ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶԻ հԵՏ
Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի
որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ…
Սիրեցեալ Ժողովուրդ Մեր,
Ի՞նչպէս կարելի է անտեսել մէկը, որ հռովմի Օգոստոս կայսեր գահակալութեան շրջանին, առ նուազն 2004 տարի առաջ ծնաւ եւ այսօր աւելի քան մէկուկէս միլիառ հետեւորդ ունի։
Ի՞նչպէս կարելի է մոռացութեան տալ մէկը, որուն սկսած շարժումը կասեցնելու նպատակով իշխանութիւններու կողմէ 33 տարեկանին խաչ հանուեցաւ. մէկ մէկ հետապնդուեցան, բանտարկուեցան, խաչ հանուեցան կամ վայրի գազաններու առջեւ նետուեցան Իր հետեւորդները, սակայն Իր հիմնած Եկեղեցին ահաւասիկ կ՛ապրի ու կը գործէ մինչեւ այսօր։
Կամաւ կամ ակամայ, գիտութեամբ կամ անգիտութեամբ, այսօր աշխարհի բնակչութիւնը ամբողջութեամբ կ՛օգտագործէ Անո՛ր Սուրբ Ծննդեան թուականութիւնը։
Ո՞վ է Ան, որուն համար ըսուեցաւ թէ Աստուծոյ Որդի եւ Մարդու Որդի է միանգամայն։
Աստուածաբաններ, պատմաբաններ, ընկերաբաններ 19 դարէ ի վեր կը քննարկեն ու կը վիճաբանին Յիսուս Քրիստոսի անձին մասին։
Ի՞նչպէս կարելի է, որ Յիսուս յեղափոխական եւ խաղաղարար մը ըլլար միանգամայն։
Կարելի՞ էր որ Ան մէկ կողմէ պաշտպանէր կրօնական օրէնքի ամենափոքր նշանախեցը, բայց միւս կողմէն պաշտպանէր կրօնական օրէնքի համաձայն դատապարտուածները։
Ինչպէ՞ս մեկնաբանել Իր կատարած աղօթքները առ Աստուած, երբ միւս կողմէ Ինք յստակօրէն Ինքն Իր աստուածութեան կ՛ակնարկէր։
Իրապէս մեծ եւ սքանչելի խորհուրդի մը առջեւ կանգ առած ենք եւ ի զուր չէ, որ Ս. Պետրոս Առաքեալ զգուշութեան կը հրաւիրէ բոլոր մեկնաբանները, հետեւեալ կերպով. «Երբ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մասին խօսեցանք ձեզի, շինծու առասպել մը չէր որ ներկայացուցինք, քանի որ անձամբ ականատես եղանք Անոր մեծութեան, երբ Ան փառք եւ պատիւ ստացաւ հօր Աստուծմէ, որ Իր մեծավայելուչ եւ փառաւոր ձայնով Անոր համար վկայեց, ըսելով. Ասիկա է Իմ սիրելի որդիս, որուն Ես հաճեցայ։ Մենք անձամբ լսեցինք երկինքէն եկող այդ ձայնը, որովհետեւ Յիսուսի հետ միասին էինք…
«Ահա թէ ինչու` հիմա աւելի ամրօրէն կապուած ենք մարգարէական վկայութիւններուն. եւ լաւ կ՛ըլլայ որ դուք ալ ձեր ուշադրութիւնը դարձնէք անոնց, որովհետեւ անոնք այն ճրագն են` որ մութ տեղը լոյս կու տայ, մինչեւ բացուի այն օրուան արշալոյսը եւ Առաւօտեան Աստղը ծագի ձեր սիրտերուն մէջ։ Եւ չմոռնա՛ք բնաւ, որ ոեւէ մէկը ինքն իրմէ չի կրնար բացատրել Սուրբ գիրքերուն մարգարէութիւնները, որովհետեւ մարգարէութիւնները բնաւ մարդոց կամքին ծնունդը չեն, այլ` Սուրբ հոգիին մղումով է որ Աստուծոյ մարդիկը խօսեցան զանոնք» ¥Բ. Պետրոսի Ա.16¬21¤։
