İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏրԻԱրՔ հՕր ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՊԻ ՎԱՆ

Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Աղօթամատեանի 1000ամեակի առիթով դէպի Վան կազմակերպուած ուխտագնացութիւնը սկսաւ 24 հոկտեմբերին, առաջնորդութեամբ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հօր եւ մասնակցութեամբ 28 ուխտաւորներու։

ՃԱՄԲՈրԴՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՎԱՆ

Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը 24 հոկտեմբեր Ուրբաթ առաւօտեան ժամը 07.00ին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ ճանապարհի աղօթքը կատարելէ յետոյ, ուղղուեցաւ դէպի Եշիլգիւղի Աթաթիւրք օդակայանը, ուղեկցութեամբ գաւազանակիր Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի։ Օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ Պատրիարք հօր ողջերթ մաղթելու համար ներկայ կը գտնուէին Պատրիարքարանի պաշտօնեաներն ու Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անունով Բիւզանդ Սէֆէր։

Մօտաւորապէս երկու ժամուան ճամբորդութենէ ետք, Նորին Ամենապատուութիւնը Վան փոխադրող սաւառնակը ժամը 10.00ին վայրէջք կատարեց Ֆէրիթ Մէլէն օդակայանը, ուր բարի գալուստ մաղթելու եկած էին տեղւոյն կուսակալութեան պաշտօնեաները, Վանի Այանըս Ճամբորդական Ընկերութեան ներկայացուցիչները եւ ՎԻՓ Թուրիզմի պատասխանատու Վարդուհի Էրկիւնէշ։ Օդակայանի մուտքին` երկու մանկամարդուհիներ աւանդական տարազներու մէջ մեր հոգեւոր Պետին մօտեցան ու ծաղկեփունջ մը նուիրելով իրեն բարի գալուստ մաղթեցին։

Նորին Ամենապատուութիւնը Վանի օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ պատասխանեց մամլոյ աշխատակիցներու հարցումներուն եւ ըսաւ. «Այս չորրորդ այցելութիւնս, Պատրիարք դառնալէ յետոյ իմ անդրանիկ այցելութիւնս ըլլալու հանգամանգն ունի։ Փառք Աստուծոյ, որ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Աղօթամատեանի 1000ամեակին առիթը պիտի ունենամ այցելելու եւ աղօթելու պատմական մեր սրբավայրերուն մէջ»։

Մեր հոգեւոր Պետն ու ուխտաւորները իջեւանեցան Կէվաշի, կամ պատմական անունով Ոստանի, Մէրիթ հիւրանոցը։

ԱՂԹԱՄԱր

Կէսօրին Նորին Ամենապատուութիւնն ու ուղեկիցները Աղթամար Կղզիի հանդիպակաց ծովեզրի ճաշարաններէն մէկուն մէջ համտեսեցին Վանայ նշանաւոր տառեխ ձուկը։ Ինչպէս յայտնի է, Վանայ Ծովուն մէջ մեծ քանակութեամբ որսուող այս մանր հարինգը, սովորաբար կ՛ուտուի թարմ վիճակի մէջ, եւ կամ կ՛աղուի եւ կը չորցուի իբրեւ ձմրան պաշար։

Կէսօրուայ ճաշու աւարտին, ուխտաւորները մոթորային մակոյկով Աղթամար կղզին անցան, որ ցամաքէն շուրջ 4 քմ. հեռաւորութիւն ունի։

Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը եւ ուղեկիցները ապա մտան Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցին, ուր կատարուեցաւ Ճաշու ժամերգութիւն։ Մեր հոգեւոր Պետը այստեղ բացատրութիւններ տուաւ Վանի, Վասպուրականի, Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ եւ Աղթամարի երբեմնի կաթողիկոսութեան մասին։ Ապա բոլորը շրջեցան Եկեղեցւոյ համալիրը եւ զմայլանքով դիտեցին աւելի քան 1000 տարի առաջ Մանուէլ Ճարտարապետի շինած հոյակապ կառոյցը, որմնանկարներն ու զարդաքանդակները։

Ապա ուխտաւորները բարձրացան դէպի կղզիի կատարի լանջը, ուրկէ դիտեցին Արթոս եւ Սիփան լեռները, Աղթամար եւ Առտէր կղզիները։

