25 հոկտեմբեր շաբաթ օր եւս խանդավառութեամբ շարունակուեցաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Աղօթամատեանի 1000ամեակին առիթով դէպի Վան կազմակերպուած ուխտագնացութիւնը, առաջնորդութեամբ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հօր եւ 28 ուխտաւորներու։
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՏՈՒՑ ԱՆԱՊԱՏ
Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրն ու ուխտաւորները առաւօտեան կանուխ ժամերուն ցամաքի ճամբով անցան Վանայ Ծովի հիւսիսային ափը, ուրկէ մոթորային մակոյկով մեկնեցաւ դէպի Կտուց Անապատ։ Ժամը 10.00ին մեր հոգեւոր Պետը եւ ուխտաւորներու խումբը հասան պատմական վանքի համալիրը, որ այժմ կը կոչուի Չարբանակ։
Ծովեզերքը, Նորին Ամենապատուութիւնը իր շուրջ հաւաքելով ուխտաւորներու խումբը, կղզիի մասին սպառիչ տեղեկութիւններ փոխանցեց։
Ըստ աւանդութեան վանքը հիմնադրուած է նոյնինքն մեր հաւատքի հայրը` Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի կողմէ, այստեղ ամփոփելով իր մօտ կրած Կենաց փայտի մէկ մասը եւ եօթը սուրբերու մասունքները։
Կտուց անապատի մասին առաջին յիշատակութիւնը կը վերաբերի ԺԱ դարուն։ Իսկ 1462ին, անապատի վանահայր Գրիգոր եպիսկոպոսը` Ստեփանոս վարդապետի ձեռամբ վերանորոգած է Ս. Յովհաննէս Կարապետ եւ Ս. Խաչ եկեղեցիները։
Կտուց անապատը ԺԵ դարուն դարձած է գրչութեան նշանաւոր կեդրոն եւ ծաղկած է շնորհիւ յայտնի գրիչներ` Խաչատուրի եւ Յովհաննէսի գործունէութեան։ 1462ին, Խաչատուրը Յայսմաւուրք մը ընդօրինակած է, ուր կը յիշատակուին այն բազմաթիւ միաբանները որոնք օգնած են իրեն։
Խաչատուրի գործը շարունակած է Յովհաննէսը, որմէ մեզի հասած ամենահին ձեռագիրի գրչութեան թուականը 1470 է։ Յայտնի են նաեւ Մինաս եւ Բարսեղ գրիչները։ ԺԶ դարուն Կտուց անապատը անկում կ՛ապրի։ ԺԷ դարուն Լիմ անապատի միաբաններէն խումբ մը կը տեղափոխուին Կտուց, կը վերակենդանացնեն վանքը, կը կառուցեն բնակելի շէնքեր, կը նորոգեն հին կառոյցները։ 1712ին Կտուց անապատի վանահայր Սիմէոն Արքեպիսկոպոսի ջանքերով, Բաղիշեցի Խոշխաբարը հիմնովին կը վերակառուցէ Ս. Կարապետ եկեղեցին։ Վերակառուցման աշխատանքներուն նիւթապէս կ՛օժանդակեն Կ.Պոլսոյ Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարքն ու իր յաջորդը Յակոբոս Նալեան Պատրիարքը։
ԺԹ դարուն Կտուց անապատի թեմը ունեցած է ընդամէնը ութը գիւղեր։ Վանքին պատկանած են Վանայ ծովու մերձափնեայ ցորենի արտերը, այգիներ, ձիթհանք, ջրաղաց, տուներ ու խանութներ։ Կտուց անապատը ամայացած է Ա. Աշխարհամարտի օրերուն։
Երանաշնորհ շնորհք Պատրիարք Կտուց անապատի փլատակները այցելած է 1985ին, ուղեկցութեամբ Մեսրոպ Վարդապետի, հռիփսիմէ Մայրապետի, Տքթ. Կարապետ Արմանի եւ իր կողակիցը Ռիթային։
Ամեն. Ս. Պատրիարք հօր տուած տեղեկութիւններէն յետոյ, ուխտաւորները այցելեցին վանքի Ս. Յովհաննէս Կարապետ Եկեղեցին, ուր կատարուեցաւ ժամերգութիւն։ Եկեղեցիէն ելլելէ յետոյ ներկաներէն ոմանք բարձրացան եկեղեցւոյ տանիքը, ուր գմբէթին վրայ հիացումով տեսան Պոլսոյ Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի եւ Յակոբ Նալեան Զիմառացի պատրիարքներու անմեռ յիշատակին ձօնուած գեղեցիկ խաչքարը։
