1 Յունուար հինգշաբթի յետ միջօրէին երջանիկ ու շատ խանդավառ մթնոլորտ մը կը տիրէր Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ, ուր Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը ընդունեց Պոլսահայ 17 վարժարաններէն եկած շուրջ հինգ հարիւր աշակերտներ։ Փոքրիկները մեծ ուրախութեամբ շնորհաւորեցին Նորին Ամենապատուութեան Ամանորը։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ միաբան հայրերը եւ քահանայ հայրեր։ հանդիսութիւնը կը վարէր հոգշ. հայր Զաքէոս Աբեղայ Օհանեան։
Մանկանց Ամանորեայ աւանդական խրախճանքը սկսաւ աշակերտներուն ցուցադրուած Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը պատմող ժապաւէնով մը։ Ապա ժամանեց Պատրիարք հայրը, որ ողջունուեցաւ մանուկներուն կողմէ միաբերան երգուած «շնորհաւոր Նոր Տարի Սրբազան հայրիկ» մաղթերգով։
Իւրաքանչիւր վարժարանէ երկուական աշակերտ մօտենալով շնորհաւորեցին մեր հոգեւոր Պետին Նոր Տարին եւ յանձնեցին իրենց նուէրները, մէկը ձեռագործ բացիկ մը, ուրիշ մէկը տուփ մը տուրմ կամ գրիչ կամ մոմ մը եւայլն։ Այս գեղեցիկ տեսարանէն անմիջապէս յետոյ հանդէս եկաւ մանկանց փոքրիկ երգչախումբ մը եւ երգեց Ս. Ծննդեան «Խորհուրդ Մեծ» եւ «Այսօր տօն է» շարականները։
Յայտագրի վերջաւորութեան, Նորին Ամենապատուութիւնը առնելով բարձրախօսը մանուկներուն տուաւ Նոր Տարուայ պատգամ մը եւ ըսաւ.
«Սիրելի տղաք, շատ ուրախ եմ որ այս տարի եւս մէկտեղուեցանք այս սրահին մէջ։ Միասնաբար կը տօնենք թէ Ամանորը եւ թէ կը պատրաստուինք Տէր Յիսուսի Ս. Ծննդեան մեծ տօնին։ Ասկէ 2004 տարի առաջ մանուկ մը ծնաւ Բեթղեհէմի մէջ, բայց ան սովորական մէկը չէր։ Ան Աստուծոյ Որդին էր եւ երկինքէն երկիր իջնելով մեզի սիրել սորվեցուց մինչեւ իսկ մեր թշնամիները։ Այո տղաք, մանուկ Յիսուսը կարող է ջերմացնել մեր սրտերը եւ մեզ լոյսի ու սիրոյ առաջնորդել։ Սիրելի մանուկներ, գիտցէք որ ես ալ ձեզ շատ կը սիրեմ։ Գիտէ՞ք Բեթղեհէմեան Լոյսով լեցուած, մենք կրնանք նաեւ լաւ հայ Քրիստոնեաներ ըլլալ։ Եկէ՛ք ուխտենք այս առիթով, որ ասկէ յետոյ աւելի պիտի սիրենք ու խօսինք մեր լեզուն, աւելի շատ հայերէն թերթ եւ գիրք պիտի կարդանք, հայերէն պիտի գրենք, հայկական երգեր պիտի երգենք ու մեր մայրենիով պիտի աղօթենք։ Ուխտենք, որ միշտ իրար պիտի սիրենք ու բարի ու ազնիւ սերունդ մը պիտի ըլլանք»։
Այնուհետեւ Պատրիարք հայրը ներկաները հրաւիրեց միասնաբար աղօթելու։ Մեր հոգեւոր Պետը տղոց ցուցաբերած սիրոյ ջերմ արտայայտութիւններէն զգացուած, բաժնուեցաւ սրահէն օրհնելով ներկայ փոքրիկները։ Իսկ մանուկները յոտնկայս ծափահարելով անգամ մը եւս ցոյց տուին Պատրիարք հօր նկատմամբ իրենց ունեցած սէրն ու յարգանքը։
Նորին Ամենապատուութեան մեկնումէն անմիջապէս վերջ սրահ մուտք գործեց Կաղանդ Պապուկը, որ նախ զրուցեց մանուկներուն հետ, ապա իրենց բաժնեց նուէրները։
հանդիսութեան աւարտին սիրուած երգիչ Պարթեւ Կարեան մանուկներուն համար սարքեց համերգ մը, որով վերջ գտաւ մանուկներու Ամանորի աւանդական խրախճանքը։
Yorumlar kapatıldı.