İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ՎԱՆԻ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ¬Գ¬

 

ԵրԵԽԱՅԻՑ Ս. ՊԱՏԱրԱԳ

26 հոկտեմբեր Կիրակի, ուխտագնացութեան երրորդ եւ վերջին օրը սկսաւ Երեխայից Ս. Պատարագով։ Ժամը 08.00ին Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը Վանայ Ծովի ափին` Մէրիթ հիւրանոցի սրահին մէջ Երեխայից Ս. Պատարագ մատոյց։ Ի ժամ Ս. Պատարագի մեր հոգեւոր Պետը Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Թարգմանչաց Վարդապետներու տօնին առթիւ սրբագործուած Ս. հաղորդութիւնը մատակարարեց հաւատացեալներուն։

Ապա հանգստեան ընդհանուր կարգ կատարուեցաւ ննջեցելոց հոգիներուն համար։

Նախաճաշէն վերջ ուխտաւորներու խումբը այցելեց Վան քաղաքի թանգարանը։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՎԱՆԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ

Մինչ այդ ժամը 10.00ին, Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Վանի Կուսակալ հիքմէթ Թանին։ Նորին Ամենապատուութեան այս այցելութեան ընթացքին իրեն ընկերացան գաւազանակիր Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, ազգայիններ` Զատիկ Թոքէր եւ Եուսուֆ Թոփլայըճը։ Կուսակալը իր ուրախութիւնը յայտնեց որ ուխտագնացութեան առիթով Նորին Ամենապատուութիւնը Վան կը գտնուէր։ Յոյս յայտնեց թէ մեր հոգեւոր Պետը դրական տպաւորութիւններով կը մեկնի Վանէն։ հետաքրքրուեցաւ Նարեկ գիւղի եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի պատմութեամբ։

Պատրիարք հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Կիրակի օրով տեսակցելու կարելիութեան, նաեւ թէ իրեն եւ թէ ուխտաւորներուն ապահովութեան կապակցութեամբ եղած կարգադրութեանց համար։ Պատրիարք հայրը ըսաւ թէ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի աղօթամատեանի 1000ամեակի առթիւ կատարած ուխտագնացութիւնը յաջողութեամբ պսակուած կը նկատէ եւ այս տրամադրութեամբ կը վերադառնայ իր Աթոռը։

Կուսակալ Թան օրակարգի բերաւ թէ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ եւ թէ միւս վանքերու նորոգութիւնը եւ ըսաւ թէ իր կարելին կ՛ընէ անոնց նորոգութեան համար, քանի որ անոնք ոչ միայն հայկական այլ նաեւ համամարդկային յուշարձաններ են։ Օրինակ. Աղթամարի Եկեղեցւոյ բարձրաքանդակներուն վրայ աւետարանական նկարներու առընթեր կան նաեւ միւս միաստուածեան կրօնքներու համար կարեւոր դէպքերու նկարներ եւս, ինչպէս Ադամն ու Եւայի, Աբրահամի զոհաբերութեան, Դաւիթ ու Գողիաթի նկարները։ Կուսակալը դրուատեց Ասորի համայնքին Մարտինի պատմական կառոյցներուն վերանորոգութեան համար ըրած նիւթական ներդրումը եւ մաղթեց որ Թուրքիոյ հայերն ալ նիւթական միջոցներ կը հայթայթեն Վանի վանքերուն վերանորոգութեան համար։

