İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ՄԱրՄԱրԱ հԻՄՆԱրԿԻ ԻՖԹԱրԸ հՈԳԵՒՈր ՊԵՏԵրԸ ՄԷԿՏԵՂԵՑ

Մարմարա հետազօտութեանց հիմնարկի սարքած Միջ¬Կրօնական Իֆթարը երէկ երեկոյեան Սուիսօթէլի ընդարձակ Ֆուժի սրահին մէջ ի մի հաւաքեց տարբեր կրօնքներու եւ դաւանանքներու ներկայացուցիչները։

Երէկուան իֆթարին ներկայ եղան Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը, Թուրքիոյ հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր` Արհիապատիւ Տ. Յովհաննէս Արքեպիսկ. Չոլաքեան եւ շիշլիի փոխ¬Քաղաքապետ Վազգէն Պարըն։

Խօսեցան ընդամէնը 14 կրօնական, դիւանագիտական, ակադեմական գործիչներ։ Վերջին երեք ելոյթներն ունեցան Ամեն. Տ. Մեսրոպ Պատրիարքը, Ն.Ս.Տ. Բարթոլոմէոս Ա Յունաց Ծայրագոյն Պատրիարքը, եւ Կրօնական Գործերու Տեսուչ Ալի Իհսան Պարտաքօղլու։

Մեսրոպ Պատրիարք իր ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ Մարմարա հիմնարկը ոչ¬կրօնական եւ ոչ¬կառավարական միակ հաստատութիւնն է, որ վեց տարիներէ ի վեր զօրավիգ կը կանգնի միջ¬կրօնական եւ միջ¬մշակութային նման նախաձեռնութիւններու։ Այնուհետեւ Պատրիարք հայրը անդրադարձաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Աղօթամատեանի հազարամեակին եւ համամարդկային գաղափարներէն քանի մը օրինակներ տուաւ սրահը լեցնող շուրջ 400 ուկնդիրներուն։

Երէկուան իֆթարին ներկայ էին Ասորի Ուղղափառ Պատրիարքական Փոխանորդ` Մար Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չէթին Մետրոպոլիտը, Նախկին Կրօնական Գործերու Տեսուչ Մէհմէտ Նուրի Եըլմազ, Խախամապետ րավ Իցխաք հալէվա, Կովկասի շէյհուլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ, Վատիկանի Միջ¬Կրօնական Յարաբերութեանց փոխ¬նախարար Մոնս. Փիէր¬Լուիճի Արքեպիսկ. Չէլաթա, Մոսկուայի Ռուս Ուղղափառ Պատրիարքութեան ներկայացուցիչ Մետրոպոլիտը, ԱՄՆ Բանակի Կրօնական Գործերու Տեսչութենէն հոգշ. հայր Վինսէնթ Ինկիլթէրրա, Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Եուսուֆ Աւ. Քհնյ. Սաղ, Լատին Կաթոլիկ համայնքի Առաջնորդ` Մոնս. Լուի Եպիսկ. Փըլաթր, բազմաթիւ նախկին հրամանատարներ, թուրք եւ օտար դիւանագէտներ, համալսարաններու տեսուչներ, ակադեմականներ եւ գործարարներ։

Yorumlar kapatıldı.