İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՔ¬ՊԱշՏՕՆԱԿԱՆՔ 1 ¬ 12 հոկտեմբեր 2003

հՈԿՏ. 1, Դշ. ¬ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը ժամը 15.00ին ընդունեց Գումգաբու, Սամաթիա, Պագրգիւղ եւ Եշիլգիւղի եկեղեցասէր տիկիններու ներկայացուցիչները եւ իրենց հետ խորհրդակցեցաւ տիկնանց միջկրօնական յարաբերութիւններուն մասին։

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 16.00ին ընդունեց Թագսիմի Էսաեան Վարժարանի հիմնադիր ճարտարապետ Նազար Պինաթլըն։

հՈԿՏ. 2, Եշ. ¬ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը Ս. Գրիգոր Նարեկացիի 1000ամեակի ուխտագնացութեան մասնակցելու համար ժամը 07.30ին Եշիլգիւղի օդակայանին պատուոյ սրահը ժամանեց, սակայն գլխաւոր պատասխանատուն ըսաւ, որ տեղեակ չէին Նորին Ամենապատուութեան ճամբորդութեան մասին, ուստի Պոլիս¬Վան օդանաւուն մէջ տեղ չկար։

Ժամը 11.00ին Պատրիարքական Աթոռը լուսաբանութիւն մը հրապարակեց պարզելու համար թէ Նորին Ամենապատուութիւնը ինչ պայմաններու ներքեւ չէր կրցած մասնակցիլ Նարեկի ուխտագնացութեան։

Յետ միջօրէի Թուրքիոյ Ճամբորդական Ընկերութեանց Միութեան վարիչները կապ հաստատեցին Նորին Ամենապատուութեան հետ, ցաւ յայտնեցին օդակայանի մէջ պատահած դէպքին համար եւ պախարակեցին պաշտօնեաներու ապիկարութիւնը։ Առաջարկեցին, որ Պատրիարք հայրը Ուրբաթ առտուան օդանաւով Վան մեկնի եւ միանայ 107 Պոլսահայ ուխտաւորներուն որոնք արդէն Վան հասեր էին։ Նորին Ամենապատուութիւնը մերժեց առաջարկը։

Վան նահանգի Կուսակալ հիքմէթ Թան իր մամլոյ զեկոյցին մէջ ցաւ արտայայտեց որ հայոց Պատրիարքը Վան չկրցաւ ժամանել, ըսաւ որ շատ փափաքած էր Մեսրոպ Պատրիարքի հետ ծանօթանալ եւ ընդգծեց հոգեւոր ուխտագնացութեան կարեւորութիւնը Վան քաղաքի ծանօթացման համար։

հՈԿՏ. 3, Ուր. ¬ Թուրք Օդային Գիծերու Բանբեր րէճէփ Կիւվէլիօղլու մամլոյ զեկույց մը հրապարակեց, ըստ որուն Թուրք Օդային Գիծերը որեւէ յանցանք չունէր, Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը Վանի օդանաւով չէր կրցած ճամբորդել պարզապէս այն պատճառաւ որ Պատրիարքարանը առաջուց տոմսակ եւ տեղ չէր ապահոված ճամբորդութեան համար, իսկ Նորին Ամենապատուութիւնը ճամբորդութեան օրը օդակայան հասած էր թռիչքէն միայն 10 վայրկեան առաջ։

Պատրիարքարանի Մամլոյ Բանբեր իրաւաբան Լուիզ Պաքար պատասխանեց Թուրք Օդային Գիծերու ներկայացուցչութեան, թէ համակարգիչներէ կարելի էր ստուգել որ Պատրիարքարանը երկու շաբաթ առաջուց ապահոված էր օդանաւու տոմսակները, օր մը առաջ պաշտօնական նամակ ուղարկուած էր օդակայանի վարչութեան, իսկ ճամբորդութեան օրը թռիչքէն ճիշդ 50 վայրկեան առաջ Պատրիարքարանի պաշտօնեան պատուոյ սրահ ներկայացած ու պաշտօնեաները տեղեակ պահած ու հաստատած էր որ Պատրիարք հայրը Վան պիտի ճամբորդէ։ Բնական է որ Պատրիարք հայրը թռիչքէն 10¬15 վայրկեան առաջ պատուոյ սրահը ժամանէր, պատուոյ սրահին գոյութեան նպատակն ալ արդէն ատիկա էր։ Ուստի օդակայանի պատուոյ սրահի պաշտօնէութիւնը պատասխանատու կը նկատուէր տգեղ զարգացումներէն։

