İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ՄՈՒՍԱ ԼԵրԱՆ ԼԱՆՋԻՆ Ս.ՊԱՏԱրԱԳ ԵՒ ՍԷՆՖՈՆԻՔ հԱՄԵրԳ

28 Սեպտեմբեր Կիրակի օրը Վարագայ Սբ. Խաչի տօնը մեծ ոգեւորութեամբ նշուեցաւ ու պատմական անմոռանալի դէպքի մը վերածուեցաւ։ հայածէս Սբ. Պատարագ, սէնֆոնիք երաժշտութիւն, տոհմիկ երգերու փունջ, միջազգային ունկնդիրներ Մուսա լերան լանջին թարած Վագըֆգիւղը վերածեցին սքանչելի խառնարանի մը, որմէ համամարդկային պատգամներ արձակուեցան աշխարհի չորս ծագերուն. «պատերազմի տեղ խաղաղութիւն, ատելութեան տեղ սէր»։

Ս.ՊԱՏԱրԱԳ

Վագըֆգիւղի Սբ. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ ժամերգութեան եւ Սբ. Պատարագին նախագահեց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը։ Ժամարարն ու Պատարագիչն էր հոգշ. հայր Սահակ Աբեղայ Մաշալեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեց Բրկ. Ուրարակիր Պօղոս Դպիր Սիլահլեան։ Երգեցողութիւնները մայր եղանակաւ յաջողութեամբ կատարեցին գիւղի դպիրները։ Եկեղեցին եւ բակը բերնէ բերան լեցուած էր գիւղացի հաւատացեալներով. ներկայ էին բազմաթիւ ուխտաւորներ Մերսինէն, Ատանայէն, Իսկենտէրունէն, Անտիոքէն, Սամանտաղէն։ Այցելուներ ներկայ էին նաեւ Սուրիայէն, Լիբանանէն, Ֆրանսայէն եւ Ամերիկայէն։

Տէրունական Աղօթքէն անմիջապէս առաջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը բովանդակալից քարոզ մը խօսեցաւ ծանրանալով Վարագայ Սուրբ Խաչի գիւտի պատմական դէպքին եւ հոգեւոր նշանակութեան վրայ։ Պատրիարք հայրը նաեւ խօսեցաւ հայազգի աշխարհահռչակ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի մասին ¥6 Յունիս 1903 – 1 Մայիս 1978), որուն ծննդեան 100ամեակը նշուեցաւ այս տարի համաշխարհային տարողութեամբ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուած հոգեհանգստեան կարգին ոգեկոչուեցաւ նաեւ Արամ Խաչատուրեանը։

ՄԱՆՈՒԿՆԵրՈՒ հԵՏ

Կրօնական արարողութիւններու աւարտին, Պատրիարք հայրը մէկտեղուեցաւ Վագըֆգիւղի մանուկներուն հետ, հետաքրքրուեցաւ անոնց ընտանեկան եւ դպրոցական կեանքով, Վերամուտի առիթով յաջողութիւն մաղթեց եւ ամէն մէկուն իր ձեռքով բաժնեց իրենց համար բերած նուէրները։

ՍԱՄԱՆՏԱՂԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ հԵՏ

Ժամը 12.30ին Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը Վագըֆգիւղի Եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ ընդունեց Սամանտաղի Քաղաքապետ Կանիմ Ճանպոլաթն ու իր կողակիցը Թիւրքան հանըմը։ Քաղաքապետը փորձեց բացատրութիւն բերել, թէ ինչու փափաքած էր Վագըֆգիւղի հողատարածքէն 50 հէքթարը Գիւղապետութեան իրաւասութենէն փոխանցել Սամանտաղի Քաղաքապետութեան իրաւասութեան։ Քաղաքապետը գիւղի Երիցանց Խորհուրդն ու Գիւղապետը ամբաստանեց ամբոխավարութեամբ, ըսաւ որ ինք որեւէ հակաօրինական եւ վնասակար գործ չէր կատարած, պատրաստ էր ետ կենալու հողը Քաղաքապետութեան իրաւասութեան ներքեւ առնելու որոշումէն սակայն ինչ մեղք որ պաշտօնական գործողութիւնները այլեւս կատարուած էին, ինք Վագըֆգիւղցիներու բարեկամն էր, ապագային ուրիշ մէկը կրնար գալ եւ ամբողջ գիւղը առնել Քաղաքապետութեան իրաւասութեան շրջանէն ներս եւայլն։ Մեր հոգեւոր Պետը անգամ մը եւս թարգման հանդիսացաւ գիւղացիներու ընդվզումին որ առանց իրենց բացէ ի բաց բացատրութիւն տրուած ըլլալու այսպէս յանկարծ ձեռք դրուած էր իրենց գիւղի պապենական հողերուն։ Սա ժողովրդավար, սիրալիր, խաղաղասէր վերաբերում մը նկատել կարելի չէր։ Նորին Ամենապատուութիւնը յոյս յայտնեց, որ կատարուած սխալը շուտով կը սրբագրուի։

