Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը 12 Յունուար Երկուշաբթի ժամը 16.00ին ընդունեց շուէտի Աւագ հիւպատոս Տքթ. Ինկմար Քարլսընի եւ իրեն ընկերացող փոխ¬հիւպատոսի քաղաքավարական այցելութիւնը։
Մեծայարգ հիւրը շնորհաւորեց Նորին Ամենապատուութեան եւ հայ համայնքին Ամանորն ու Ս. Ծննդեան Տօնը։ Պատրիարք հայրն ու Աւագ հիւպատոսը քննարկեցին նաեւ Թուրքիոյ հանրապետութեան Եւրոմիութեան մտից կապակցութեամբ արձանագրուած դրական երեւոյթները։
Այցելութեան աւարտին, հիւր դիւանագէտը շրջեցաւ Պատրիարքարանը եւ գնահատեց տարուած նորոգութեան աշխատանքը։
Yorumlar kapatıldı.