İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ՔրԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵրԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ հԱՆԴԻՊՈՒՄ ԼրԱԳրՈՂՆԵրՈՒ ԵՒ ԳրՈՂՆԵրՈՒ հԻՄՆԱրԿԻ ԿԵԴրՈՆԻՆ ՄԷՋ

Գերմանիայէն ժամանած կաթոլիկ, բողոքական եկեղեցականներէ եւ բարեսիրական եւ կրթական հաստատութեանց վարիչներէ բաղկացած 25 հոգինոց խումբ մը շաբաթ օր այցելեց Լրագրողներու եւ Գրողներու հիմնարկի հարպիյէի կեդրոնը։ Խումբը Գերմանիոյ մէջ յատուկ աշխատանք կը տանի Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան նիւթին շուրջ։ Իսկ կրթական հաստատութեանց վարիչներ յատուկ աշխատանք կը տանին, որպէսզի իրենց ծառայութեան շրջանակին մէջ ապրող Իսլամներ կարենան իրենց կրօնական պէտքերուն գոհացում գտնեն եւ այդ միջոցաւ կարենան յարմարիլ քրիստոնեայ շրջանակին, առանց անհանգստութիւն զգալու։

հանդիպումին մասնակցեցան Մարմարա համալսարանի Աստուածաբանական Ֆաքիւլթէի դասախօսներէն Փրօֆ, Տքթ. Էօմէր Ֆարուք հարման, Պիլկի համալսարանի դասախօսներէն Փրօֆ, Տքթ. Նիյազի Էօքթէմ եւ իր որդին Տքթ. Էմրէ Էօքթէմ։ Պատրիարքական Աթոռի անունով հանդիպումին ներկայ եղաւ Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենադպիր Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան, իսկ Լատին Կաթոլիկ համայնքի անունով՝ Մոնս. Ժորժ Մարովիչ։ հանդիպումին բացման խօսքը ըրաւ Լրագրողներու եւ Գրողներու հիմնարկի Երկխծսութեան Մասնախումբի Ընդհանուր Քարտուղար Ճէմալ Ուշաք։ Ներկաներ իրենք զիրենք ծանօթացուցին։ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանան նախ ներկաներուն փոխանձեց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հօր ողջոյնները եւ բարեմաղթութիւնները։ Ապա ընդգծեց, թէ հայ համայնքը Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց մէջ ամէնէն բազմամարդ հաւաքականութիւնն է։ Եւ Քրիստոնէութիւնը հայոց մէջ մուտք գործած էր Առաջին դարուն նոյնինքն Քրիստոսի երկու առաքեաքներուն Ս. Թադէոսի եւ Բարթողոմէոսի քարոզութեամբ եւ եկեղեցին կազմաւորուեցաւ Չորրորդ դասրուն սկիզբը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի եւ Տրդատ Թագաւորի միասնական ջանքերով։ հայ Եկեղեցին առաջին դարէն իսկ գոյութիւն ունեցած է այս հողերուն վրայ։ Քրիստոնեայ հայեր Իսլամ Կրօնքը ընդունած Արաբներու, Պարսիկներու, Սէլջուկներու եւ ապա Օսմանեան Կայսրութեան շրջանին յարաբերութիւններ ունեցած էին իրենց Իսլամ դրացիներուն հետ։ Այսօր ալ այդ կենցաղային ամէնօրեայ յազրաբերութիւնները կը շարունակուին։ շեշտեց, որ տարբեր կրօնքներու պատկանող հաւատացեալներու երկխօսութիւնը կը սատարէ իրարու նկատմամբ գոյութիւն ունեցող եւ զիրար զճանչնալու պատճառաւ գոյացած ժխտական դիրքաւորումներու վերացման։

Արտայայտուեցաւ նաեւ Լրագրողներու եւ Գրողներու հիմնարկի Ատենապետ հարուն Թօքաք, որ քաղաքիս ոչ-իսլամ համայնքներու հոգեւոր պետերը գնահատեց երկխօսութեանց համար տրենց քաջալերական կեցուածքին համար։ Դրուատալից արտայայտութիւններ ունեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք հօր հասցէին։

Ապա ներկաներ համախմբուեցան հիմնարկի սեղանատան մէջ սարքուած ճաշի սեղաննրուն շուրջ։ Ապա հիւրերը այցելեցին Պապական Նուիրակութեան շէնքը եւ Սէնթ Էսբրի Եկեղեցին։

Yorumlar kapatıldı.