հՈԿՏ. 4, շբ. ¬ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը ժամը 18.00ին օծեց Ֆէրիգիւղի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ աւագ սեղանը եւ նախագահեց եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացման արարողութեան, երեկոյեան ժամերգութեան եւ Կիրակամուտքին։ Արարողութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Արամ Եպիսկ. Աթէշեան, միաբան հայր սուրբերը եւ խումբ մը քահանայ հայրեր։ Տաճարին ներքնամասը ներկուած էր շիշլիի Քաղաքապետութեան օժանդակութեամբ։

Նորին Ամենապատուութիւնը այնուհետեւ Պոսթանճըէն նաւով Գնալը Կղզի անցաւ եւ նաւամատոյցը դիմաւորուեցաւ տեղւոյն Թաղային Խորհուրդի անդամներուն կողմէ։

հՈԿՏ. 5, ԿԻր. ¬ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը կիրակնօրեայ արարողութեանց նախագահեց ու քարոզեց Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, ուր Ս. Պատարագը մատոյց հոգշ. հայր Թաթուլ Աբեղայ Անուշեան։

Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Տ. շահան Արքեպիսկ. Սվաճեան կիրակնօրեայ արարողութեանց հանդիսապետեց, Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Թագսիմի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ։

Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Արամ Եպիսկ. Աթէշեան կիրակնօրեայ արարողութեանց հանդիսապետեց եւ քարոզեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ ուր Ս. Պատարագը մատոյց հոգշ. հայր Զաքէոս Աբեղայ Օհանեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը կէսօրէ յետոյ Պատրիարքական Ամարանոցին մէջ ընդունեց Գալֆաեան Տան Խնամակալութեան անդամներէն Բրշ. Տքթ. Ռոյ Սրկ. Քիւչիւքաթէշը, Գնալըի Ներսէսեան Դպրաց Դասու Տնօրէն Խորհուրդի Ատենապետ Խաչիկ Ճանէլը, Արէտ Վարդանեանը, Արի Տէմիրճեանը եւ Սայաթ Տէլիճէն։

հՈԿՏ. 6, Բշ. ¬ Ստանպուլի Ազատագրման Տօնին առիթով, միւս կրօնապետներու կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը ժամը 09.30ին ներկայ եղաւ Կուսակալութեան ընդունելութեան եւ շնորհաւորեց Ստանպուլի Կուսակալը, Ա. Բանակի հրամանատարը եւ Ստանպուլի Քաղաքապետը։

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 10.45ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Լիազօր եւ Արտակարգ Դեսպան Էրիք Էտէլմանը։

Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Արամ Եպիսկ. Աթէշեան արտասահման մեկնեցաւ։ Նորին Սրբազնութեան տարեկան արձակուրդը պիտի տեւէ երկու շաբաթ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը, յետ միջօրէի, ընդունեց Առաքինազարդ Մայր հռիփսիմէ Սարկաւագուհի Սասունեանը, Փանկալթըի Մխիթարեան Վարժարանի Ծնողաց Միութեան ներկայացուցիչները, եւ հուսկ` Բանակի Ցամաքային Ուժերու Դպրոցէն Դասախօս հազարապետ Ճէնկիզ Պոզայը։

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 19.00ին ներկայ եղաւ Ամերիկայի Պոլսոյ Աւագ հիւպատոս Տէյվիտ Արնէթի սարքած ընդունելութեան ի պատիւ ԱՄՆ¬ու Լիազօր Դեսպան Էրիք Էտէլմանի։

հՈԿՏ. 7, Գշ. ¬ Նորին Ամենապատուութիւնը օրուայ ընթացքին կարգաւ ընդունեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Բ. Ատենապետ` Մաժակ Չաքըր¬Օհանեանը, Ս.Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի նախկին հոգաբարձուներէն Արսէն Եարմանը, Թագսիմի Էսաեան Սանուց Միութեան Վարչութեան անդամները, Գումգաբու Դրսի Ս.Յարութիւն Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հոգշ. հայր Սահակ Աբղ. Մաշալեանը, Պագրգիւղի Ծնունդ Սրբուհւոյ Աստուածածնի Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանն ու Սրբոց Քառասնից Մանկանց Դ.Դաս¬Երգչախումբի Դպրապետն ու Տնօրէն Խորհուրդի անդամները, Պագրգիւղի Տատեան Սանուց Միութեան Վարչութեան անդամները, եւ վերջապէս Տքթ. Մուրատ Ուղուրլուճանը։

