ԵհՄ¬ի Ընդհանուր Քարտուղար Վերապատուելի Տքթ. Կոնրատ Ռայզըր երէկ, 2 Դեկտեմբեր Երեքշաբթի, հետն ունենալով նաեւ իր կողակիցը, քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքական Աթոռին եւ ժամը 10.00ին ընդունուեցաւ Թուրքիոյ հայոց Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հօր կողմէ։
Տքթ. Ռայզըր, որ տարիքի բերմամբ այս տարուան աւարտին կը բաժնուի իր պաշտօնէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Յունաց Տիեզերեկան Պատրիարքութեան տուած հրաժեշտի այցելութիւններէն ետք, եկած էր իր յարգանաց հաւաստիքը յայտնելու նաեւ հայոց Պատրիարքութեան։
շուրջ մէկ ժամ տեւող այցելութեան ընթացքին քննարկուեցան Թուրքիոյ Քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ներկայ վիճակը, վերջին ամսուան ահաբեկչական յարձակումները, Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցելու խնդիրն ու Թուրքիոյ համար նոր հոգեւորականներու պատրաստութեան հարցը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը, հանդիպման աւարտին Տքթ. Կոնրատ Ռայզըրին նուիրեց ձեռագործ հայկական սրբանկար մը, որ կը ներկայացնէր Աղթամարի Քրիստոսը։
հանդիպման ներկայ եղան ԵհՄ Ընդհանուր Քարտուղարի Փոխանորդ` Եորկօ Լէմոփուլոս, Յունաց Պատրիարքութենէն հոգշ. հայր Պենետիկտոս Յովաննու Արխիմանտրիթը եւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։
Yorumlar kapatıldı.