ՍԱՄԱՆՏԱՂԻ ԳԱՒԱՌԱՊԵՏԻՆ հԵՏ

Ժամը 12.50ին Նորին Ամենապատուութիւնը ընդունեց Սամանտաղի Գաւառապետ Սելիմ Չափարն ու կողակիցը։ Յարգելի Քայմաքամը իր կարգին ըսաւ, որ հողատարածքի հարցով մօտէն կը հետաքրքրուի քանի որ ինքն ալ ինզինք խաբուած կը նկատէ Քաղաքապետութեան կողմէ։ Քայմաքամ Չափար ըսաւ որ այս շաբաթ սոյն նիւթին մասին տեղեկագիր մը պիտի յանձնէ Անտիոքի նոր կուսակալ Ապտիւլքատիր Սարըին։ Պատրիարք հայրը յանուն Թուրքիոյ հայոց շնորհակալութիւն յայտնեց Քայմաքամի ուշադրութեան եւ իրեն յաջողութիւն մաղթեց իր բոլոր ձեռնարկներուն մէջ։

ՍԷՆՖՈՆԻՔ հԱՄԵրԳ

Ժամը 13.15ին Վագըֆգիւղի Եկեղեցւոյ մէջ աննախընթաց երեւոյթ պարզուեցաւ։ 1997ին ի հիմանէ վերակառուցուած եկեղեցւոյ բակը ծածկուած էր սպիտակ վրանի լաթով։ Բակին մէջ եւ կողքի փողոցի ամբողջ լայֆքին դրուած էին աթոռներ։ Ղեկավարութեամբ Մաէսթրօ Էմին Կիւվէն Եաշլըչամի, Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Չուքուրօվայի Սէնֆօնիք Նուագախումբը հիասքանչ համերգ մը սարքեց տօնելու համար հայազգի մեծ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 100ամեակը։ Ձեռնարկը օրհնութիւնը կը վայելէր Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հօր եւ կազմակերպուած էր Ատանա, Ճէյհան, Չուքուրօվա, Կիւնէյ, Թէփէպաղ եւ Անտիոքի Ռոթարի ակումբներուն։

համերգը սկսաւ Սէնֆօնիք Նուագախումբի կատարած «Թէլլի Թուռնա»յով։ Սոյն ձեռնարկին համար Երեւանէն յատկապէս հրաւիրուած շնորհալի ջութակահար Յասմիկ Աւտալեանն ու յայտնի Թուրք ջութակահար հաքան շէնսօյ հիանալի ներդաշնակութեամբ նուագեցին Պախի ջութակի եւ նուագախումբի համար յօրինած Բ. կոնցերտը։ Յասմիկ Աւտալեան ապա առանձինն կատարեց Արամ Խաչատուրեանի Սոնադ¬Մոնոլոկը։ համերգը շարունակուեցաւ հաքան շէնսօյի մենակատարութեամբ` Մէսութ Ճէմիլի «Նիհավէնտ Սազ Սէմայի»ով։ շուրջ մէկ ժամ տեւող համերգը վերջ գտաւ Սէնֆոնիք Նուագախումբի մեծ յաջողութեամբ կատարած «Բերդ Պար»ով, զոր յօրինած էր Ռուբէն Ալթունեանը։

Սէնֆօնիք համերգին յաջորդեց շատ հաճելի անակնկալ մը։ Վագըֆգիւղի եկեղեցւոյ մանուկներէն բաղկացած 12 հոգինոց երգչախումբը անակնկալ ելոյթ մը ունեցաւ ունկնդիրներու բազմութեան առջեւ յաջողութեամբ մեկնաբանելով հայերէն տոհմիկ երգերու սիրուն փունջ մը, ղեկավարութեամբ` Ժան Չափարի որ միաժամանակ կը նուագէր երգեհոնը, նաեւ թմբկահարութեամբ Ժագօ Չափարի։ Անոնք կարգաւ երգեցին «Սիրոյ Երգը», «Գարուն գարուն», «հա Նիննա» եւ գիւղի նշանաւոր «Կէրմիր Ֆիստան հէգուէծ է» երգերը։

Սէնֆօնիք Նուագախումբի եւ Մանկանց համերգներուն հետեւեցան մօտաւորապէս 700 հոգի, որոնց կարգին էին Սամանտաղի Գաւառապետն ու Քաղաքապետը իրենց կողակիցներուն հետ, Վագըֆգիւղի Գիւղապետը` Պերճ Գարթունեան, հայաստանի ներկայացուցիչներէն Սամսոն Էօզարարատ եւ բազմաթիւ այլ հրաւիրեալներ։

