İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: Ս. ԹԱրԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ ՍԱՄԱԹԻՈՅ Ս. ԳԷՈրԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

12 հոկտեմբեր 2003 Կիրակի առաւօտ, Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը կիրակնօրեայ արարողութեանց

եւ Ս. Պատարագին նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագը մատոյց տեղւոյն

հոգեւոր հովիւը Արժ. Տ. Անդրէաս Քհնյ. Յակոբեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Խաչիկ Սրկ.

Սարըլը, Բրկ. ուրարակիրներ Մուրատ Աքկիւն եւ Տիրան Ներկիզեան եւ այլ երիտասարդ դպիրներ։

Երգեցողութիւնները Մայր Եղանակով յաջողապէս կատարեցին Սահակեան Դպրաց Դասու անդամներն ու

հետեւող մանկանց խումբը առաջնորդութեամբ Բրկ. Գէորգ Կ.սրկ. Ներկիզեանի։ Սամաթիոյ Եկեղեցին,

ինչպէս միշտ, բերնէ բերան լեցուած էր ժողովուրդի խուռներամ բազմութեամբ, որուն մեծ մասը մեծ

երկիւղածութեամբ մօտեցաւ Սուրբ Սեղանին եւ ստացաւ Ս. հաղորդութիւն։

ԱՅրԻԻՆ ԼՈՒՄԱՆ

Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը կիրակնօրեայ իր քարոզը խօսեցաւ Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան

պաշտօնէն անմիջապէս առաջ։ Մեր հոգեւոր Պետը նախ անդրադարձաւ օրուան աւետարանական հատուածին, որ

առնուած էր Մարկոսի Աւետարանի 12րդ գլուխէն։

Օր մը Տէր Յիսուս իր աշակերտներուն հետ կեցած էր Ս. Երուսաղէմի տաճարի գանձանակին դիմաց, ու կը

դիտէր պաշտամունքի յաճախող ժողովուրդը, որոնցմէ փափաքողներ կը մօտենային գանձանակին եւ անոր

մէջ կը նետէին իրենց սրտաբուխ նուէրները։ Մեծահարուստները կու գային եւ բոլորին տեսանելի

հանդիսաւոր ձեւակերպութեամբ շատ արծաթ ու ոսկի դրամ կը նետէին գանձանակին մէջ։ Ապա ցնցոտիներ

հագած այրի կին մը եկաւ եւ մեծ երկիւղածութեամբ երկու պղինձ լումայ նետեց։ Այդ տեսնելով` եւ

զգալիօրէն յուզուած, Տէր Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Տեսա՞ք այդ այրի կինը, որ երկու

լումայ դրաւ։ Լաւ գիտցէք, որ այդ չքաւոր այրին աւելի շատ դրամ դրաւ գանձանակին մէջ, քան`

մեծահարուստները»։

Աշակերտները զարմացան որ Յիսուս այրի կնոջ երկու լուման հարուստներու դրամէն աւելի գնահատեց։

Իսկ Տէր Յիսուս Իր միտքը բացատրեց հետեւեալ կերպով. «Բոլորը իրենց աւելորդ գումարէն դրին, իսկ

այրի կինը դրաւ ամէն ինչ որ ունէր, իր ունեցած ամբողջ դրամը, որ պիտի գործածէր ապրելու համար»։

Պատրիարք հայրը հաւատացեալներուն յիշեցուց, որ կարելի չէ հաւատալ առանց Աստուծոյ վստահելու։

Այրի կինը իր ունեցած¬չունեցածը գանձանակին մէջ դրաւ, որովհետեւ կը վստահէր Աստուծոյ, գիտէր որ

Աստուած կերպով մը պիտի հայթայթէր իր անհրաժեշտ կարիքները։ «Մեծահարուստ կամ աղքատ,

գործարանատէր կամ գործաւոր, ապարանքի տանտէր կամ դռնապան, ամէն մարդ իր ունեցած կամ իրեն

տրուած չափով բան մը ունի Աստուծոյ գործին նուիրելու համար։ Մեծ կամ փոքր նուիրատուութիւնը

պէտք է ըլլայ արժանապատիւ կերպով, հաւատքով, առանց փողի ու թմբուկի, եւ Աստուած որ գաղտնատես է

եւ գիտէ մեր բոլորին սրտի գաղտնիքները, վարձահատոյց կ՛ըլլայ իր կենդանարար ու կենսափոխ հոգեւոր

