İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏրԻԱրՔ հՕր ԱՌՈՂՋԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԸ ԿԸ ԲԱրՒՈՔԻ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը որ, 1 Փետրուարի ճանապարհի արկածէն յետոյ, 2 Փետրուարին Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին մէջ վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուած էր, անցեալ տասը օրերուն առողջական տեսակէտէն կարեւոր զարգացում արձանագրեց։

Նորին Ամենապատուութիւնը 6 Փետր. Ուրբաթ օրուընէ սկսեալ ամէն օր կանոնաւոր կերպով անդացուպով քալելու փորձեր կ՛ընէ, բնականաբար իր ձախ ոտքին վրայ, որ մասամբ միայն ճզմուած էր։ 15 Մարտէն սկսեալ Պատրիարք հայրը պիտի սկսի նաեւ տակաւ կոխել վնասուած աջ ոտքին վրայ, եւ հաւանական է որ առանց անդացուպի քալելու պիտի սկսի երեք ամիսէն։ Պատրիարք հօր աջ ոտքին կատարեալ բուժումը պիտի պահանջէ առ նուազն վեց ամիս։

Նորին Ամենապատուութեան քիթին քաճը եւ կարերը Տքթ. Միրիճան Միրօղլուի
կողմէ առնուեցան 10 Փետր. Երեքշաբթի առաւօտ, առանց որեւէ հետք թողելու վիրաբուժական գործողութենէն։

Նորին Ամենապատուութեան առողջական վիճակին վրայ մօտէն կը հսկեն Տքթ. Կարպիս Եագուպեան, Տոց. Տքթ. Ուֆուք Թալու եւ Տքթ. Էօմէր Չաղլար, ինչպէս նաեւ Բժշկապետութիւնն ու Ազգային հիւանդանոցի բոլոր բժիշկները։

Տրդատ քհնյ. Ուզունեան

Պատասխանատու հովիւ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի Մատրան

Yorumlar kapatıldı.