Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը 12 Յունուար Երկուշաբթի ժամը 17.00ին ընդունեց Ազգային հաւաքական Մինի ֆութպոլի խումբը, առաջնորդութեամբ Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն համայնքի ղեկավար եւ հայաստանի համայնքներու Միութեան նախագահ Ռուբէն Սինոյեանի։
Խումբը, որ Ստանպուլ կը գտնուէր Պուլկարիայէ վերադարձին, 8-12 Յունուարին Պուլկարիոյ մէջ մասնակցեցաւ մինի ֆութպոլի մրցաշարքին, ուր յաջողութիւն արձանագրելով հանդիսացաւ երկրորդ։ Նոյն մրցումին առաջին առաջին հանդիսացաւ Ռումանիան, իսկ երրորդ՝ Ղազախստանը։
Մեր հոգեւոր Պետը երիտասարդ մարզիկներու 25 հոգինոց խումբը, ընդունեց Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհաւորեց իրենց ձերք բերած յաջողութիւնը։
Նորին Ամենապատուութիւնը Պոլսոյ Պատրիարքութեան անցեալին ու ներկային մասին բովանդակալից տեղեկութիւններ տուաւ այցելուներուն, խօսեցաւ համայնքին մէջ գործող կրօնական, կրթական, բարեսիրական եւ մարզական հաստատութիւններուն մասին։
Պատշաճ պատուասիրութենէ եւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցի այցելելէ ետք խումբը, Մաժակ Օհանեան¬Չաքըրի առաջնորդութեամբ մեկնեցաւ Եշիլգիւղի օդակայանը եւ Երեւանի չուերթով վերադարձաւ հայաստան։
Yorumlar kapatıldı.