Թուրքիոյ հայոց Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարքը, ուղեկցութեամբ Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի, այս առաւօտ ժամը 09.30ին մասնակցեցաւ հանրապետութեան Տօնի ընդունելութեան որ տեղի ունեցաւ Ստանպուլի Կուսակալութեան դահլիճին մէջ։
Նորին Ամենապատուութիւնը ձեռնուեցաւ Ստանպուլի Կուսակալ Մուամմէր Կիւլէրի, Ա. Բանակի հրամանատար Եաշար Պիւյիւքանըթի եւ Ստանպուլի Քաղաքապետ Ալի Միւֆիտ Կիւրթունայի հետ, եւ յանուն հայոց Պատրիարքութեան եւ Թուրքիոյ հայերուն շնորհաւորեց Թուրքիոյ հանրապետութեան 80¬ամեակը։
Ընդունելութեան ներկայ էին միւս հոգեւոր պետերը, բանակի, քաղաքապետութեան, տարբեր նախարարութիւններու Պոլսոյ ներկայացուցչութիւններու, կուսակալութեան աւագանին, հիմնարկներու, ընկերութիւններու եւ համալսարաններու ներկայացուցիչները, թտար դիւանագիտական շրջանակներ եւայլն։
Այս առթիւ, ամէն տարուան պէս, հանրապետութեան Տօնին առիթով Պատրիարքարանը եւ համայնքային վարժարանները զարդարուեցան դրօշակներով։
Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը այսօր երեկոյեան ցամաքի ճամբով պիտի անցնի Անգարա, ուր ժամը 19.00ին պիտի մասնակցի Չանքաեայի ապարանքին մէջ հանրապետութեան Նախագահին կողմէ սարքուած ընդունելութեան։
Yorumlar kapatıldı.