շնորհներով» ըսաւ մեր հոգեւոր Պետը։

ՄշԱԿՆԵր ԸԼԼԱԼ

Նորին Ամենապատուութիւնը ապա մանրամասն կերպով խօսեցաւ Ս. Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսի, Ս. Մեսրոպ

Մաշտոց Վարդապետի եւ Վռամշապուհ Թագաւորի գլխաւորած Թարգմանչաց շարժումին մասին, որուն շնորհիւ

1600 տարիներէ ի վեր կրօնա¬եկեղեցական, հոգեւոր, բարոյական, նիւթական որեւէ արժէքի հետ

անբաղդատելի մեծ հարստութիւն ունինք հայ Քրիստոնեաներս։ հայոց նշանագրերով մեր լեզուին

թարգմանուած Աստուածաշունչը օտար մասնագէտներու կողմէ իսկ «Թարգմանութեանց Թագուհին»

անուանուեցաւ։ Աստուածաշունչի շնորհիւ հայ ժողովուրդը աւելի մօտէն ծանօթացաւ եւ խորացաւ

Քրիստոնէութեան, Աստուածորդիին քարոզած Լոյս հաւատքով պայծառակերպուեցան իր մշակոյթի բոլոր

երեսները, այնքան որ այլեւս ուր որ է հոմանիշ դարձած են հայ ու Քրիստոնեայ բառերը։

Նորին Ամենապատուութիւնը շարունակեց իր քարոզը ընդգծելով որ հոգեւորին առընթեր Թարգմանչաց

շարժումը հայ ժողովուրդին պարգեւեց նաեւ որեւէ ազգի գոյատեւման համար ամենատարրական

անհրաժեշտութիւնը, քանի որ գիրերու գիւտը ապահովեց հայերէն լեզուի արձանագրութիւնը, ստեղծեց

գրականութիւն եւ բարձր մշակոյթ։ Աներեւակայելի է ազգապահպանման մասին խօսիլ առանց

անդրադառնալու լեզուին ու գիրին։ Ահաւասիկ թէ ինչու հայ Եկեղեցին դարեր շարունակ կենսական

նկատեց ազգային¬եկեղեցական կրթութիւնը, պատմութեան ամենախաւար շրջաններուն իսկ գիրի ու

գրականութեան կանթեղը վառ պահեց դպրանոցներու մէջ, իսկ հոգեւոր առաջնորդներ յատկապէս 18րդ

դարէն սկսեալ դպրանոցներու առընթեր սկսան զարկ տալ համայնքային ազգային վարժարաններ բանալու

գործին։ Ուր որ դպրոց չկար հոգեւորականներ ու վարժապետներ տուներու մէջ դասարաններ կազմեցին

նախնական կրթութիւն ջամբելու համար, որոնք բնականաբար ժամանակի ընթացքին անբաւարար եւ նախնական

մնացին եւ ի վերջոյ 19րդ դարուն գրեթէ բոլոր մեծ քաղաքներու մէջ սկսանք ունենալ մեր

համայնքային վարժարանները։

Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը այստեղ շնորհաւորեց Սամաթիացիները, որովհետեւ այս թաղի բնակիչներուն

մեծ մասը Պոլիս եկած էր Կեդրոնական Անատոլուէն ուր հայ ժողովուրդը անցեալին կ՛օգտագործէր

հայատառ թրքերէնը։ հակառակ անոր որ պատմութեան տխուր պայմաններու բերմամբ այժմու

Սամաթիացիներու մեծ մասը հայախօս չէր, սակայն տէր էր տոհմիկ արժէքներու գիտկացութեան, կը պահէր

մեր ամենէն շատ աշակերտ ունեցող ազգային վարժարաններէն Սահակեանը եւ թաղեցիներուն գրեթէ բոլորը

իրենց զաւակները անպայման ազգային վարժարան կ՛ուղարկէին որպէսզի անոնք հաղորդ դառնային իրենց

նախահայրերուն լեզուին ու հաւատքին։

ԼՈՒՄԱ ԴՆԵԼ

«Մեր մշակոյթի գանձանակէն ներս ամէն մարդ իր լուման պէտք է դնէ» ըսաւ Պատրիարք հայրը։ Ամէն

մարդ, մեծ կամ պզտիկ, բան մը ունի տալիք որպէսզի մեր արժէքները գոյատեւեն։ Ամէն մարդ բոլոր

շնորհներով օժտուած չըլլար։ Ամէն մարդ չի կրնար նոյնպէս գրել, խօսիլ կամ արտասանել, նոյնպէս

երգել կամ պարել, նոյնպէս նկարել կամ շինել։ Սակայն ամէն մարդ իր ունեցած շնորհներուն կամ

