İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏրԻԱրՔ հԱՅրԸ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը երէկ հեռաձայնով կապուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Նորին Սրբութիւն Տ.Տ. Արամ Ա. հայրապետին` իր վշտակցութիւնը յայտնելու Կիլիկեան Աթոռի երկու սրբազաններու վախճանման համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ, որ Յունաստանի Կիլիկեան Թեմի Առաջնորդ` Երջանկայիշատակ Սահակ Արքեպիսկ. Այվազեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կիլիկեան Թեմի նախկին Առաջնորդ` Երջանկայիշատակ Մեսրոպ Արքեպիսկ. Աշճեան հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ աւանդապահ, բազմերախտ ու ժիր մշակներն էին եղած, որոնց վախճանը այժմ կը սգային ոչ միայն իրենց մօտիկ գործակիցները, այլ նաեւ հայ Եկեղեցին ընդհանրապէս։

Yorumlar kapatıldı.