İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏրԻԱրՔ հՕր շՓՈՒՄՆԵրԸ ԱՆԳԱրԱՅԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը ուղեկցութեամբ Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենադպիր Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեանի, Պատրիարքարանի Խորհրդականներէն Գրիգոր Տէօշէմէճեանի եւ Իրաւաբաններէն Լուիզ Պաքարի երէկ առաւօտ Անգարա մեկնեցաւ։ Պատուիրակութեան «բարի ճանապարհ» մաղթելու համար օդակայանի պատուոյ սրահը ներկայ կը գտնուէին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ եւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդներու ատենապետները` Էփրեմ Պաղ ու հապիպ Էօզֆըրընճը։

Նորին Ամենապատուութիւնը Անգարայի մէջ նախ այցելեց Վաքըֆներու Ընդհանուր Վարչութիւնը եւ հանդիպում ունեցաւ Ընդհանուր Տնօրէն Եուսուֆ Պէյազըտի հետ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը շնորհաւորեց Տնօրէնը իր պաշտօնի կոչուելուն առթիւ եւ յաջողութիւն մաղթեց իրեն։ Նորին Ամենապատուութիւնը Տնօրէնին շնորհակալութիւն յայտնեց, որ պետութիւնը երկար ժամանակէ յետոյ վերջապէս փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու էական հարցերը քննարկել սկսած էր, ինչ որ փոքրամասնութիւններու համայնքային կեանքի բարելաւման գծով դրական զարգացում մըն էր։ Պէյազըտ պատասխանեց, թէ իբրեւ Վարչութիւն միշտ ի մտի կ՛ունենան վաքըֆներու տեւականացումը եւ անոնց ծառայութեանց բնական հունի մէջ շարունակութիւնը, նաեւ տեղեկացուց թէ Դեկտեմբեր ամսուան մէջ միջազգային մասնագէտներու մասնակցութեամբ համաժողով մը պիտի կայանայ։ համաժողովը պիտի քննարկէ Թուրքիոյ եւ արտասահմանի հասարակական բարենպատակ հիմնարկներուն բնոյթը։ համաժողովէն յետոյ ոչ¬մահմետական համայնքներու կարծիքն ալ առնելէ ետք փոքրամասնութիւններու վաքըֆներուն մասին յաւելուածական նոր օրէնքի մը պատրաստութեան պիտի ձեռնարկուի։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿրՕՆԱԿԱՆ ԳՈրԾԵրՈՒ ՏԵՍՉՈՒԹԵԱՆ

Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը իր հետեւորդներուն հետ այցելեց Թուրքիոյ հանրապետութեան Վարչապետութեան կից Կրօնական Գործերու Տեսուչ Փրօֆ. Տքթ. Ալի Պարտաքօղլուի։ Նորին Ամենապատուութիւնը Տեսչութեան հիւրասրահի մուտքին դիմաւորուեցաւ Կրօնից Տեսուչին կողմէ։ Ամեն. Ս. պատրիարք հայրը, Պատրիարքական Աթոռի, Կրօնական Ժողովի եւ համայնքին անունով շնորհաւորեց Կրօնից Տեսուչին պաշտօնակալութիւնը։ Նորին Ամենապատութիւնը ընդգծեց միջկրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը եւ յայտնեց որ Պատրիարքական Աթոռը պատրաստ է շարունակելու Կրօնից Տեսչութեան հետ ստեղծուած դրական երկխօսութիւնը որ կը սատարէ գործնական քայլեր առնելու տարբեր կրօնք ու դաւանանքներու պատկանող հայրենակիցներու խաղաղ համակեցութեան։

