İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏրԻԱրՔ հԱՅրԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՔԱՏԻր հԱՍ հԱՄԱԼՍԱրԱՆԻ ՑՈՒՑԱհԱՆԴԷՍԸ

Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը երէկ ժամը 17.00ին, ընկերակցութեամբ Յունաց Պատրիարք Բարթոլոմէոս Ա Սրբազանին, այցելեց Քատիր հաս համալսարանի ցուցասրահը, ուր կը ցուցադրուէին Պագրգիւղցի խումբ մը արուեստագէտներու իւղանկարներն ու սէրամիքները։ Պատրիարքները դիմաւորուեցան համալսարանի շքամուտքին առջեւ Ռէքթէօր` Փրօֆ. Տքթ. Եիւճէլ Եըլմազի եւ արուեստագէտներուն կողմէ։ Պատրիարքները մեծ հետաքրքրութեամբ շրջեցան ցուցահանդէսը, որ նուիրուած էր հայ, Յոյն եւ հրեայ աղօթատուներուն եւ համայնքներուն։

Yorumlar kapatıldı.