Խաղաղութեան Մշակոյթի Միութեան, Միջազգային Խաղաղութեան Մշակոյթի Խորհուրդի եւ Օսմանկազիի Քաղաքապետութեան միասնական նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Աթաթիւրքեան Խաղաղութեան Մշակոյթի Միջազգային համաժողովը 10-12 հոկտեմբեր թուականներու միջեւ կայացաւ Պուրսայի Քերվանսարայ Թերմալ հիւրանոցի Սրահին մէջ։ համաժողովին իրենց աջակցութիւնը բերած էին նաեւ Ուլուտաղ եւ Պիլկի համալսարանի դասախօսներ։
Բացման հանդիսութեան ներկայ եղան Պետական Նախարար Փրօֆ. Տքթ. Մէհմէտ Այտըն, Թուրքիոյ առաջին Մշակոյթի Նախարար Փրօֆ. Տքթ. Թալաթ հալման, Պուրսայի Կուսակալ Օղուզ Քաղան Քէօքսալ, համաժողովի Նախագահ Տքթ. հիւսամէտտին Օլկուն, մամլոյ ներկայացուցիչներ։ համաժողովին կը մասնակցէին Միջազգային Խաղաղութեան Մշակոյթի Խորհուրդի անդամ օտար հիւրեր։ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հօր տնօրինութեամբ յանուն հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ համաժողովին մասնակցեցաւ Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենադպիր Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ համաժողովին կը մասնակցէին նաեւ Յունաց Պատրիարքարանէն Բրշ. Էլփիտոֆորոս Սարկաւագ Լամպրինիատիս, Թուրքիոյ Կաթոլիկ Եկեղեցիներու կողմէ Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Ստանպուլի Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Եուսուֆ Սաղ, Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ կողմէ Տ. Սամուէլ Աւ. Քհնյ. Աքտէմիր, հրէից Խախամապետարանի կողմէ Խախամապետարանի Դիւանապետ Եուսուֆ Ալթընթաշ։
Բացման պաշտօնական խօսքերու աւարտին համաժողովի մասնակիցներ իրենց զեկուցումները ներկայացուցին։ Ցերեկէն վերջ կայացած նիստը վարեց Պիլկի համալսարանի Դասախօսներէն Փրօֆ. Տքթ. Նիյազի Էօքթէմ, որուն մասնակցեցան փոքրամասնութեանց համայնքներու ներկայացուցիչները, Ուլուտաղ համալսարանի Աստուածաբանական Ֆաքիւլթէի դասախօսներէն Փրօֆ. Տքթ. Սիւլէյման Ուլուտաղ եւ Լրագրողներու եւ Գրողներու հիմնարկի Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Մասնախումբի Ընդհանուր Քարտուղար Ճէմալ Ուշշաք։ Այս նիստին մասնակիցները իրենց զեկոյցներով հանդէս եկան շեշտելով աշխարհի խաղաղութեան համար կրօնքներու ներդրումը եւ միջկրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը։
Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանան Պուրսայի մէջ հինգշաբթի օր այցելեց Պուրսայի Քաղաքապետութեան կողմէ վերջերս վերանորոգուած` եւ քաղաքի կեդրոնական թաղին մէջ գտնուող Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցին, ուր կը շարունակուէր ներքին բարեզարդման աշխատանքները։ Տէր հայրը կատարեց Ճաշու Ժամերգութեան աղօթքները եւ աղօթեց Պուրսայի թեմի հանգուցեալներու հոգւոցն ի հանգիստ։
Yorumlar kapatıldı.