Մեր հոգեւոր Պետը վերանորոգութեան կապակցութեամբ առաջարկեց Կուսակալութեան առաջնորդութեամբ նախ խորհրդակցական ժողով մը գումարել, որուն պէտք է մասնակցին պետական, ոչ¬կառավարական, միջազգային, եկեղեցական, քաղաքապետական հաստատութիւններու ներկայացուցիչները քննարկելու համար մայր ծրագրի մը պատրաստութեան կարելիութիւնները։ Բնականաբար Պատրիարքական Աթոռն ալ չի զլանար իր կարելին, սակայն պէտք չէ մոռնալ որ այս հին վանքերը 80 տարիէ ի վեր Եկեղեցիի սեփականութիւն չեն։ Իսկ շնորհք Պատրիարքի Աղթամարի եկեղեցւոյ նորոգութեան համար գրած դիմումները անցեալին անպատասխանի մնացեր էին։ Մեսրոպ Պատրիարք կարեւորութեամբ ընդգծեց այն պարագան, որ նման նորոգութիւնները պէտք է կատարուին հայ եկեղեցւոյ ճարտարապետական ոճէն հասկցող ճարտարապետներու եւ վարպետներու ձեռամբ, որպէսզի պատմական մեծ արժէք ներկայացնող կառոյցները նորոգութեան անուան տակ աւելի մեծ վնասներ չստանան։ Պատրիարք հայրը յիշեցուց նաեւ որ Աղթամարի Եկեղեցւոյ ուխտի օրը Խաչվերացի տօնն է։ Կարելի է այս առթիւ մասնաւոր ձեռնարկներ կազմակերպել, ինչպէս առաւօտուն Ս. Պատարագ մատուցանել, ապա երաժշտական համերգ սարքել, տեղական պարերու ելոյթ կազմակերպել, ձեռային աշխատանքներու տօնավաճառ սարքել եւայլն։ Այս առթիւ թէ Պոլսէն եւ թէ արտասահմանէն ուխտագնացութիւններ կարելի կ՛ըլլայ կազմակերպել։

Մեծայարգ Կուսակալը ուրախութիւն յայտնեց այս առաջարկին համար եւ խոստացաւ սիրով օգնական ըլլալ։ Նորին Ամենապատուութիւնը Կուսակալին նուիրեց Արսէն Եարմանի հեղինակած Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի պատմութեան հատորը, որուն համար Կուսակալ Թան շնորհակալութիւն յայտնեց, եւ իր կարգին Պատրիարք հօր նուիրեց տեղական գողտրիկ գորգ մը։

Կուսակալութեան ելքին մամլոյ աշխատակիցներ Պատրիարք հօր տպաւորութիւնները խնդրեցին, որոնց պատասխանելով Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ թէ Նարեկացիի 1000ամեակի առթիւ ուխտի եկած է եւ գոհ տպաւորութեամբ կը վերադառնայ իր Աթոռը։
Կուսակալ Թան մինչեւ Կուսակալութեան դուռը առաջնորդեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց իր այցելութեան համար։

ԱՅՑ ՎԱՆԻ շՈՒԿԱՆ ԵՒ ՏՈՍՊ ՔԱՂԱՔԸ

Մեր հոգեւոր Պետը Կուսակալին տուած այցելութենէն վերջ շրջեցաւ Վանի շուկան։ Ապա այցելեց Ուրարտական Տոսպ քաղաքի փլատակները, որոնք կը գտնուին Վանայ բերդի ստորոտը։ Վանի նաւահանգիստը եւս այցելելէ վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը Վանայ բերդին միացաւ ուխտաւորներու խումբին, որոնց հետ այցելեց պատմական Վանի աւանդական բնակարան մը եւ կէսօրուան ճաշ առաւ հին Վանի տուներէն մէկուն պարտէզին մէջ։

Ճաշու աւարտին, ուխտաւորներու խումբէն Միհրան Ուլիկեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք հօր եւ բոլոր անոնց, որոնք այս ուխտագնացութեան յաջողութեան համար ջանք չէին խնայած։

ՎԵրԱԴԱրՁ

Երեք օրուան ուխտագնացութիւնը աւարտելով, Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրն ու Պոլսահայ ուխտաւորներու խումբը Կիրակի ուշ երեկոյեան Վան¬Անգարա¬Ստանպուլ չուերթով տուն վերադարձան։ Օդանաւուն մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը կողք կողքի նստած էր Պաշտպանութեան Նախարար Վէճտի Կէօնիւլի հետ։ Նախարարն ու Պատրիարքը ճամբորդութեան ամբողջ ընթացքին ունեցան շահեկան զրոյց Վանի ուխտագնացութեան, Ս. Գրիգոր Նարեկացիի, Ռամազան ամսուան աւանդոյթներուն, հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան եւ Եւրոմիութեան հետ համաձայնեցման օրէնքներուն մասին։

ՎՍ

Yorumlar kapatıldı.