Արդարեւ հին Ուխտին մէջ արձանագրուած բազմաթիւ մարգարէութիւններ իրականացան Քրիստոսով, որոնցմէ մէկը եւ թերեւս ամենասրտախօսիկն է Եսայիի մարգարէութիւնը Քրիստոսի Ս. Ծննդեան մասին, ներշնչուած Քրիստոսէ ութը դար առաջ. «Ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ որդի մը ծնի, եւ զայն պիտի կոչեն Էմմանուէլ» ¥Ես. Է.14¤, «որ կը նշանակէ Աստուած մեզի հետ» ¥Մատթ. Ա. 23¤։ Մարգարէն շարունակելով իր խօսքը, կը բացատրէ նաեւ ծնելիք մանկան կոչումները. «Մեծ խորհուրդի հրեշտակ, Սքանչելի, Խորհրդակից, Աստուած հզօր, Իշխան խաղաղութեան, հայր հանդերձեալ աշխարհին» ¥Ես. Թ.6¤։
Իսկ Ս. Յովհաննէս Առաքեալ, կը պատմէ որ Բեթղեհէմի մէջ ծնած Սուրբ Մանուկը սովորական մէկը չէր, այլ Մարմնացեալ Բանն Աստուծոյ, այսինքն Աստուծոյ մարմին առած Խօսքն էր.
«Աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր Բանը։ Բանը Աստուծոյ հետ էր եւ Բանը Աստուած էր։ Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ հետ էր… Բանն էր ճշմարիտ Լոյսը, որ աշխարհ գալով` կը լուսաւորէ ամբողջ մարդկութիւնը… Զինք ընդունողներուն եւ իրեն հաւատացողներուն իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու. ո՛չ արեան ճամբով եւ ո՛չ մարմինի կամ մարդկային կամքով, այլ` Աստուծմէ ծնելով։ Եւ Բանը մարդ եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ, եւ մենք տեսանք Անոր փառքը. փառքը Միածինին, որ հօրմէն եկաւ` շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ լեցուն» ¥Յով. Ա.1¬14¤։
Աւետարանիչը, որ ականատես դարձած դէպքերէն եւ Քրիստոսի մասին պատմուածներէն ընտրանի մը կը ներկայացնէ իր նոյն Աւետարանին մէջ, կը գրէ հետեւեալը. «Յիսուս Իր աշակերտներուն ներկայութեան ուրիշ բազմաթիւ հրաշքներ ալ կատարեց, որոնք այս գիրքին մէջ գրուած չեն։ Իսկ այսքանը գրուեցաւ, որպէսզի հաւատաք թէ Յիսուսն է Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին, եւ հաւատալով յաւիտենական կեանք ունենաք իր անունով» ¥Յովհ. Ի.30¬31¤։
Բեթղեհէմ ծնած Յիսուս Մանուկը քանի որ Աստուծոյ Մարմնացեալ Խօսքն էր, Անոր խօսքերն ու վարդապետութիւնն ալ ինքնին յաւիտենութեան արժէք ունին։ «Երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս պիտի չանցնին» կ՛ըսէ Տէր Յիսուս ¥Մատթ. ԻԴ.35¤։
* * *
Մեր նախահայրերն ալ, անգամ մը որ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան Աւետիսը լսեցին Առաքեալներէ եւ հայրապետներէ, համոզում գոյացուցին, որ ա՛յս էր հոգիներու փրկութեան, նաեւ մեր ժողովուրդի գոյատեւման ու յաւերժացման ուղին։ Ահաւասիկ վկայ է 1900ամեայ հայ Առաքելական Եկեղեցին, որ 1700 տարիներէ ի վեր պաշտօնապէս ճանչցուած է իշխանութիւններու կողմէ։
հաւատոյ հանգանակին մէջ Յիսուս Քրիստոս կը բնորոշուի որպէս «Աստուած Աստուծոյ, Լոյս ի Լուսոյ, Աստուած ճշմարիտ յԱստուծոյ ճշմարտէ… Ծնունդ` եւ ո՛չ արարած…»։