ՆԱրԵԿ

Ժամը 16.00ին Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրն ու ուխտաւորները այցելեցին Նարեկ ¥Եմիշլիք¤ գիւղը։ Գիւղապետ Մուհիտտին Էլիւսթիւն եւ գիւղի իմամ Թահա Չալըմլը բարի գալուստ մաղթեցին Նորին Ամենապատուութեան։ Գիւղացիներէն ոմանք փայտաշէն դուռով ախոռանման փոքր խրճիթ մը դրամի փոխարէն կը բանային, ցուցադրելու համար հին հայկական տապանաքարի բեկոր մը, ուր ըստ տեղացիներուն Ս. Գրիգոր Նարեկացիի աճիւնները ամփոփուած էին։ Պատրիարք հայրը, որ խոր ցաւով հաստատեց որ երբեմնի Նարեկայ Վանքին հետքերն իսկ չէին մնացած, շատ անհաւաստի նկատեց սոյն քարի որեւէ առընչութիւն ունենալը Ս. Գրիգոր Նարեկացիի գերեզմանին հետ։ Մնաց որ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի ոսկորները Սենեքերիմ Թագաւորի հրամանով Նարեկայ Վանքէն հանուած եւ փոխադրուած էր Ակնի մօտակայքը` Արակայ գիւղի վանքը¢ թէեւ գրուած է որ 1867ին Նարեկացիի հին գերեզմանին վրայ մարմարեայ խաչքար մը կանգնուած է։

հաճելի անակնկալ մը եղաւ երբ Եմիշլիք գիւղի նախակրթարանի երկսեռ աշակերտները, իրենց տնօրէնուհիին առաջնորդութեամբ եկան բարի գալուստ մաղթելու մեր հոգեւոր Պետին։ Նորին Ամենապատուութիւնը փոքրիկներուն հասկնալի ոճով բացատրեց թէ Թուրքիոյ մէջ երեք միաստուածեան կրօնքներու հետեւորդներ` Մահմետական, Քրիստոնեայ եւ Մովսիսական հայրենակիցներ կ՛ապրին խաղաղ համակեցութեամբ։ Ահաւասիկ ինքն ալ Թուրքիոյ Քրիստոնեայ հայրենակիցներուն ամենախոշոր զանգուածին` այսինքն հայերուն հոգեւոր պետն էր։ Պատրիարք հայրը նաեւ զրուցեց մանուկներուն հետ, իրենց պատուիրելով սիրել այս պատմական գիւղը եւ սատարել գիւղի բարգաւաճման։

Ապա գիւղի իմամը Թահա Չալըմլը, Նորին Ամենապատուութիւնն ու ուխտաւորները պատուասիրեց իր բնակարանի պատշգամին վրայ։

Ուխտաւորները Նարեկ գիւղի վարժարանին եւ մզկիթին նուիրատուութիւն մը ընելէ յետոյ, վերադարձան հիւրանոց։
Վերադարձի ճամբուն վրայ ուխտաւորները շրջեցան նաեւ Կէվաշ գաւառակը ¥պատմական Ոստանը¤։

ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՎԱրԻՉՆԵրՈՒՆ ԱՅՑԸ

Ժամը 18.00ին Նորին Ամենապատուութիւնը ընդունեց «հայ հրոսախումբերու Կատարած Ջարդերէ Վնասուածներու Միութեան» վարչութեան անդամները, նախագահութեամբ Իքրամ Քալիի, որ Պատրիարք հօր ծաղկեփունջ մը նուիրեց եւ «բարի գալուստ» մաղթեց։ Պատրիարք հայրը վարիչներուն տեսութեան փափաքը ընդունելով հանդերձ պայման դրած էր որ մամլոյ ներկայացուցիչները տեսակցութեան ներկայ պիտի չըլլային։

