11 հոկտեմբեր շաբաթ առաւօտ, Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ Սրբոց Թարգմանչաց Տօնի առթիւ կատարուած հանդիսութեամբ սկսաւ հայ Մշակոյթի շաբաթը։ Արարողութեանց նախագահեց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը, շուրջն ունենալով Պատրիարքական Աթոռոյ վեղարաւոր միաբաններն ու քահանայից դասը։ հոգշ. հ. Սահակ Աբեղայ Մաշալեան` եկեղեցւոյ Ս. Թարգմանիչ Վարդապետներու ձօնուած ձախակողմեան Ս. Սեղանին վրայ մատոյց օրուան Ս. Պատարագը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Արտաշէս Սրկ. Նշանեան, Բրշ. Կարօ Սրկ. Թէրզեան եւ դպիրներ։ Իսկ երգեցողութիւնները կատարուեցան քահանայից դասու կողմէ, առաջնորդութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեանի։
ՔԱրՈԶԸ
Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը, Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց «Որք զարդարեցին տնօրինաբար զիմաստս Անեղին հաստատելով յերկրի զգիր կենդանի…» բնաբանով։ Նորին Ամենապատուութիւնը նախ ընդգծեց, որ այս տօնին առիթով կը յիշուին ոչ միայն Ս. Մեսրոպ Մաշտոցն ու իր անմիջական աշակերտները, այլ նաեւ միեւնոյն առաքելութեան յետագայ դարերու ռահվիրաները` Ս. Գրիգոր Նարեկացին, Ս. Ներսէս շնորհալին, Ս. Ներսէս Լամբրոնացին եւ հայ գիրի եւ գրականութեան սպասաւոր բոլոր հոգեւորականներն ու աշխարհականները։
Նորին Ամենապատուութիւնը իր քարոզին մէջ հանգամանաւոր բացատրութիւններ տուաւ հինգերորդ Դարու սկիզբի Թարգմանչաց շարժման եւ անոր հոգեւոր, եկեղեցական, մշակութային եւ քաղաքական հետեւանքներուն մասին։ Պատրիարք հայրը պատմեց, թէ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց ինչո՞ւ Պոլիս եկած էր եւ ինչպէ՞ս Եփրատ գետի արեւմտեան կողմը ապրող հայերուն եւս սորվեցուցած էր հայոց նոր նշանագրերը։
Պատրիարք հայրը ապա խօսեցաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի կեանքին, ապրած միջավայրին, յատկապէս իր հոգեւոր եւ գրական վաստակին մասին։ Ըսաւ, որ Աստուածաշունչ Մատեանին, Ժամագիրքին, շարակնոցին եւ Պատարագամտոյցին առընթեր դարեր շարունակ Նարեկի Աղօթամատեանը հայ Եկեղեցւոյ ամենէն շատ կարդացուած հոգեւոր գիրքը եղած է։
«Այսօր մենք շատ կը գանգատինք։ Փափկավար, քիչ մըն ալ շփացած` խնդրայարոյց մարդիկ ենք։ հայ եկեղեցին ու եկեղեցականը, հայ դպրոցն ու ուսուցիչը, հայ մամուլն ու խմբագիրը, հայ ընթերցողն ու երիտասարդը յաճախ անզգամօրէն քանդիչ քննադատութեան կ՛ենթարկենք, միշտ ուրիշի կամ ուրիշներու սխալներուն երկար ցանկերը պատրաստելու գործին մէջ մրցակից չենք ընդունիր։ Կայ ու չկայ մե՛նք կանք։ Մեր ըրածն ու ըսածը, մեր գրածն ու խօսածը ճիշդ է միայն։ Միւս կողմէ ոչ մէկ բան կը փոխուի։ Որովհետեւ լուծում առաջարկող չկայ։ Ահաւասիկ աղանդները կը բազմանան եւ օր ըստ օրէ աւելի շատ թիւով անդամներ կ՛որսան հայ Առաքելական Եկեղեցիէն։ Ահաւասիկ այս Վերամուտին անցեալ տարուանէն նուազ թիւով աշակերտներ արձանագրուեցան հայ վարժարաններուն մէջ։ Ահաւասիկ հայատառ մամուլի ընթերցողներու թիւը հետզհետէ կը նուազի,» ըսաւ Պատրիարք հայրը եւ այսպէս շարունակեց իր խօսքը. «հիմնական հարցեր են ասոնք եւ պարզապէս զիրար քննադատելով կարելի չէ տեղ հասնիլ։ Պէտք է հաւաքական կամք դրսեւորել։ Պէտք է ամէն գիտակից հայորդի անձնապէս շօշափելի քայլ մը նետէ մեր հաւատքն ու եկեղեցին, մեր գիրն ու լեզուն նախ ինքը իւրացնելու եւ ապա ուրիշներուն փոխանցելու առաքելութեան սատար կանգնելու համար։ հայերէն խօսիլ, հայոց