Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրն ու իրեն ուղեկցող 28 ուխտաւորները երէկ Անգարայի ճամբով Վանէն վերադարձան։
Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Աղօթամատեանի հազարամեակին առիթով կազմակերպուած ուխտագնացութիւնը տեւեց երեք օրեր եւ ընդգրկեց Նարեկ գիւղը, Վարագայ վանքը, Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցին, Կտուց անապատի Ս. Յովհաննէս Կարապետ Եկեղեցին, Վան քաղաքը, Վանայ բերդը, Գաւաշ գաւառակը։ Երէկ նաեւ ձեռամբ Պատրիարք հօր Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Վանայ ծովափին։
Ուխտագնացութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը նաեւ հանդիպումներ ու օգտակար զրոյցներ ունեցաւ Վանի Կուսակալ հիքմէթ Թանի, Վանի Ապահովութեան Տնօրէն Թաճէթթին Քուրթի, Նարեկի Գիւղապետ Մուհէտտին Էլիւսթիւնի, Վանի համալսարանի Պատմութեան ամպիոնէն Տոց. Տքթ. Պէքիր Քոչլարի եւ վերադարձի ճանապարհին` Ազգային Պաշտպանութեան Նախարար Վէճտի Կէօնիւլի հետ։
Յաջող ուխտագնացութեան աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը իր Աթոռը վերադարձաւ երէկ գիշեր։ Ուխտագնացութեան մանրամասնութիւններն ու լուսանկարները յաջորդիւ։
Yorumlar kapatıldı.