Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ` րոմանօ Փրոտի, որ այսօր Թուրքիա ժամանեց ընկերակցութեամբ Եւրոպայի ընդլայնումէն պատասխանատու Կիւնթէր Վէրհոյկէնի հետ, վաղը կէսօրէ ետք հանդիպում կ՛ունենայ Թուրքիոյ հայոց Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարքին հետ։ Վաղը ժամը 15.00ին Պատրիարք հայրը կը մասնակցի Եւրոմիութեան Կիւմիւշսույու գտնուող գրասենեակի բացման հանդիսութեան, որուն ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Արտաքին Գործոց նախարար Ապտուլլահ Կիւլ։ Իսկ վաղ գիշեր, Նորին Ամենապատուութիւնը պիտի մասնակցի րոմանօ Փրոտիի ի պատիւ սարքուած ընթրիքին որուն ներկայ պիտի ըլլան միայն տասներկու մտաւորականներ եւ առաջնորդներ։
Yorumlar kapatıldı.