հՈԿՏ. 8, Դշ. ¬ Նորին Ամենապատուութիւնը օրուայ ընթացքին կարգաւ ընդունեց Ֆէրիգիւղի հոգեւոր հովիւ հոգշ. հայր Զաքէոս Աբղ. Օհանեանը, Գատըգիւղի Արամեան Սանուց Միութեան ներկայացուցիչները, շիքակոյէն Բրշ. Գրիգոր Սրկ. Միրիճանեանը, Սեւ Ծովեան Տնտեսական համագործակցութեան Կազմակերպութեան Պոլսոյ Միջազգային Քարտուղարութեան մօտ հայաստանի Ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեանը, Երեւանցի գործարար Արամ շահինեանը եւ ճարտարապետ Էօմէր Պորթաչինան։

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 19.00էն սկսեալ ներկայ եղաւ Միլլի րէասիւրանս Սենեկային Նուագախումբի «Տարբեր Աշխարհագրութիւններէ Նմոյշներ» յորջորջուած համերգին, որ տեղի ունեցաւ Թէշվիքիէյի Միլլի րէասիւրանս Սրահին մէջ, խմբավարութեամբ Մաէսթրօ Էմին Կիւվէն Եաշլըչամի եւ մենակատարութեամբ աւագափողահար Կապրիէլէ Քասսոնէի։

հՈԿՏ. 9, Եշ. ¬ Նորին Ամենապատուութիւնը օրուայ ընթացքին կարգաւ ընդունեց Սարգիս Եըլտըրըմը, Կարապետ Կէնէլը, Տիգրան Արաչեանը, Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի Բ. Ատենապետ Պետրոս շիրինօղլուն եւ կողակիցը Լետան, Յակոբ շիրինօղլուն ու խօսեցեալը Սելինը, Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Յովհան Աւ.Քհնյ. Ստանպուլեանը, Աթէօլիէ Ֆիլմ ընկերութեան ներկայացուցիչ Տիլէք Քէօսէն, Դանիոյ «Մորկէնավիզէն» օրաթերթի խմբագիր Լասսէ Էլլէկարտը, Դանիոյ Աւետարանական Եկեղեցիէն Աստուածաբանութեան Տքթ. Եոհաննէս Քրիստէնսընը եւ հուսկ` Արտա Չավտարը։

10 հոկտեմբեր 2003, Ուր. ¬ Նորին Ամենապատուութիւնը օրուայ ընթացքին կարգաւ ընդունեց Ճարտարապետ Գէորգ Էօզքարակէօզը, Ճարտարապետ Էօմէր Պորթաչինան, Մէթին Քաշօն, Ս.Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգեւոր հովիւ` Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանը, Երեւանէն հիւրաբար քաղաքս գտնուող Յովհաննէս Կիզողեանը։

11 հոկտեմբեր 2003, շբ. ¬ Տօն Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետացն մերոց` Մեսրոպայ, Եղիշէի, Մովսիսի Քերթողին, Դաւթի Անյաղթ Փիլիսոփային, Գրիգորի Նարեկացւոյն, Ներսիսի Կլայեցւոյն, Ներսիսի Լամբրոնացւոյն եւ այլոց Վարդապետաց Սրբոց։ Յիշատակ Գիւտի Նշանագրաց հայոց եւ Թարգմանութեան Ս. Գրոց։ Սկիզբ Մշակոյթի շաբթուան։

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը նախագահեց հանդիսաւոր արարողութեանց եւ քարոզեց Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ, ուր Ս. Պատարագը մատոյց հոգշ. հայր Սահակ Աբեղայ Մաշալեան։ Կրօնական հանդիսութեանց աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը նախագահեց նաեւ տօնական սեղանին Ս. Խաչ «Դպրեվանք» Լիսէի ճաշարանին մէջ։

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 21.00ին պատուեց Յակոբ շիրինօղլուի եւ Սելին Թաքըճըի Պէշիկթաշի հիլթըն Քոնրատ հիւրանոցի սրահին մէջ սարքուած նշանտուքը եւ օրհնեց անոնց մատանիները։

12 հոկտեմբեր 2003, ԿԻր. ¬ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը կիրակնօրեայ պաշտամունքին նախագահեց ու քարոզեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ, ուր Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Անդրէաս Քհնյ. Յակոբեան։

Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Տ. շահան Արքեպիսկ. Սվաճեան կիրակնօրեայ պաշտամունքին հանդիսապետեց ու քարոզեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ մէջ ուր Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քհնյ. Տամատեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը ժամը 16.00ին ներկայ եղաւ երիտասարդներու աշնանամուտի հաւաքոյթին որ տեղի ունեցաւ Ակնցի Ինճէեան ընտանիքի Ճէլալիէյի ապարանքին ընդարձակ պարտէզին մէջ։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏրԻԱրՔԱրԱՆԻ

Yorumlar kapatıldı.