Կրօնից Տեսուչը շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան եղբայրական այցելութեան եւ ըրած բարեմաղթութիւններուն համար եւ շեշտեց, թէ հայրենակիցները պահելով հանդերձ իրենց կրօնքներն ու դաւանանքները սիրով ու յարգանքով պէտք է մօտենան իրարու։ Տարբերութիւնները պէտք է ընկալել իբրեւ աստուածային պարգեւ, եւ այն տարբերութիւններուն մէջ ցոյց պէտք է տալ համակեցութեան արուեստին գեղեցկութիւնը։ Կրօնից Տեսուչը փափաք յայտնեց, որ այս առաջին հանդիպումը իր շարունակութիւնը ունենայ եւ երկու կրօնապետներու գլխաւորած համայնքները, այլ համայնքներու պետերուն ալ մասնակցութեամբ կազմակերպեն համաժողովներ, գեղարուստական ելոյթներ եւլն.։ Կրօնքներու գլխաւոր նպատակն է համերաշխութիւն եւ խաղաղութիւն քարոզել։ Կրօնքներու մէջ տեղ չունին կռիւներն ու պատերազմները, որոնք երբեմն շատ ծանր հարուածներ կրնան տալ ժողովուրդներու փոխ¬ըմբռնման։

Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը հոգեւորական պատրաստելու դժուարութեանց եւս ակնարկելով, կրկնեց իր առաջարկը, ըստ որուն հարցը կարեւոր մասամբ լուծուած կ՛ըլլար եթէ համալսարանի մը մէջ այդ ուղղութեամբ ամպիոն մը բացուի, եւ այդ ամպիոնին մէջ պատրաստուին հոգեւորականութեան թեկնածուները։ Կրօնից Տեսուչը ըսաւ որ ոչ¬մահմետական համայնքներու ամենաբնական իրաւունքն է այդ եւ խոստացաւ այդ ուղղութեամբ խորհրդակցութիւններ ունենալ պետական աւագանիին հետ։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱհԻՆ

Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը յետ միջօրէի հանդիպում ունեցաւ Ազգային Ժողովի Նախագահ Պիւլէնթ Արընչի հետ։ Նախագահութեան պաշտօնարանին մէջ կայացած հանդիպումին Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորելէ վերջ Մեծայարգ Նախագահի պաշտօնակալութիւնը, բարձր գնահատեց Ազգային Ժողովի երդիքին տակ Մէհմէտ Էլքաթմըշի նախագահութեամբ գործող Մարդկային Իրաւանց մասնախումբի անդամներուն փութաջանութիւնը։ Ազգային Ժողովի կողմէ փոքրամասնութեանց հարցերու լուծման եղանակ որոնելու համար ուղղակի Պատրիարքական Աթոռ տրուած այցելութիւնները համայնքային շրջանակները յուսալի սպասման մէջ դրած են։ Պատրիարք հօր եւ ԱԺ Նախագահին տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ հոգեւորական պատրաստելու հարցը, որուն առընչութեամբ Նորին Ամենապատուութիւնը պարզեց իր տեսակէտնեը։ ԱԺ Նախագահը ընդգծեց կրօնքի եւ լեզուի ուսուցման կարեւորութիւնը եւ զանոնք նկատեց մարդոց ամենաբնական իրաւունքները։ Ան իր խօսքերուն մէջ անդրադարձաւ, թէ Վարչապետ Էրտողան հետաքրքրուած է Ամեն. Ս. Պատրիարք հօր այցելութեան ընթացքին ներկայացուցած թղթածրարի պարունակութեան։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱրՏԱՔԻՆ ԳՈրԾՈՑ ՆԱԽԱրԱր ԵՒ ՎԱրՉԱՊԵՏԻ ՕԳՆԱԿԱՆ ԱՊՏՈՒԼԼԱհ ԿԻՒԼԻ

Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը այցելեց Վարչապետի Օգնական եւ Արտաքին Գործոց Նախարար Ապտուլլահ Կիւլի։ հանդիպումը կայացաւ Վարչապետարանին մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորական խօսքերէն յետոյ ընդգծեց, որ Թուրքիոյ հայերը այս երկրին գիտակից քաղաքացիներն եւ բնականաբար կը փափաքին նաեւ որ Թուրքիոյ եւ հայաստանի փոխ¬յարաբերութիւններուն առաւել զարգացումը յառաջընթաց արձանագրէ։ Այդ ուղղութեամբ Պատրիարքարանն ու իր ներկայացուցած համայնքը բնական է որ իրենց կարելին կ՛ընեն։ հայաստանի եւ Սփիւռքի հայ ժողովուրդը աւելի շատ վստահութիւն պիտի ցուցաբերեն, երբ տեսնեն թէ Թուրքիոյ հայերուն առօրեայ կեանքը ազդող կրօնական, կրթական եւ բարեսիրական հաստատութիւններուն առջեւ ցցուած դժուարութիւնները այլեւս իրենց օրինական լուծումը գտնեն։ Այս հարցերուն գլխաւորներն են հոգեւորական ու լեզուի որակաւոր ուսուցիչ պատրաստելու եւ կալուածներու հարցերը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, թէ ինք անձնապէս յուսադրուած է, տեսնելով, որ Անգարա տուած իր նախորդ այցելութեան ընթացքին ներկայացուցած հարցերը այժմու կառավարութեան միաւորներուն կողմէ հետապնդուիլ սկսած են։ Իր կարգին Ապտուլլահ Կիւլ բացառիկ ջերմութեամբ դիմաւորեց մեր հոգեւոր Պետն ու հետեւորդները, շնորհակալութիւն յայտնեց տրուած այցելութեան համար, վստահեցուց, որ Նորին Ամենապատուութեան կողմէ նախապէս ներկայացուած հարցերը ուշադրութեամբ կը քննարկուին։ Կիւլ ըսաւ. «հարցեր կան բնականաբար եւ ատոնց լուծում պահանջելը Ձեր ամենաբնական իրաւոնքն է, իսկ հարցերուն օրինական լուծում մը գտնելը պետութեան պարտականութիւնն է»։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԱԽԱրԱր ՄԷհՄԷՏ ԱԼԻ շԱհԻՆԻ

Ամեն. Ս. Պատրիարք հօր երէկի վերջին հանդիպումը կայացաւ Վարչապետարանի մէջ Վաքըֆներու պատասխանատու Պետական Նախարար Մէհմէտ Ալի շահինի հետ։ Այս հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Վաքըֆներու Ընդհանուր Վարչութեան Տնօրէն Եուսուֆ Պէյազըտ։ Նորին Ամենապատուութիւնը անգամ մը եւս ներկայացուց համայնքային վաքըֆներու հետ առընչուած հարցերը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը դիտել տուաւ, թէ Թուրքիա այսօր փոխանցման շրջանէ մը կ՛անցնի, 1930ական թուականներու օրինակարգը տակաւ ժամանակակից դարձնելու գործը ընթացքի մէջ է եւ հայ համայնք ալ կը ջանայ իր ներդրումով օգտակար հանդիսանալ սոյն գործընթացին իր դիմումներով եւ առաջարկներով։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց համայնքային վաքըֆներու կալուածատիրական հարցերու լուծման կարեւորութիւնը, սոյն գործընթացքին մէջ։ Մեծայարգ Նախագահը յայտնեց, թէ այժմու կառավարութեան շրջանին ընդունուեցան նոր օրէնքներ եւ այդ ուղղութեամբ պատրաստուեցան նոր կանոնադրութիւններ, որոնց գործադրութեան մէջ երբեմն ստեղծուած են ինչ ինչ բարդութիւններ։ Այս բարդութեանց բարձման համար կարելի է միասնական ախատանք տանիլ։ Կառավարութիւնը կը փափաքի որ այս հարցերը այլեւս լուծուին, ոչ միայն Եւրոմիութեան անդամակցելու համար, այլ ամէն բանէ առաջ անոր համար, որ երկրի ընկերային մակարդակի բարձրացումը ժամանակակից չափանիշներու պէտք բարձրանայ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը իր իւրաքանչիւր հանդիպման աւարտին պետական պաշտօնեաներուն նուիրեց Արսէն եարմանի հեղինակած Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի Պատմութեան գիրքը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը եւ իր ուղեկիցները նոյն օրը ուշ երեկոյեան Պոլիս վերադարձան։ Դիմաւորելու համար պատուոյ սրահ ներկայ կը գտնուէին Եշիլգիւղի Թաղային Խորհուրդի անդամները։

Yorumlar kapatıldı.