İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏրԻԱրՔ հԱՅրԸ շՆՈրհԱՒՈրԵՑ հրԷԻՑ ԱՄԱՆՈրԸ

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏրԻԱրՔ հԱՅրԸ շՆՈրհԱՒՈրԵՑ հրԷԻՑ ԱՄԱՆՈրԸ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը 30 Սեպտ. 2003 Երեքշաբթի ժամը 11.00ին այցելութիւն տուաւ հրեաներու րաբունապետ րավ Իցխաք հալէվային եւ շնորհաւորեց հրեայ հայրենակիցներու Ռոշ հա¬շանա ¥Ամանոր¤ տօնը։

հոգեւոր Պետերը իրարու տեղեկութիւն փոխանցեցին հրէական եւ հայկական Ամանորի աւանդութիւններուն մասին։

ԳԵրՄԱՆԱՑԻ ԹՂԹԱԿԻՑՆԵր ՊԱՏրԻԱրՔԱրԱՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը 30 Սեպտ. 2003 Երեքշաբթի ժամը 15.00ին ընդունեց Գերմանացի թղթակիցներու խումբ մը, առաջնորդութեամբ Լատին Կաթոլիկ հոգեւորական` հայր Խավիէր Եաքոպի։

Թղթակիցները հետաքրքրուեցան յատկապէս Եւրոմիութեան հետ համաձայնեցման օրէնքներու գործադրութեամբ եւ հարց տուին թէ արդեօ՞ք որեւէ բան փոխուած էր այդ օրէնքները հանուելէ ետք։

Նորին Ամենապատուութիւնը պատասխանեց որ Վարչապետ Էրտօղան, Արտաքին Գործոց Նախարար Ապտուլլահ Կիւլ եւ Ներքին Գործոց Նախարար Ապտիւլքատիր Աքսու քանիցս յայտարարած էին մամուլի միջոցով որ 2004ը Եւրոմիութեան հետ համաձայնեցման օրէնքներուն գործադրութեան տարին պիտի ըլլայ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը ըսաւ, որ եթէ երկրին քաղաքական կայունութիւնը չխանգարուի յառաջիկայ ամիսներուն, որեւէ պատճառ չկայ անվստահութիւն դրսեւորելու ներկայ Կառավարութեան խոստումներուն նկատմամբ։

«Այն բոլոր իրաւունքները որ Թուրք Իսլամ հայրենակիցներ կը վայելեն Եւրոպական երկիրներու մէջ, բնականաբար մենք ալ այստեղ կը փափաքինք ունենալ։ Մեր դպրոցներուն լեզուի եւ կրօնքի ուսուցիչներ, մեր եկեղեցիներուն ալ հոգեւորականներ պէտք են։ Մենք կը փափաքինք նաեւ որ կրօնական կամ աշխարհավար, Մովսիսական, Քրիստոնէական կամ Մահմետական, բոլոր հաստատութիւնները վայելեն միեւնոյն իրաւունքները։ Ահաւասիկ ասոր համար կը փափաքինք որ Թուրքիա ժամ առաջ Եւրոմիութեան մտնէ» ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը։

Ուրիշ հարցումի մը պատասխանելով մեր հոգեւոր Պետը ըսաւ. «Եւրոմիութեան անդամ Թուրքիա մը բնականաբար աւելի բաղձալի սահմանակից մը պէտք է ըլլայ նաեւ հայաստանի հանրապետութեան համար»։

Yorumlar kapatıldı.