նշանագրերը գործածել, իր զաւակը հայ դպրոց ուղարկել, մշակութային գործունէութեանց մասնակցութիւն բերել, հայատառ թերթ կարդալ, հայկական երաժշտութիւն ունկնդրել, տան մէջ հայկական երգի ու պարի տեղ տալ, մեր զաւակները հայ Եկեղեցի առաջնորդել… ասոնք այնքան ալ դժուար բաներ չեն, պարզապէս պէտք է հպարտ զգալ, կողմնորոշուիլ, “Փառք Աստուծոյ ես հայ Քրիստոնեայ եմ “ ըսել եւ Աստուծմով գործի լծուիլ։ Պէտք չէ մոռնալ, որ Թարգմանիչ Վարդապետները հինգերորդ դարուն, Նարեկացին Տասներորդ դարուն, Զարթօնքի սերունդը Տասնըիններորդ դարուն աներեւակայելիօրէն դժուար պայմաններու մէջ ապրելով հանդերձ հրաշքներ գործեցին, շարժում ստեղծեցին, հաւատացին Աստուծոյ, վստահեցան հայ Եկեղեցիին, սիրեցին մեր Ժողովուրդն ու մեր ազգային բարքերը, իրենց գաղափարները կեանքի վերածելու քաջութիւնն ունեցան։ Այդ օրերու եկեղեցին ու դպրոցները, կամ ընկերա¬քաղաքական միջավայրը այսօրուաններէն բնաւ աւելի լաւ չէին։ Այսօր ալ Պոլսոյ մեր կառոյցներուն վիճակը Սփիւռքի շատ մը գաղթավայրերէն աւելի նպաստաւոր կարելի է համարել։ Երանաշնորհ Գարեգին Յովսէփեանց Կաթողիկոսի պատմական կոնդակով հայ Մշակոյթին նուիրուած այս եղանակը առիթ կ՛ընձեռէ որպէսզի անդրադառնանք, խրախուսուինք եւ նորոգուինք մեր արժէքներով»։
Ամեն. Ս. Պատրիարք հօր քարոզէն ետք, Ս. հաղորդութիւն ստացան մեծ թիւով հաւատացեալներ եւ Ս. Խաչ «Դպրեվանք» Լիսէի սաները։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, պաշտօն կատարուեցաւ հայ գիրի ու գրականութեան, մշակոյթի նուիրեալներու, ուսուցիչներու հոգւոցն ի հանգիստ։
ՍԵՂԱՆԸ
Աւելի վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը նախագահեց նաեւ Ս. Խաչ Լիսէի սեղանատան մէջ սարքուած սիրոյ սեղանին։ Ս. Խաչ Լիսէի աշակերտները կոկիկ յայտագրով մը հանդէս եկան։ Արտա Թիւթիւն արտասանեց Մարզիկի «Սիրէ լեզուդ» բանաստեղծութիւնը։ Ապա Գայիանէ Տինչէօզ ընթերցեց Թարգմանչաց շարժման կարեւորութեան մասին գրութիւն մը։ Փելին Էրալփ արտասանեց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական»ը։ Լետա Թիւթիւնի մեներգներէն յետոյ Ռոյ Քալփաքճը ներկայացուց Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի գործունէութիւնը։ Յայտագրի աւարտին Մարալ Չիչէք արտասանեց՝ Սիամանթոյի «Տեսիլք»ը։
Իր սրտի խօսքն ըրաւ Գերշ. Տ. շահան Ս. Արքեպիսկոպոս։ Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ նախ ողջունեց Ս. Խաչ Լիսէի, Կեդրոնական Լիսէի եւ Ֆէրիգիւղի Վարժարանի տնօրէններուն, ուսուցիչներու, Ուսուցչաց հիմնարկի վարիչներուն ներկայութիւնը եւ գնահատեց օրուան տօնին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած նախանձախնդիր կեցուածքը։ շեշտեց, թէ այսօրուան տօնակատարութեան բացակաները շատ բան կորսնցուցած էին, իսկ ներկաները՝ շատ բան շահած։ Անդրադարձաւ, թէ Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին էր որ Երանաշնորհ Գարեգին Ա. Պատրիարքը հիմնած էր Ս. Խաչ Դպրեվանքը։ Եւ այդ օրէն սկսեալ այս երախտաշատ սուրբերը աւանդաբար կը յիշատակուէին Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Ընդգծեց հայ լեզուի կարեւորութիւնը ազգապահպանման տեսակէտէ։ Յիշեցուց, թէ այս տօնը երիտասարդ մտաւորականներու, ուսուցիչներու տօնն էր, քանի որ Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի աշակերտները երիտասարդներ էին։ Անոնք իրենց երիտասարդական աւիւնով նախ սորված էին լեզուներ, ապա տիրանալով նորագիւտ հայերէն տառերուն, պնդովին փարած էին թարգմանչական առաքելութեան եւ մեր ժողովուրդին ընծայած էին «հայերէն Աստուածաշունչ Մատեան»ը իբրեւ ամենաթանկագին նուէր։ Իր խօսքը ուղղելով Դպրեվանքի աշակերտներուն, թելադրեց տէր կանգնիլ հոգեւոր եւ մշակութային մեր արժէքներուն։ Այս առիթով շնորհաւորեց նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք հօր անուան տօնը։
