Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան աւանդական համերգը այս տարի եւս տեղի ունեցաւ 3 Յունուար շաբաթ օր Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ՝ հովանաւորութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք հօր, եւ ի ներկայութեան Պատրիարքական Աթոռոյ Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Արամ Եպիսկ. Աթէշեանի, վեղարաւոր միաբաններու եւ արժանապատիւ քահանաներու, Պելճիքայի Աւագ հիւպատոս Թոմաս Անթուանի, ինչպէս նաեւ երաժշտասէրներու հոծ բազմութեան։
Այս տարուան համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին Պոլսահայ երեք երգչախումբեր։ Նախ՝ Սամաթիոյ Սահակեան Երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ Սեւան Ակօշեանի, որ ներկայացուց «Օրհնեալ է Աստուած», «Ել Ել», «Բարի Արագիլ», «Երազ Իմ Երկիր» եւ «Լուռ Գիշեր» երգերը։ Ապա, բեմը գրաւեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Սեւան շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Վարդուհի Տէմիրճիօղլուի, եւ ներկայացուց «Ծիծեռնակ», «շուշօ», «Գարուն Եկաւ», «հէլէ հէլլէ» եւ «հայ Ապրինք» երգերը։ հուսկ ապա, հանդէս եկաւ Ս. Վարդանանց Երգչախումբը ղեկավարութեամբ Ատրուշան հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի, եւ ներկայացուց «Խորհուրդ Մեծ», Ս. Ծննդեան Ջրօրհնէքի՝ «Լոյս, Ով Զարմանալի, Այսօր Ձայնն հայրական» շարականներն ու «Տէր Ողորմեա», «Մեծացուսցէ» շարականները եւ Mozartի «La Crimosa» յօրինումը։
համերգի աւարտին, Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը շնորհաւորեց ներկաներուն Նոր Տարին ու Սուրբ Ծնունդը, գնահատեց, շնորհաւորեց ու նաեւ օրհնեց բոլոր մասնակիցները։
Ապա ներկաները եկեղեցւոյ յարակից Պալեան Սրահին մէջ պատուասիրուեցան եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ, մէկտեղուելով ամանորի շքեղ սեղաններուն շուրջ, որ պատրաստուած էին տեղւոյն տիկնանց կազմին կողմէ։ հաւաքոյթի աւարտին Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Պատրիարք կրկին գնահատեց ձեռնարկը եւ հաւաքոյթը վերջ գտաւ միաբերան երգուած Տէրունական Աղօթքով։
Թաթուլ աբեղայ
Yorumlar kapatıldı.