Ներկաները շրջեցան վանքի համալիրի փլատակներուն միջեւ, քննեցին վանքի գերեզմանատան երեքհարիւրամեայ խաչքարները։
Ուխտաւորներու խումբը Վանայ ծովուն վրայ մօտ կէս ժամ նաւարկելէ ետք հասան ծովափ եւ վերադարձան Վան։
ՎԱրԱԳԱՅ ՎԱՆՔ
Միջօրէի ճաշը Վանի ընտիր ճաշարաններէն մէկուն մէջ առնելէ ետք, Նորին Ամենապատուութիւնն ու ուխտաւորներու խումբը այցելեցին Վարագայ Վանք։ Վարագ լերան արեւմտեան լանջի նեղլիկ օձապտոյտ ճամբաներով անցնող խումբը, ժամը 16.00ի շուրջ այցելութիւն տուաւ Վարագայ Ս. Նշան Վանքի համալիրը։
Այստեղ մեր հոգեւոր Պետը ուխտաւորներուն յիշեցուց, որ ըստ աւանդութեան Ս. հռիփսիմէ կոյսը իր պարանոցէն կախած Խաչափայտի մասունքով Սուրբ Խաչը այստեղ պահած էր, Վաղարշապատ երթալէ առաջ։ 653ին երբ Վարագայ Սուրբ Խաչը գտնուած է, Ներսէս Գ Կաթողիկոս Տայեցին Վարագ լերան վրայ Ս. Նշան եկեղեցին կառուցած է եւ հաստատած է Վարագայ Սուրբ Խաչի Տօնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց որ Վարագայ Ս. Խաչի տօնի «Նշանաւ ամենայաղթ Խաչիւդ» շարականը այս առիթով յօրինուած է, սակայն կ՛երգուի նաեւ Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւններուն առիթով։ Ժամանակին վանական համալիրին մաս կազմած են Ս. Սոփիա, Ս. Յովհաննէս, Ս. Աստուածածին, Ս. Գէորգ, Ս. Նշան, Ս. Խաչ, Ս. Սիոն եկեղեցիները, ընդամէնը եօթը եկեղեցիներ, ուստի վանքը թրքերէնի մէջ կոչուած է` Ետի Քիլիսէ, եւ եղած է հայ Եկեղեցւոյ ամենանշանաւոր ուխտատեղիներէն։ Վանքը ունեցած է վանատուն, վարժարան, հանրակացարան, գրադարան, թանգարան եւ տպարան։ Վարագայ վանքը երկար ժամանակ եղած է եպիսկոպոսանիստ եւ վանահայրերը համարուած են Վանի ու շրջակայից հոգեւոր առաջնորդ։ Վարագայ վանքին մէջ զարգացած են գրչագրութիւնը, մանրանկարչութիւնը, մատենագրութիւնը, տաղասացութիւնը։ 1650ական թուականներուն Զաքարիա եւ Սահակ գրիչները այստեղ բազմաթիւ ձեռագրեր ընդօրինակած են։ 1857ին Վարագայ վանքի վանահայր կարգուած է Խրիմեան հայրիկը, Մկրտիչ Ա Վանեցին, որ ապա առաջ Կ.Պոլսոյ Պատրիարք, հուսկ Ամենայն հայոց Կաթողիկոս ընտրուած է։ Խրիմեան հայրիկ մեծ ջանքերով վանքը հանած է Վանի առաջնորդներու իրաւասութենէն եր դարձուցած Կ. Պոլսոյ հայոց Պատրիարքութեան ուղղակի կապուած վանական վիճակներէն մէկուն։ Վանքը Ա. Աշխարհամարտին ստիպողաբար լքուած է։
Մեր հոգեւոր Պետն ու ուխտաւորները այստեղ միասնաբար աղօթեցին ու միաբերան երգեցին «Նշանաւ ամենայաղթ Խաչիւդ» շարականը։ Ելքին, Նորին Ամենապատուութիւնը ստորագրեց վանքի պատուոյ տոմարը: Վանքի գաւիթին մէջ գիւղացիներ կը ցուցադրէին ու կը վաճառէին իրենց ձեռագործները։ Վարագայ Վանքին մէջ ուշագրաւ էր տիրող մաքրութիւնը, զոր կ՛ապահովուր Վանքի աւերակներուն ինքնակոչ պահակը։ Ուշագրաւ էր նաեւ տիրող ապահովութեան արտակարգ միջոցները։
Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը եւ ուխտաւորները Վարագայ լեռնէն իջնելէ ետք այցելեցին Ուրարտու գորգի գործարանը։
Yorumlar kapatıldı.