հիւրերը ընդգծեցին Թուրք¬հայ փոխ¬յարաբերութեանց համար իրարհասկացողութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ըսին թէ արտասահմանի մէջ սփիւռքեան հայերու նախաձեռնութիւնները պատմական իրականութիւնները աղաւաղելու միտում ունին։ Օրինակի համար, վերջերս Մոսկուայի մէջ սփիւռքահայեր մեծ ժողով մը գումարած` եւ ցեղասպանութեան պնդումներերով հանդէս եկած են։ Սփիւռքահայեր զանազան երկիրներու փարլամէնթօներէն եւս հակաթուրք որոշումներ անցընելու համար ամէն ջանք կը տանին։ Ասոնք յարաբերութիւններու բարելաւման չեն նպաստեր։ Աշխարհ պէտք է ընդունի, որ 1915¬ին պատահածը ցեղասպանութիւն չէ, այլ երկու հարեւան ժողովուրդներու երկուստէք ջարդն է։ Վնասուածներու Միութեան նպատակը ամենեւին հայերու նկատմամբ ատելութեան սերմեր ցանելը չէ։ Օրինակի համար, իրենց մէջ կը գտնուի ընկեր մը, որուն հայրը ջարդուելէ փրկուած է շնորհիւ հայ դրացիի մը, որ 1917ին արգելք եղած է իր թուրք դրացիին ռուսահայերու կողմէ ձերբակալուելուն։ շատեր այդպէս տարուած են եւ երբեք չեն վերադարձած։ Աշխարհ թուրքերուն նկատմամբ եղած անիրաւութիւններն ալ պէտք է հաշուի առնէ։ շուրջ երեք միլիառ թուրք եւս այդ օրերուն Օսմանեան կայսրութեան զանազան անկիւններուն աքսորուած են եւ աւելի մեծ թիւով մահմետականներ իրենց կեանքը կորսնցուցած են աշխարհամարտի այդ անողոք օրերուն։ Ուստի, եղածը եղած ու վերջացած է։ հիմա հայեր ու թուրքեր այլեւս պէտք է բարեկամանան։ Երրորդ կողմի օտար պետութիւններ ալ պէտք չէ որ շահագործեն թուրք եւ հայ ժողովուրդներու պատմութեան այս դաժան էջերը։

