կուսակալ Մուամմէր Կիւլէր, Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա Ծայրագոյն Պատրիարքը ընկերակցութեամբ Եփեսոսի Գերշ. Տ. Խրիսոսթոմոս Մետրոպոլիտին, Անկլիքան Եկեղեցւոյ Ճիպրալթարի Արքեպիսկոպոսը Գերշ. Տ. Ճէֆրի Ռաուլ ընկերակցութեամբ Պոլսոյ Անկլիքան համայնքի հոգեւոր հովիւ հ. Իըն շըրվուտի, Ստանպուլի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Լուի Փըլաթր, Քաղդէացի Կաթոլիկ համայնքի հոգեւոր պետ Մոնս. Փօլ Քարաթաշ, Ասորի Ուղղափառ համայնքէն Արժ. Տ. Մէլքի Քահանան, հրէից Խախամապետ րաւ Իցխաք հալէվա, Ստանպուլի Միւֆթիի Փոխանորդը, դիւանագէտներ, ակադեմականներ, հանգուցեալներու ընտանեկան պարագաներ եւս մասնակցեցան հանդէսին։

Նկատելով որ զոհուածներու մէջ կը գտնուէին երեք միաստռւածեան կրօնքներու պատկանող հաւատացեալներ, սգահանդէսի ընթացքին կատարուեցան հրէական, Իսլամական եւ Քրիստոնէական աղօթքներ ու ընթերցումներ։ հրէական ընթերցումները կատարեց Խախամապետը, Քուրանէն հատուածներ կարդաց Միւֆթիի Փոխանորդը, իսկ Ս. Աւետարանը կարդաց Ճիպրալթարի Արքեպիսկոպոսը։

Ներկաներ յատկապէս բանաձեւուած աղօթքներով միասնաբար մասնակցեցան արարողութեան։ Մաղթանքները առաջնորդեց հ. Իըն շըրւուտ։
Մարմարեայ յուշաքարի մը վրայ քանդակուած էին 20 Նոյեմբերի զոհերուն անունները։ Սգահանդէսի աւարտին ներկաներ կարգաւ սպիտակ մեխակներ դրին յուշաքարին վրայ։

Yorumlar kapatıldı.