ՍԵՊՏ. 13, շբ. ¬ Տօն Եկեղեցւոյ ի Նաւակատիս Ս. Խաչին։
Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը ժամը 16.00 այցելութիւն տուաւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցին եւ նախագահեց Երեկոյեան ժամերգութեան եւ Կիրակամտից արարողութեան։ Աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը կարճ հանդիպում մը ունեցաւ Եշիլգիւղի Թաղային Խորհուրդի անդամներուն հետ գլխաւորութեամբ Ատենապետ հապիպ Էօզֆըրընճըի եւ տեղեկութիւն ստացաւ Վերամուտի պատրաստութիւններուն մասին։ Մեր հոգեւոր Պետը զրուցեց նաեւ երիտասարդ դպիրներուն հետ եւ հետաքրքրուեցաւ Դպրաց Դասու վերակազմութեան աշխատանքներով։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 18.00ին անցաւ Պալաթու Սրբոց հրեշտակապետաց Եկեղեցին, ուր եւս նախագահեց Երեկոյեան ժամերգութեան եւ Կիրակամտից արարողութեան։ հոգեւորականներու դասը լրիւ կազմով ներկայ էր գլխաւորութեամբ Պատրիարքական Աթոռոյ Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Արամ Ս.Եպիսկ. Աթէշեանի։ Եկեղեցին եւ բակը լեցուած էր բազմազգի ուխտաւորներու բազմութեամբ։ Պատրիարք հայրը ժամերգութեան աւարտին Խաչվերացի մասին քարոզ մը խօսեցաւ։
ՍԵՊՏ. 14, ԿԻր. ¬ ԽԱՉՎԵրԱՑ։ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց ժամերգութեան եւ Ս. Պատարագն, զոր մատոյց Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Տ. շահան Ս. Արքեպիսկ. Սվաճեան։ Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Եպիսկ. Աթէշեան ժամերգութեան հանդիսապետեց, Ս. Պատարագ մատոյց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ Կրօնական Ժողովի Բ. Ատենապետ հոգշ. հայր Սահակ Սբեղայ Մաշալեան Ս. Պատարագ մատոյց Վագըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը ժամը 18.00ին Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ ընդունեց զանազան թաղերէն շուրջ քառասուն երիտասարդներ եւ շնորհաւորեց Պատրիարքարանի Երիտասարդաց խումբին հիմնադրութեան Բ. տարեդարձը։
<brՍԵՊՏ. 15, Բշ. ¬ Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 11.00ին ընդունեց Գերմանիոյ նոր Աւագ հիւպատոս` Ռայնէր Մէօքէլմաննը, իսկ երեկոյեան ժամը 15.00ին Երեւանի մէջ ուսանող համալսարանականներու խումբ մը։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 19.00ին նախագահեց Պատրիարքական Աթոռի Տեղեկութեանց Արտադրաեղանակի Մշակման Յանձնախումբի ժողովին` ատենապետութեամբ Մուրատ Էօզքանի։
Իսկ ժամը 21.00ին Նորին Ամենապատուութիւնը ընդունեց զանազան թաղերէ եկող երիտասարդներու երեսուն հոգինոց խումբ մը եւ անոնց հետ զրուցեց կրօնա¬բարոյական նիւթերու շուրջ եւ հանգամանօրէն պատասխան տուաւ իրենց ուղղած հոգեւոր հարցումներուն։
ՍԵՊՏ. 16, Գշ. ¬ Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 09.00ին ընդունեց Օրթագիւղի Ս. Աստուծածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները գլխաւորութեամբ Ատենապետ` Իսկենտէր շահինկէօզի։
Ժամը 11.00ին Նորին Ամենապատուութիւնը ընդունեց համահայկական Խաղերու Պոլսոյ Վարչութեան անդամները գլխաւորութեամբ Ատենապետ` Ղազարոս Ունանի։
Ժամը 15.00ին Նորին Ամենապատուութիւնը ընդունեց թաւջութակահար Գարոլին Էօլչէրը, իսկ ժամը 17.00¬19.00ի միջեւ նախագահեց Պատրիարքական Աթոռի Պարբերական Տեղեկատու «Լրաբեր»ի խմբագրական կազմի ժողովին։
