İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: հՈԳԵՒՈրԱԿԱՆՆԵրՈՒ հԵրԹԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Ինչպէս որ երեք տարի առաջ հրապարակաւ` իսկ երեք ամիս առաջ ալ գրաւոր կերպով ծանուցուած էր հոգեւորականներուն եւ թաղային խորհուրդներուն, հոգեւորական Դասու անդամներուն մեծ մասին պաշտօնէութեան վայրերը փոփոխութեան ենթարկուեցան Պատրիարքական Աթոռին կողմէ։

Պատրիարքական Աթոռի Լուսարարապետ` Գերշ. Տ. Արամ Ս. Եպիսկ. Աթէշեան, հոգեւորականներէն եւ թաղային խորհուրդներէն վերջին երկու տարիներուն ստացուած դիմումներուն ու հոգեւորականներէն ոմանց առողջական վիճակը պարզող տեղեկագիրներուն լոյսին տակ պատրաստուած ցանկը պաշտօնապէս յանձնեց հոգեւորականներու եւ թաղային խորհուրդներու ուշադրութեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք հօր կողմէ վաւերացուած պաշտօնագրին համաձայն, մեր հոգեւորականներու քարոզչութեան եւ հոգեւոր հովուութեան վայրերը վերադասաւորուած են ըստ հետեւեալի.

հոգեշնորհ հայր Սահակ Աբղ. Մաշալեան` Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցիները, հոգեշնորհ հայր Եղիշէ Աբղ. Ուչքունեան` Ենիգաբուի Սրբոց Թադէոս¬Բարթողոմէոս եւ Պալաթու Սրբոց հրեշտակապետաց եկեղեցիները, հոգեշնորհ հայր Զաքէոս Աբղ. Օհանեան` Ֆէրիգիւղի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցին, հոգեշնորհ հայր Թաթուլ Աբղ. Անուշեան` Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին, Արժ. Տէր Պսակ Աւ. Քհնյ. Թէզէնլեան` Սկիւտարի Ս. Խաչ, Գանտիլլիի Սրբոց Երկոտասան Առաքելոց եւ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցիները, Արժ. Տէր Յովհան Աւ. Քհնյ. Իսթանպուլեան` Պէշիքթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին, Արժ. Տէր Միւռոն Աւ. Քհնյ. Այվազեան Գուրուչէշմէի Երեւման Սուրբ Խաչ, Ռումէլի հիսարի Ս. Սանդուխտ, Պոյաճըգիւղի Սրբոց Երից Մանկանց եկեղեցիները, Արժ. Տէր Ստեփան Քհնյ. Կոմիկեան` Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս, Էյուպի Ս. Եղիա եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիները, Արժ. Տէր Տարօն Աւ. Քհնյ. Սիրականեան` Թաքսիմի Ս. Յարութիւն Եկեղեցին, Արժ. Տէր Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան` Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եւ Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցիները, Արժ. Տէր Տիրան Քհնյ. րէիսեան` Գումգաբու Դուրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցին, Արժ. Տէր Անդրէաս Քհնյ. Յակոբեան` Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցին, Արժ. Տէր Գէորգ Քհնյ. Չընարեան` Սկիւտարի Ս. Կարապետ եւ Գուզկունճուկի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիները, Արժ. Տէր Սարգիս Քհնյ. Գույումճեան` Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եւ Ալթըմէրմէրի Ս. Յակոբ Գլխադիր եկեղեցիներն ու Պալըքլըի Ս. Սարգիս Մատուռը, Արժ. Տէր Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան` Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ Եկեղեցին, Արժ. Տէր հմայեակ Քհնյ. Տունանեան` Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին, Արժ. Տէր Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան` Պատրիարքական Աթոռի մատուռները, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցին եւ Ազգային հիւանդանոցի Ս. Փրկիչ Մատուռը, Արժ. Տէր Եղիա Քհնյ. Քէրվանճեան` Պագըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցին, Արժ. Տէր Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեան` Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցին։

հոգեւորականները իրենց նշանակուած եկեղեցիներուն մէջ պաշտօնավարել սկսան 1 Նոյեմբեր շաբաթ օրուընէ սկսեալ։ Նշանակումները եղած են շուրջ երկու տարուան համար։

Պատրիարքական Աթոռին համաձայն, Պոլսոյ եւ գաւառի մեր հինգ եկեղեցական վիճակներու աղօթատուներուն եւ համայնքներուն լիակատար հոգեւոր ծառայութիւն մատակարարելու, միջեկեղեցական եւ միջկրօնական նախաձեռնութիւններու լիիրաւ մասնակցութիւն բերելու, երաժիշտ, դպիր, սարկաւագ եւ նոր հոգեւորականներ պատրաստելու` այսինքն կրօնա¬եկեղեցական բոլոր պահանջներուն գոհացում տալու համար մեր հոգեւորականաց Դասէն ներս անհրաժեշտ է ունենալ առ նուազն մէկ օժանդակ եպիսկոպոս եւ 24 կուսակրօն կամ ամուսնացեալ քահանաներ եւս։ Ասորի Ուղղափառ համայնքը, որ Թուրքիոյ տարածքին հազիւ ութը հազար հոգիի կը հասնի, Պոլսոյ, Մարտին եւ Միտեաթի առընթեր այժմ կը պատրաստուի չորրորդ սրբազան մետրոպոլիտ մը ունենալ որպէս Ատըեամանի վիճակաւոր։ Կաթոլիկները որ նոյնպէս թիւով շատ աւելի սակաւ են, ներկայիս Թուրքիոյ մէջ ունին վեց եպիսկոպոսներ։

Yorumlar kapatıldı.