հուսկ բանքը ըրաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը։ Նորին Ամենապատուութիւնը նախ յիշեցուց, թէ հայաստանի մէջ ժամանակին գտնուած էին անձեր, որոնք ազդուելով վարչակարգի անաստուած եւ հակակրօն դիրքերէն, սուրբերը վարկաբեկած ու դատափետած էին, պարզապէս անոր համար, որ սուրբերը եկեղեցական դէմքեր էին եւ իրենց կեանքի օրինակով դրսեւորած էին եկեղեցւոյ հաւատքը։ Սակայն հակառակ անոնց այդ ժխտական մերձեցման, Ս. Թարգմանիչ Վարդապետները եւ իրենց անմիջական գործակիցները այսօր եւս կը շարունակեն փայլիլ իբրեւ անմար աստղեր, աղաղակելով այն ճշմարտութիւնը, թէ հայ Եկեղեցիին ու անոր անդաստանին մէջ ծառայող հայ հոգեւորականին ընծան է Ե. Դարուն իրագործուած այն մեծ շարժումը, որով մեր ժողովուրդը տիրացաւ իր սեպհական գիրն ու գրականութիւնը ունենալու առանձնաշնորհման։ Անդրադարձաւ, թէ այսօր եւս բնականաբար թէ հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի տարածքին կան մարդիկ, որոնք կը նկրտին մեր ժողովուրդին ապագան տեսնել միայն աշխարհիկ հաստատութիւններուն մէջ եւ կը փորձեն քարոզիչները ըլլալ այն սխալ մտայնութեան, ըստ որուն կարելի է առանց Եկեղեցւոյ եւ առանց հոգեւորականութեան ապահովել մեր ժողովուրդի գոյատեւումը։ Յիշեցուց, որ թէեւ ամէն մարդ բնականաբար կրնար ունենալ եւ արտայայտել իր ազատ գաղափարները, այնուհանդերձ սխալ կ՛ըլլար կոյրզկուրայն հետեւիլ անոնց այդ պնդումներուն, երբ ամբողջ Սփիւռքի տարածքին անառարկելի կերպով տակաւին Եկեղեցին է մեր ժողովուրդի ամենալաւ կազմակերպուած հաստատութիւնը որ պայմաններուն ներած չափով ճիգ կը վատնէ հովանաւորելու եւ քաջալերելու նաեւ հայ գիրին, լեզուին եւ գրականութեան համար տարուած աշխատանքները։ Յաճախ մեր Եկեղեցին կը հանդիսանայ մղիչ ուժը, որով մեր ժողովուրդը կ՛առաջնորդուի յիշատակելու մեր սուրբերն ու անցեալի մեծաւորները եւ անոնց ճանապարհէն ընթացած բոլոր եկեղեցական եւ աշխարհական տիտանները։ Դարեր շարունակ հայ Եկեղեցւոյ շնորհիւ պահպանուեցաւ այն ամէն ինչ, որոնց, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, այսօրուան ժառանգաւորներն ենք անխտիր բոլորս ալ։ Փառք Աստուծոյ, որ Եկեղեցին, հակառակ այլազան ու զարմանազան հոսանքներու, Աստուծոյ օգնականութեամբ, եւ իր ծոցէն ելած նուիրեալ անձերու շնորհիւ, կրցաւ մեր ժողովուրդը ներշնչել ամէն պարագային որպէս հայ Քրիստոնեայ գոյատեւելու ներուժով ու գիտակցութեամբ։ Նոյնը այսօր եւս կրնայ իրագործել։ Բաւ է, որ ժողովուրդը եկեղեցին եւ եկեղեցականի վաստակը նուաստացնող, նոյնիսկ ուրանալ փորձող ապերախտ արտայայտութիւնները անտեսէ եւ փարի իր հոգեւոր հարստութեան ու անոր հետեւող մշակութային առժէքներուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց աշակերտները եւ իրենց ուսուցիչները, շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի վարիչներուն, որոնք յանձն առած էին Սիրոյ Սեղանի պատրաստութիւնը եւ կարողութիւն մաղթեց բոլորին։ Ապա Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը եւ հիւրեր վարժարանի տեսչարանին մէջ սուրճով մեծարուեցան։
Yorumlar kapatıldı.