İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏրԻԱրՔ հԱՅրԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԲԱրԹՈԼՈՄԷՈՍ Ա ՊԱՏրԻԱրՔԸ

Յունաց Ն.Ս.Տ. Բարթոլոմէոս Ա Ծայրագոյն Պատրիարքը երէկ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շնորհաւորութեան այցելութիւն մը տուաւ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հօր։

հիւր Պատրիարքը ժամը 13.30ին ժամանեց Պատրիարքարան, ուր հոգեւոր հայրեր զինք առաջնորդեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք հօր սենեակը, որու սեմին երկու հոգեւոր պետերը ողջագուրուեցան։

Բարթոլոմէոս Պատրիարք շնորհաւորեց Մեսրոպ Պատրիարքի եւ հայ համայնքին Ամանորն ու Ս. Ծննդեան Տօնը։ Ապա Բարթոլոմէոս Պատրիարքը պատուասիրուեցաւ կէսօրուան ճաշով։

շուրջ երկու ժամուայ այցելութեան աւարտին Բարթոլոմէոս Ա Պատրիարք առիթն ունեցաւ նաեւ քննելու Պատրիարքարանի երկրորդ եւ երրորդ յարկերը եւ իր գնահատանքը յայտնեց կատարուած բարձրորակ աշխատանքին համար։

Ապա հիւր Պատրիարք հայրը կրկին ողջագուրուեցաւ մեր հոգեւոր Պետին հետ եւ զանգակներու զուարթ ղօղանջի ընկերակցութեամբ Միաբան հայրերուն կողմէ առաջնորդուեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցի։ Ս. Սեղանին առջեւ իր ուխտի աղօթքը կատարելէ վերջ, Բարթոլոմէոս Պատրիարք հրաժեշտ առաւ Ազգային Պատրիարքարանէն։

Նորին Սրբութեան կ՛ընկերանար Պատրիարքական Փոխանորդ Մետրոպոլիտ Թէոլիփթոս Սրբազանը։

Yorumlar kapatıldı.