ՍԵՊՏ. 17, Դշ. ¬ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը ժամը 09.00ին ընդունեց Անգլիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ներկայացուցիչներէն Քէթի Ռանսըմը, ժամը 11.00ին Ֆրանսայի չորս ծերակուտականներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը, ժամը 14.00ին Թուրք եւ շուէտացի երիտասարդ լրագրողներէ բաղկացեալ խումբ մը, ժամը 16.00ին ճարտարապետ Նազար Պինաթլըն, իսկ ժամը 18.00ին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Ատենապետ` Էֆրիմ Պաղն ու Բ. Ատենապետ` Մաժակ Օհանեան Չաքըրը։
ՍԵՊՏ. 18, Եշ. ¬ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը կէսօրէ առաջ ընդունեց Ճարտարապետներ` Գէորգ Էօզքարակէօզն ու Էօմէր Պորթաչինան, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 15.00էն սկսեալ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի Ներքին Տնօրէն Թօրոս հաքկէօրը։
ՍԵՊՏ. 19, Ուր. ¬ Նորին Ամենապատուութիւնը օրուան ամբողջ ընթացքին զբաղեցաւ Պատրիարքարանի նորոգութեան վերաբերեալ հարցերով, իսկ ժամը 19.00ին խորհրդակցական նիստ գումարեց իր խորհրդականներուն հետ, ատենապետութեամբ Եդուարդ Գովանի։
ՍԵՊՏ. 20, շբ. ¬ Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 14.00ին ընդունեց միջեկեղեցական պատուիրակութիւն մը, որուն համաձայն Եւրոմիութեան յուշագիր մը պէտք է ուղղուէր Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութեանց իրաւունքներուն մասին։ Պատրիարք հայրը մերժեց ստորագրել յուշագիրը եւ որպէս ոչ¬մահմետական փոքրամասնութիւններէ ամենէն մեծաթիւ համայնքի հոգեւոր Պետը թելադրեց նոյն նիւթի շուրջ խնդրագիր մը յղել միայն Ազգային Ժողովի պատկան մարմիններուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը Պատրիարքական Աթոռի անունով Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենադպիր Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանան ու Մամլոյ Բանբեր` իրաւաբան Լուիզ Պաքարը նշանակեց իբրեւ ներկայացուցիչները հայոց Պատրիարքութեան, որպէսզի անոնք մասնակցութիւն բերեն նման աշխատանքի մը։
ՍԵՊՏ. 21, ԿԻր. ¬ Նորին Ամենապատուութիւնը Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Արամ Եպիսկ. Աթէշեանի հետ «Ճանապարհ»ի աղօթք կարդաց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, որմէ յետոյ չորս օրուան արձակուրդով մեկնեցաւ Անթալիոյ նահանգի Քէքովա գիւղակը ուղեկցութեամբ Տէր եւ Տկն. Փրօֆ. Տքթ. Յակոբ¬Մարիանժ Թէրզանի, եւ Տէր եւ Տկն. Թարըք¬Վերգին Արըօպայի։
Նոյն օրը յետ միջօրէի Նորին Ամենապատուութիւնը ուխտի այցելութիւն տուաւ Միւռայի Ս. Նիկողայոս պատմական եկեղեցին։
Պոլսոյ մէջ, Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Տ. շահան Ս. Արքեպիսկ. Սվաճեան ժամերգութեան եւ Ս. Պատարագին հանդիսապետեց ու քարոզեց Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ։
Իսկ Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Եպիսկ. Աթէշեան ժամերգութեան եւ Ս. Պատարագին հանդիսապետեց ու քարոզեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ։