տաղանդներուն չափով ներդրում մը կրնայ ընել։ Մշակոյթը սիրելով, գնահատելով, անոր արժէք տալով,

անոր տէր կանգնելով պէտք է սկսիլ։ Պէտք չէ մոռնալ որ հայ Մշակոյթը, իր ստեղծած անցեալի կամ

ներկայի բոլոր արժէքներով մեզի, հայ Ժողովուրդին, կը պատկանի։ Եթէ պիտի գոյատեւենք մեր

ինքնութեամբ, մեր մշակոյթով միայն կրնանք գոյատեւել։ «Ահաւասիկ այստեղ է գիրին, լեզուին,

հաւատքին, եկեցիին, դպրոցին, մամուլին անփոխարինելի դերը։ Քանակը կարեւոր չէ։ Սակայն անպայման

պէտք է դնենք մեր լուման։ հայ ապրելու, հայ մնալու գիտակցութիւնը ունեցող մարդը պէտք է սկսկի

հայ Եկեղեցի եւ հայ Դպրոց յաճախելով, հայատառ Մամուլ կարդալով» յորդորեց Պատրիարք հայրը, եւ

աւելցուց «հայաբար ապրիլը բնաւ չի խոչնդոտեր մեր քաղաքացիական գիտակցութիւնը, բնաւ արգելք

չըլլար որ մեր երկրի միւս հայրենակիցներուն կողքին մենք ալ սատարենք, ինչպէս միշտ ալ ըրած ենք

անցեալին, այս երկրի յառաջընթացին եւ վերելքին»։

ԺՈՂՈՎՈՒրԴԻՆ հԵՏ

Քարոզի աւարտին կատարուած հոգեհանգստեան Պաշտօնէն յետոյ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը եկեղեցական

թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ բակը, ուր մէկտեղուեցաւ ժողովուրդին հետ։ Ամէն տարիքէ

հաւատացեալ կրցաւ մօտենալ ու երկար զրուցել մեր հոգեւոր Պետին հետ։ Նորին Ամենապատուութիւնը

ապա այցելեց Սահակեան Դպրաց Դասու ուսմնարանը եւ կարճ հանդիպում մը ունեցաւ երիտասարդներուն ու

մանուկներուն հետ։ Աւելի վերջ Պատրիարք հայրը եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ թէյասեղանի շուրջ

զրուցեց Սամաթիոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայ անդամներուն հետ։

ԵրԻՏԱՍԱրԴՆԵրՈՒ ԱշՆԱՆԱհԱՒԱՔԸ

Կիրակի երեկոյեան, Պատրիարք հայրը, իր Տիրամօր Մարի Մութաֆեանի եւ հիւրաբար Պոլիս գտնուող հայր

Ճոն Ուըլիի հետ ներկայ եղաւ Սիլիվրի գաւառակին կապուած Ճէլալիէ գիւղը Ոսկի Աշունը տօնելու

համար հաւաքուած երիտասարդներու թէյասեղանին։ հաւաքոյթին ներկայ եղան զանազան թաղերէն

երիտասարդներ, որոնք հիւրերն էին Ակնցի գործարար Նորայր Ինճէեանին, իր կողակցին եւ

զաւակներուն։ Երիտասարդները մեծ հետաքրքրութեամբ եւ հաճոյքով ունկնդրեցին Կեսարահայ գորգի

վարպետ հայկազ շիրինօղլուի յուշերը։ Պատրիարք հայրն ալ հակիրճ ծանօթութիւններ տուաւ Ս. Մեսրոպ

Մաշտոցի եւ Թարգմանչաց Վարդապետներու ստեղծած շարժումին եւ Ոսկեդարուն մասին։ Վաղ աշնան ոսկեայ

եղանակին, որթատունկի տաղաւարներուն տակ, հայ երաժշտութեամբ օծուն սքանչելի մթնոլորտին մէջ

երիտասարդները տօնեցին իրենց ինքնութիւնն ու անրադարձան մեր փառաւոր մշակոյթի հարստութեան։
Կ՛արժէր դիտել երբ արեւը` առաջ ոսկեայ ապա անուշ ու խոր ծիրանագոյն կսկլոր գունդի մը պէս տակաւ

մօտեցաւ Մարմարա ծովու հորիզոնին եւ հուսկ անյայտացաւ, ծագելու, լուսաւորելու եւ ջերմացնելու

համար աշխարհի այլ մէկ անկիւնը։

Yorumlar kapatıldı.