İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ՄԵՍրՈՊ ՊԱՏրԻԱրՔ ՆԱԽԱԳԱհԵՑ ՆՈրԱՅր ԱրԾԻՒԵԱՆԻ ՅՈՒՂԱրԿԱՒՈրՈՒԹԵԱՆ

Ամեն. Ս. Պատրիարքք հայրը 13 Յունուար Երեքշաբթի ժամը 13.00ին Ֆէրիգիւղի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց բարերար Նորայր Արծիւեանի յուղարկաւորութեան եւ խօսած դամբանականով վեր առաւ հանգուցեալին բարերարութիւնները։ Յուղարկաւորութեան հանդիսապետեց Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Տ. շահան Արքեպիսկ. Սվաճեան, առընթերակայութեամբ միաբան հայրերու եւ արժանապատիւ քահանաներու։ Նորայր Արծիւեան բարերարներէն էր Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի, իսկ Ազգային Պատրիարքարանի նորոգութենէն յետոյ թանկարժէք հայելի եւ սեղան մը նուիրած էր որոնք անցեալին գնուած էին երեսփոխան եւ գրող Գրիգոր Զոհրապի բնակարանէն։

Yorumlar kapatıldı.