Պատրիարք հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց տրուած այցելութեան համար եւ ընդգծեց, որ Վան կը գտնուէր միմիայն ուխտագնացութեան համար եւ որպէս հոգեւոր պետ չէր փափաքեր տեղային կամ միջազգային քաղաքական վէճերու միջամուխ դառնալ եւ կամ քաղաքական հարցերու շուրջ կարծիք յայտնել։ Նորին Ամենապատուութիւնը իր խօսքը շարունակեց հետեւեալ կերպով. «Այնուհանդերձ բաներ ըսիք, որոնց մասին ձեր նկատառման կ՛ուզեմ յանձնել կարգ մը բարոյական կէտեր։ շատ լաւ գիտէք, նաեւ մինչեւ այսօր քանիցս փաստուած է, որ պատմութեան մասին միակողմանի քննարկումներն ու պնդումները հաւանական չէ որ հաւաստի նկատուին լուսամիտ հաւաքականութեան եւ կամ միջազգային համայնքին կողմէ։ Քիչ առաջ ձեր ըսածները ոչ թէ ինծի պիտի ըսէք, այլ հայաստանի եւ Սփիւռքի հայերուն, յատկապէս 1915ի դէպքերէն անիրաւուածներու մնացորդաց եւ անոնց զաւակներուն հետ պէտք է նստիք ու խօսիք։ Խոր վէրք մը կայ։ Այդ դարմանելու միակ կերպը իրարու հետ խօսիլն է։ Կարելի չէ նոր պատմութիւն գրել։ Եթէ Օսմանեան կայսրութեան հպատակ անձերը ապստամբած են, ատիկա առանց պատճառի չէ եղած։ Կայսրութիւնը քայքայման շրջան մը կ՛ապրէր։ Որքան որ ալ օտար պետութիւններ անջատողական քաղաքականութիւն վարէին, միւս կողմէ ալ երկրին ներքին կառոյցները այլեւս ուր որ է փլած էին։ Միայն հայե՞րն էին ինքնավարութիւն պահանջողները։ հապա ի՞նչ ըսել մահմետական ժողովուրդներու մասին, եգիպտացիներու, արաբներու, պալքանեան ժողովուրդներու մասին։ Իսկ այս կողմերը ոչ միայն կառավարութիւնը ծանր հարկեր կը գանձեր ժողովուրդէն, այլ նաեւ քիւրտ ցեղապետներ յաճախ կը հարստահարէին խեղճ շինականները։ Երանի այդ օրերու արաբատառ թրքերէն եւ հայերէն մամուլը կարողանային կարդալ այսօր համալսարաններու մէջ պատմութեան հետազօտութեամբ զբաղողները։ Իրաց այդ կացութեան բնական հետեւանքն էր որ ժողովուրդը բողոքի ձայն պիտի բարձրացնէր իշխանութեան դէմ։ Բնականաբար կային նաեւ կուսակցութիւններ որոնք տարբեր նպատակներ ալ կը հետապնդէին եւ կը շահագործէին ժողովուրդի մատնուած տնտեսական նեղ ու անբարունակ վիճակը։ Եւ արիւնը թափուեցաւ։ Կարճ խօսքով, թուրքեր կամ հայեր, կողմը կարեւոր չէ, միակողմանի մերձեցումները երբեք լուծում չեն բերեր։ հայերը արտասահմանի մէջ, դուք ալ այստեղ այսպիսի բազմաթիւ միութիւններ կրնաք կազմել, ազատ էք բնականաբար։ Ըսել ուզածս այն է, որ երկու կողմն ալ տեղ պիտի չհասնի։ Երկու «պաշտօնական պատմութիւններ» կան միեւնոյն շրջանին մասին։ Դիմացինը խօսակից ունենալէ, եւ կամ պատմական վիճաբանութեան եւ քննարկման առողջ ու գիտական մեթոտներէ խուսափելով կարելի չէ տեղ հասնիլ։ Սա հայերուն համար ալ, թուրքերուն համար ալ միեւնոյնն է։ Ես հոգեւոր պաշտօնեայ մըն եմ։ Ազգութեամբ հայ, քաղաքացիութեամբ թրքահպատակ, հաւատքով քրիստոնեայ եմ։ Այսինքն այս պարագային, ինչպէս բոլոր թրքահայերը, երկու սիրելիներու միջեւ մնացած եմ։ Ես ալ շատերու նման կը փափաքիմ, որ այս վենտէթան այլեւս վերջ գտնէ։ Բոլոր կրօնքներու բոլոր սրբազան գիրքերը կը խօսին խաղաղութեան, համերաշխութեան, փոխըմբռնման, երկխօսութեան, փոխզիջումի մասին։ Ուրիշ ելք ալ չկայ։ Թուրք եւ հայ ժողովուրդները, Թուրքիան եւ հայաստանը Աստուծոյ կողմէ միեւնոյն տարածքաշրջանի մէջ հարեւանութեան մէջ դրուած են։ Պէտք է այլեւս երիտասարդ սերունդներուն առջեւը բանալ, մշակութային, տնտեսական փոխ¬յարաբերութիւններու մէջ մտնել, սահմանները բանալ, բարեկամական յարաբերութիւններ մշակել, եւ ապա ժամանակը կուգայ, պատեհ առիթը օր մը կու գայ նաեւ պատմութեան մասին խօսելու, պատմութիւնը բարեկամաբար միասնաբար քննարկելու, ինչպէս ըրին Եւրոպայի քաղաքակիրթ ժողովուրդները որոնք միայն քանի մը տասնամեակ առաջ զիրար կը սպաննէին։ Թուրքիոյ հայերը իրենց կարելին պատրաստ են ընելու երկու ժողովուրդներու փոխմերձեցման սատարելու համար։ Ես կը խորհիմ, որ զբօսաշրջութիւնն ու ուխտագնացութիւնները մեծապէս կ՛օժանդակեն բարեկամութեան կամուրջներուն հաստատման։ շնորհակալ եմ ձեր ազնիւ այցելութեան համար։»

«հայ հրոսախումբերու Կատարած Ջարդերէ Վնասուածներու Միութեան» անդամներուն փափաքով, Պատրիարք հայրը լուսանկարուեցաւ այցելուներուն հետ։

Միութեան վարչութիւնը սակայն չյարգեց իր խոստումը, եւ 27 հոկտեմբերի Ենի Չաղ լրագիրը հրատարակեց Միութեան անդամներուն եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք հօր լուսանկարը եւ նետեց հետեւեալ շռնթալից վերնագիրը. «հայ հրոսախումբերու Կատարած Ջարդերէ Վնասուածներու Միութեան Նախագահ Իքրամ Քալի այցելութիւն տուաւ հայոց Պատրիարքին եւ զգուշացուց որ Վանի մէջ քաղաքական խառնակչութիւն չընէ»…։

Yorumlar kapatıldı.