Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը 13 Յունուար Երեքշաբթի, ժամը 15.00ին քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Ստանպուլի նոր Մուֆթի Փրոֆ. Տքթ. Մուսթաֆա Չաղրըճըին։
Սիւլէյմանիյէի հին պատմական շէյհուլիսլամի պաշտօնարանին մէջ կայացած այցելութեան առիթով մեր հոգեւոր Պետը յանուն Պատրիարքական Աթոռին եւ Թուրքիոյ հայերուն շնորհաւորեց Ստանպուլի նոր մուֆթին որ շուրջ երեք շաբաթ առաջ Վարչապետ Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի կողմէ նշանակուած եւ Նախագահ Ահմէտ Նէճտէտ Սէզէրի կողմէ ալ վաւերացուած էր, ու յաջողութիւն մաղթեց իր պատասխանատու պաշտօնին մէջ։
Մօտ մէկ ժամուան այցելութեան ընթացքին հոգեւորականները ընդգծեցին երկխօսութեան եւ միջկրօնական յարաբերութեանց անհրաժեշտութիւնը։
Յարգարժան Մուֆթին ըսաւ թէ կրօնքներու միջեւ ոչ թէ տարբերութիւնները, այլ նմանութիւնները պէտք է շեշտել։ Խոստանալով իր կարելին ի գործ դնել փոխըմբռնումն եւ երկխօսութիւնը առաւել ամրապնդելու համար, Մուֆթի Չաղրըճը շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք հօր ազնիւ այցելութեան համար։
Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց միջկրօնական գետնի վրայ Կրօնից Տեսչութեան եւ Ստանպուլի Մուֆթիութեան ցուցաբերած գործակցութեան պատրաստակամութեան համար, որ հազիւ տասնամեայ երեւոյթ է։
Նորին Ամենապատուութեան կ՛ընկերանար հոգշ. հ. Թաթուլ Աբեղայ Անուշեան։
Yorumlar kapatıldı.