İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ՄշԱԿՈՅԹԻ շԱԲԹՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՆԿԱրՉՈՒԹԵԱՆ ՄրՑՈՒՄ

Պատրիարքական Աթոռը երէկ համայնքային վարժարաններուն ուղարկած նամակով, հայ Մշակոյթի շաբթուան առիթով Նկարչութեան Մրցում յայտարարեց։

14 ¬ 24 հոկտեմբեր թուականներուն միջեւ մեր վարժարաններու աշակերտները Գծագրութեան դասերու պահերուն ջրաներկ կամ իւղաներկ նկարներ պիտի պատրաստեն, ընտրելով «հայ Մշակոյթ», «Ս. Մեսրոպի Տեսիլքը», «Թարգմանիչ Վարդապետներ», «Ս. Մեսրոպ եւ Իր Աշակերտները», «Ս. Գրիգոր Նարեկացին եւ Իր Աղօթամատեանը», «Վանայ Ծովը եւ Աղթամարի Կղզին», «Ս. Գրիգոր Նարեկացին եւ Աստուածամայրը», «Եկեղեցի եւ Դպրոց», «հաւատք ու Լեզու» եւ կամ «Ձմեռը Իսթանպուլի Մէջ» թեմաներէն որեւէ մէկը։

Այս առիթով կազմուած Յանձնախումբ մը պիտի ընտրէ նկարներուն լաւագոյնները, որոնց հեղինակները Նոյեմբեր ամսուան մէջ յատուկ հանդիսութեամբ մը պիտի պարգեւատրուին Ամեն. Ս. Պատրիարք հօր ձեռամբ։

ՆԱրԵԿԻ հԱԶԱրԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵրԿրՈրԴ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական Աթոռը երէկ յայտարարեց, որ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Աղօթամատեանի հազարամեակին նուիրուած երկրորդ ուխտագնացութիւնը տեղի պիտի ունենայ 24, 25 եւ 26 հոկտեմբեր 2003 թուականներուն։ Ուխտաւորները պիտի այցելեն Նարեկ գիւղը, Աղթամար եւ Կտուց կղզիներու եկեղեցիները, Վարագայ վանքը եւ Վանայ բերդը։ Այս երկրորդ ուխտագնացութեան պիտի մասնակցին նաեւ հոգեւորականներ։

Yorumlar kapatıldı.