Երիտասարդ զոյգեր երբ եկեղեցւոյ մէջ կը միացնեն իրենց կեանքերը, դպրաց դասը, ակնարկելով Յիսուս Քրիստոսին, կ՛երգէ. «Սուրբ Աստուած, սուրբ եւ հզօր, սուրբ եւ անմահ, որ մարմնացար վասն մեր»։
հայ հաւատացեալը դարերէ ի վեր Ս. Պատարագի ընթացքին կը խոնարհի եւ կը խաչակնքէ երբ պատարագիչ քահանան շեշտակի կը յայտարարէ. «Օրհնեալ Որդիդ Սուրբ` Աստուած ճշմարիտ»։
Ս. Պատարագի ամենասրտառուչ պահերէն է, երբ քահանան Սուրբ Ընծաներն ի ձեռին, կը դառնայ ժողովուրդին ու կը յորդորէ. «Ի սուրբ, ի սուրբ, պատուական մարմնոյ եւ յարենէ Տեառն մերոյ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի, ճաշակեսցուք սրբութեամբ որ իջեալ յերկնից բաշխի ի միջի մերում։ Սա՛ է կեանք, յոյս յարութեան, քաւութիւն եւ թողութիւն մեղաց…»։
Մեր հայրերու այս լոյս հաւատքը իւրացնողներ կը զգան, որ երկինքէն երկիր Իջնողը, Էմմանուէլ¬Յիսուս, հրաշալի ներգործութիւն ունի իրենց ամենօրեայ կեանքին մէջ։
* * *
Յստակ է, թէ 1900ամեայ Առաքելական Եկեղեցւոյ տապանին մէջ, Քրիստոնէութիւնն ու Ժողովուրդը այնպէս մը ընդելուզուած են իրարու, որ կարելի չէ մինչեւ իսկ երկուքը իրարմէ անջատ երեւակայել։
Այնուհանդերձ մեր օրերու մեծաւ մասամբ անհիմն մտահոգութիւնները, այլանդակ բարդոյթները, բարոյական եւ մշակութային արագընթաց այլասեռումը կը ներգործեն չերեւակայուածը իրականութեան վերածելու…
Մեր մայրենի լեզուն չխօսողներ, իրենց հոգեհատոր զաւակները հայ վարժարաններ չուղարկողներ ու եկեղեցիներու դպրաց դասերու մանկանց խումբերուն չարձանագրողներ, տան մէջ հայ թերթ ու գիրք չկարդացողներ, ազգային¬եկեղեցական հաստատութիւններէն, միութիւններէն հեռու մնացողներ ոչ միայն կը խորթանան մեր տոհմիկ ապրումներուն, այլ նաեւ կ՛ուծանան հոգեւոր կեանքէն եւ տակաւ` Քրիստոնեայ ընտանիքի գաղափարականէն։
Միւս կողմէն հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ խորհուրդներուն հետեւելով ապաշխարողներ, իրենց ընտանեկան օճախին եւ ներանձնական կեանքին մէջ Աստուծոյ Խօսքին մարմնացման հաւատացողներ, իրենց մկրտութեան ուխտերը վերանորոգողներ, եկեղեցւոյ հոգեւոր, մարդասիրական ու մշակութային առաքելութիւններուն մասնակից դարձող համոզմամբ Քրիստոնեայ հաւատացեալներ անբաժանելի շուքի մը պէս կը կրեն նաեւ հայ ժողովուրդի տոհմիկ դիմագծութիւնը։
* * *
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը առիթ է, որպէսզի ջերմացնենք մեր հոգեւոր կապը Բեթղեհէմ ծնած Յիսուս Մանկան եւ Անոր Եկեղեցիին հետ։ Եկէք անգամ մը եւս կարդանք Ս. շնորհալի հայրապետի աղօթքը, ուղղուած` հայր Աստուծոյ ծոցէն իջած Աստուծոյ Որդիին, մարսելով իւրաքանչիւր բառին իմաստն ու իւրացնելով զայն իբր մե՛ր սրտի աղօթքը. «Որդի՛ Աստուծոյ, Աստուած ճշմարիտ, որ հայրական ծոցէն խոնարհեցար, եւ մեր փրկութեան համար մարմին առիր Սուրբ Կոյս Մարիամէն։ Խաչուեցար, թաղուեցար եւ յարութիւն առիր մեռելներէն, եւ փառքով բարձրացար հայր Աստուծոյ մօտ. երկնքին ու քու առջեւդ մեղք գործեցի. յիշէ նաեւ զիս որպէս աւազակը` երբ գաս քու արքայութեամբդ. եւ ողորմէ քու արարածներուդ եւ ինծի` բազմամեղիս» ¥հաւատով խոստովանիմ…¤։
