Տրուած ըլլալով որ այս տարի Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադրութեան 80ամեակը կը նշուի, պետական շրջանակներու կողմէ եւ ընդհանրապէս երկրի ամբողջ տարածքին մեծ խանդավարութիւն կը տիրէ եւ յատուկ ուշադրութիւն կը տածուի հանրապետութեան Տօնի հանդիսութիւններուն։
Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը, այսօր կէսօրէ առաջ Պոլսոյ Կուսակալութեան կողմէ սարքուած ընդունելութեան ներկայ ըլլալէ յետոյ, ցամաքի ճամբով պիտի անցնի Անգարա եւ պիտի մասնակցի Նախագահին Ահմէտ Նէճտէթ Սէզէրի կողմէ Չանքաեայի ապարանքին մէջ սարքուած ընդունելութեան։
Yorumlar kapatıldı.