Յաջորդեց Վագըֆգիւղցիներու սարքած ճոխ ընդունելութիւնը։ Մուսա լերան յատուկ խոհանոցի նմոյշներն ու սառի պէս առատ թան սպասարկուեցան գիւղի հարիւրաւոր հիւրերուն, որոնք յատկապէս շատ գոհ մնացեր էին մանուկներու ելոյթէն։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏրԻԱրՔ հՕր ՔԱՂԱՔԱՎԱրԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ հԱԹԱՅԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ

Մեր հոգեւոր Պետը գիւղի մէջ քանի մը ընտանիքներ այցելելէ ետք, Անտիոք անցաւ ու ժամը 17.00 քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ հաթայի Կուսակալ Ապտիւլքատիր Սարըին։ Տրուած ըլլալով որ Կիրակի էր, հանդիպումը տեղի ունեցաւ Անտիոքի կուսակալներուն յատկացուած օսմանական հին ապարանքին մէջ։ Կուսակալը, որ նախապէս Կազիանթէպ, Պինկէօլ, Վան եւ Անգարայի մէջ պաշտօնավարած էր, Անտիոքի իր պաշտօնին ձեռնարկած էր 26 Սեպտեմբերին։ Պատրիարք հայրը Կուսակալը շնորհաւորեց իր նոր պաշտօնին առիթով, ըսաւ որ հաթայ նահանգն ալ Պոլսոյ պէս տարբեր կրօնքներու եւ մշակոյթներու ժամադրավայր մը եղած պատմութեան ամբողջ ընթացքին եւ իրեն մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ։ Ապտիւլքատիր Սարը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարք հօր այցելութեան եւ բարեմաղթութիւններուն համար, արդէն իսկ տեղեակ էր Վագըֆգիւղի հողատարածքին մէկութերորդին գիւղի սեփականութենէն առնուելով Սամանտաղի Քաղաքապետութեան իրաւասութեան փոխանցման կասկածայարոյց դէպքին։ Կուսակալ Սարը Պատրիարք հօր խոստացաւ որ սոյն հարցը ուշադրութեամբ պիտի քննարկուի։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Կուսակալին ուշադրութեան համար եւ յոյս յայտնեց որ հարցը շուտով կը լուծուի։ Սոյն հանդիպման առիթով Պատրիարք հօր կ՛ընկերանային Ս.Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի Կալուածոց հոգաբարձութեան Ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու, Իսկենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Կարպիս Քըսատուր եւ Վագըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Յակոբ Կէօքչէեան։

ԲԱրԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ հԱՄԵրԳ ԱՆՏԻՈՔԻ ԱՄՓԻԹԱՏրՈՆԸ

Օրուան երկրորդ համերգը նոյն օրը ժամը 20.00ին տեղի ունեցաւ Անտիոքի Քաղաքապետութեան երեքհազար հոգինոց ամփիթատրոնին մէջ։ Ռոթարիէններու կազմակերպած Բարեկամութեան եւ Խաղաղութեան այս երկրորդ համերգն ալ ինչպէս բացատրուեցաւ ձօնուած էր Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 100ամեակին։ համերգը պատուած էին հաթայի Կուսակալ Ապտիւլքատիր Սարըն եւ Թուրքիոյ հայոց Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարքը։ շատ գեղեցիկ կարգադրութեամբ մը այս անգամ թուրք արուեստագէտ` ջութակահար հաքան շէնսօյ մեծ յաջողութեամբ մենակատարեց Արամ Խաչատուրեանի Ջութակի Կոնցերտը։ Իսկ հայաստանցի շնորհալի ջութակահար Յասմիկ Աւտալեան հիանալի հեզաճկունութեամբ նուագեց Ուլվի Ճէմալ Էրքինի ծանօթ Ջութակի Կոնցերտը։ Այսպէս երկու արուեստագէտն ալ, Մաէսթրօ Էմին Կիւվէն Եաշլըչամի ղեկավարած Չուքուրօվա Սէնֆօնիք Նուագախումբի փառաւոր նուագակցութեամբ, կատարած եղան հարեւան մշակոյթի երաժշտութենէն ամենաընտիր կտորներ։ Ամփիթատրոնը բերնէ բերան լեցնող ունկնդիրները յոտնկայս եւ որոտընդոստ ծափողջոյններով շնորհաւորեցին արուեստագէտներն ու նուագախումբը։

համերգէն անմիջապէս յետոյ, ժամը 22.00էն սկսեալ Ռոթարիէններու կողմէ բացօթեայ ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ Անտիոքի նորակառոյց Սավոն հիւրանոցի ընդարձակ բակին մէջ ի պատիւ արուեստագէտներուն եւ փրոթոքոլի հիւրերուն, որուն եւս ներկայ գտնուեցան Կուսակալն ու Պատրիարք հայրը։

Նորին Ամենապատուութիւնը Պոլիս վերադարձաւ 29 Սեպտեմբեր երկուշաբթի օրը եւ Եշիլգիւղի օդակայանին մէջ դիմաւորուցեաւ Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Եպիսկ. Աթէշեանի կողմէ։

Yorumlar kapatıldı.