* * *
Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, ջերմագին սիրով կ՛ողջունենք մեր Սրբազան Եպիսկոպոսները, Միաբան հայրերը, Քահանայից Դասը, Գալֆաեան Ուխտի Մայրը, Սարկաւագաց ու Դպրաց Դասերը, մեր Խորհրդականները, Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը եւ Բժշկաց Դասը, համայնքային հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, մեր համայնքային Վարժարաններու Տնօրէնները, հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Տիկնանց Յանձնախումբերը, Երիտասարդաց Կազմերը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական եւ մշակութային մարմինները, հայ Մամլոյ սպասաւորները, եւ Պոլսոյ, գաւառներու եւ Կրէտէ կղզիի համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ Մեր Ժողովուրդը, մաղթելով բոլորին երջանիկ Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։
Այս առթիւ Մեր եղբայրական ողջոյնները կը յղենք քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորութեամբ հայ Կաթողիկէ եւ հայ Աւետարանական համայնքներուն, որոնց հետ հանդիսաւորապէս պիտի մէկտեղուինք յառաջիկայ Քրիստոնէից Միութեան շաբթուան առիթով, միասնաբար տօնելու Մարդեղութեան Խորհուրդը, որով Աստուած ներեց մեզի, որպէսզի մենք ալ իրարու հետ հաշտուինք եւ աւելի սէր ունենանք, քանի որ սէրը ամէն ինչի ամբողջացուցիչ շաղախն է ¥Կողոս. Գ.14¤։
հայրական սիրոյ յատուկ ողջոյններ Սփիւռքի Պոլսահայ Միութիւններուն, Ս. Խաչ Դպրեվանքի, Կեդրոնական, Էսաեան եւ Մխիթարեան վարժարաններու Սանուց Միութեանց եւ արտասահմանի բարեպաշտ եւ եկեղեցանուէր մեր ժողովուրդին, որոնք նոր երկիրներու մէջ ըստ կարելւոյն կ՛ապրեցնեն Պոլսահայ աւանդութիւնները, առանց խզելու հոգեւոր եւ տոհմիկ կապը իրենց ծննդավայրին հետ։
Ս. Ծննդեան Տօնին առթիւ կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան Ս. Էջմիածնի, Կիլիկիոյ եւ Ս. Երուսաղէմի պատմական Սուրբ Աթոռներուն։ Խոնարհ աղօթակցութեամբ եւ տօնական ուրախութեամբ եղբայրաբար կ՛ողջունենք Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ Ամենայն հայոց Կաթողիկոսը, Նորին Սրբութիւն Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Նորին Ամենապատուութիւն Թորգոմ Բ հայ Երուսաղէմի Պատրիարքը եւ իրենց միաբանակից հայրերը տօնական աւետիսով.
ՔրԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ,
ՅրհՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔրԻՍՏՈՍԻ։
Ողջունիւ հայրական սիրոյ եւ աղօթիւք,
ՄԵՍրՈՊ ՊԱՏրԻԱրՔ
5 Յունուար 2004
Yorumlar kapatıldı.