ՍԵՊՏ. 24, Դշ. ¬ Նորին Ամենապատուութիւնը Անթալիոյ մէջ յետ միջօրէի այցելութիւն տուաւ հին Քաղաքի Աւետարանական Եկեղեցիին, որուն հոգեւոր հովիւն է Վերապատուելի Ճոն Պուլթիմա։
ՍԵՊՏ. 25, Եշ. ¬ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը առտուան առաջին օդանաւով Անթալիայէն Անգարա անցաւ, ուր օրուան ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ Վարչապետ Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի, Ներքին Գործոց Նախարար Ապտիւլքատիր Աքսույի, Ընդդիմադիր Կուսակցութեան Նախագահ Տէնիզ Պայքալի եւ Ազգային Ժողովի Մարդկային Իրաւանց Քննարկման Յանձնաժողովի Նախագահ Մէհմէտ Էլքաթմըշի հետ։ Նորին Ամենապատուութեան շքախումբին մաս կը կազմէին Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենադպիր` Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, խորհրդականներ Մելքոն Գարաքէօսէ, Տիրան Պաքար եւ Սեդրաք Տաւութհան։
Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Յոյն Ուղղափառ, Ասորի Ուղղափառ եւ Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն հետ ժամը 15.00ին այցելութիւն տուաւ Ազգային Ժողովի Մարդկային Իրաւանց Քննարկման Յանձնաժողովի Նախագահ Մէհմէտ Էլքաթմըշին եւ Յանձնաժողովին խնդրագիր մը յանձնեց Քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ակնկալութիւններուն մասին։
Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը ուշ երեկոյեան ցամաքի ճամբով Գոնիա անցաւ ու կէսգիշերին իջեւանեցաւ հիւրանոցի մը մէջ։
ՍԵՊՏ. 26, Ուր. ¬ Նորին Ամենապատուութիւնը Գոնիայի մէջ ժամը 10.00ին ուխտի այցելութիւն տուաւ Ս. Պօղոս Կաթոլիկ Եկեղեցին, ուր նախագահեց Երեխայից Ս. Պատարագին։ Աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն Կաթոլիկ կրօնաւորներուն եւ հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ անդամներուն հետ։
Նորին Ամենապատուութիւնը երեկոյեան Գարամանի եւ Սելեւկիոյ ճամբով Կոռիկոս անցաւ եւ իջեւանեցաւ հիւրանոցի մը մէջ։
ՍԵՊՏ. 27, շբ. ¬ Նորին Ամենապատուութիւնը Սելեւկիոյ մէջ ժամը 10.00ին ուխտի այցելութիւն տուաւ Սբ. Թեկղա պատմական եկեղեցին, իսկ Մերսինի մէջ ժամը 18.00ին այցելութիւն տուաւ Ս. Անթուան Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ, նախագահեց Կիրակամուտքի ժամերգութեան զոր կատարեցին տեղւոյն Միաբանութեան անդամները։ Աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց Խաչի Խորհուրդին մասին թրքերէն լեզուով։ հուսկ Նորին Ամենապատուութիւնը հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն Կաթոլիկ կրօնաւորներուն, Կաթոլիկ համայնքին եւ Մերսինի հայ համայնքի անդամներուն հետ։
Նորին Ամենապատուութիւնը ապա ցամաքի ճամբով հաթայ անցաւ ու կէսգիշերին իջեւանեցաւ Անտիոքի հիւրանոցներէն մէկուն մէջ։
Պոլսոյ մէջ, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան առիթով Ս. Պատարագ մատոյց հոգշ. հայր Զաքէոս Աբեղայ Օհանեան։
ՍԵՊՏ. 28, ԿԻր. ¬ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը հաթայ նահանգի Սամանտաղ գաւառակի Մուսա լերան Վագըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Առաւօտեան Ժամերգութեան եւ Ս. Պատարագին, զոր մատոյց հոգշ. հայր Սահակ Աբեղայ Մաշալեան։
