Վագըֆներու պատասխանատու Պետական Նախարար Մէհմէտ Ալի շահին եւ Վագըֆներու Վարչութեան Ընդհանուր Տնօրէն Եուսուֆ Պէյազըտ` Թուրքիոյ հայոց Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարքը հրաւիրեցին իր մասնակցութիւնը բերելու 13¬16 Դեկտեմբեր թուականներուն միջեւ Անգարայի մէջ կայանալիք ժողովին, որ կոչուած է «հանրապետութեան 80ամեակին Վագըֆներու Միջազգային Գիտաժողով»։ Սոյն գիտաժողովին պիտի մասնակցին նախարարներ, համայնքերու ներկայացուցիչներ եւ երկրին տարբեր համալսարաններէն ու արտասահմանէն ակադեմականներ ու իրաւաբաններ։
Yorumlar kapatıldı.