Ժամը 12.15ին Նորին Ամենապատուութիւնը նոյն եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ ընդունեց Սամանտաղի Քաղաքապետ Կանիմ Ճանպոլաթն ու կողակիցը, իսկ 12.45ին Սամանտաղի Գաւառապետ Սելիմ Չափարն ու կողակիցը։
Պոլսոյ մէջ, Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Տ. շահան Ս. Արքեպիսկ. Սվաճեան Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ։ Աւարտին, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ Սիրոյ Սեղան սարքուեցաւ ի նպաստ Սամաթիոյ Սահակեան Վարժարանին։
Իսկ Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Եպիսկ. Աթէշեան ժամերգութեան եւ Ս. Պատարագին հանդիսապետեց ու քարոզեց Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ։
Անտիոքի մէջ, ժամը 13.15էն սկսեալ, Նորին Ամենապատուութիւնը նախագահեց Վագըֆգիւղի եկեղեցւոյ բակին մէջ կազմակերպուած Արամ Խաչատուրեանի Ծննդեան 100ամեակին նուիրուած հանդիսութեան։ Նախ ելոյթ ունեցաւ Մշակոյթի Նախարարութեան Չուքուրօվայի Սէնֆոնիք Նուագախումբը ղեկավարութեամբ Մաէսթրօ Էմին Կիւվէն Եաշլըչամի. մենակատարեցին Պոլսէն ջութակահար հաքան շէնսոյ եւ Երեւանէն ջութակահար Յասմիկ Աւտալեան։ Ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Վագըֆգիւղի Եկեղեցւոյ Մանկանց Երգչախումբը տոհմիկ երգերով։
Ժամը 17.00ին, Նորին Ամենապատուութիւնը քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ հաթայի Կուսակալ Ապտիւլքատիր Սարըի։
Ժամը 20.00ին, Նորին Ամենապատուութիւնը ներկայ գտնուեցաւ Չուքուրօվայի Պետական Սէնֆոնիք Նուագախումբին Անտիոքի ամփիթատրոնին մէջ սարքած երկորդ համերգին, որ կոչուած էր «Խաղաղութեան հրաւէրի համերգ»։ Այստեղ եւս նշուեցաւ որ Արամ Խաչատուրեան, որուն ծննդեան 100ամեակը կը տօնուէր այս տարի, հայազգի երաժիշտ ու յօրինող մըն էր։ Աւարտին Անտիոքի Սավոն հիւրանոցի ընդարձակ պարտէզին մէջ ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ ի պատիւ արուեստագէտներուն, որուն եւս ներկայ էին Պատրիարք հայրն ու հաթայի Կուսակալը։
ՍԵՊՏ. 29, Բշ. ¬ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը Պոլիս վերադարձաւ ժամը 12.30ին եւ Եշիլգիւղի օդակայանը դիմաւորուեցաւ Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենապետ` Գերշ. Տ. Արամ Ս. Եպիսկ. Աթէշեանի կողմէ։
Նորին Ամենապատուութիւնը նոյն երեկոյեան ընդունեց Պատրիարքարանի նորոգութեան գլխաւոր ճարտարապետ Գէորգ Էօզքարակէօզն ու ճարտարապետ Էօմէր Պորթաչինան։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 19.00ին նախագահեց Պատրիարքական Աթոռի Տեղեկութեանց Արտադրաեղանակի Մշակման Յանձնախումբի ժողովին` ատենապետութեամբ Մուրատ Էօզքանի։
ՍԵՊՏ. 30, Գշ. ¬ Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 11.00ին հրեաներու Ամանորին ¥րօշ հա¬շանա¤ առիթով շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Թուրքիոյ րաբունապետ Իցխաք հալէվային։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 15.00ին ընդունեց խումբ մը Գերմանացի լրագրողներ առաջնորդութեամբ հայր Խավիէր Եաքովի, ժամը 16.00ին` Աւստրալիացի Աստուածաբան Փրօֆ. Տքթ. Ռոպըրթ Կրիպընը, իսկ ժամը 18.00ին` Փրօֆ. Տքթ. Յակոբ Թէրզանն ու կողակիցը Տկն. Մառի¬Անժը։
ԴԻՒԱՆ ՊԱՏրԻԱրՔԱրԱՆԻ
Yorumlar kapatıldı.