İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏրԻԱրՔ հԱՅրԸ ԿՈՆԻԱՅԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը 25 Սեպտեմբեր հինգշաբթի ուշ երեկոյեան Պատրիարքարանի մինիպիւսով մեկնեցաւ մայրաքաղաք Անգարայէն, ուղեկցութեամբ հոգշ. հայր Ճոն Վարդապետ Ուըլիի։ Նորին Ամենապատուութիւնը Կոնիա ¥Իկոնիում¤ հասաւ կէսգիշերին եւ իջեւանեցաւ քաղաքի հիւրանոցներէն մէկուն մէջ։

26 Սեպտեմբեր Ուրբաթ ժամը 10.00ին, Պատրիարք հայրը ուխտի այցելութիւն մը տուաւ Կոնիայի Ս. Պօղոս Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցին, ուր հաւատացեալներու փոքրիկ խումբ մը հաւաքուած կը սպասէին մեր հոգեւոր Պետին օրհնաբեր այցելութեան։ Կատարուեցաւ Երեխայից Ս. Պատարագ հայերէն, Թրքերէն եւ Իտալերէն լեզուներով, որուն նախագահեց Պատրիարք հայրը։ Աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը հանդիպում ունեցաւ այնտեղ ծառայող Կաթոլիկ կրօնաւոր եւ կրօնաւորուհիներուն։ Եկեղեցին ու բակին մէջ գտնուող միաբանական շէնքը շրջելէ ետք, մեր հոգեւոր Պետը փափաքեցաւ այցելութիւն մը տալ Գրիգոր¬Ազնիւ Էօզարարատ ամոլին, որ քաղաքին մէջ մնացող վերջին հայերն են։

Նորին Ամենապատուութեան անակնկալ այցելութիւնը մեծ մխիթարութիւն եղաւ 84¬ամեայ Գրիգոր Էօզարարատին, որ վերջերս արտասահմանի եւ Անգարայի մէջ ենթարկուած էր շարք մը վիրաբուժական գործողութիւններու։ Դիւանագէտ Սամսոն Էօզարարատի մօրեղբայրն ու կնքահայրը եղող Գրիգոր Էօզարարատ յուզումով պատմեց, որ շուրջ երեսուն տարիէ ի վեր հայոց Պատրիարք չէր տեսած եւ վերջին անգամ Երջանկայիշատակ շնորհք Պատրիարքն էր որ Կոնիա այցելութիւն տուած էր։ Ծերունազարդ ամոլը համեստ թէյասեղանով մը պատուասիրեց մեր հոգեւոր Պետը, որ հետաքրքրուեցաւ Էօզարարատ ընտանիքի եւ Կոնիայի երբեմնի հայ համայնքի պատմութեամբ։

Այցելութեան աւարտին, Պատրիարք հայրը «Փարատեա» աղօթքը կարդաց Գրիգոր Էօզարարատին վրայ, իսկ Տէրունական Աղօթքը ծերունազարդ զոյգը Նորին Ամենապատուութեան հետ արտասանեցին խոր յուզումով ու հաւատքով։

Պատրիարք հայրը ապա այցելեց Կոնիայի հայոց գերեզմանատունը եւ կատարեց ընդհանուր հոգեհանգիստ բոլոր անոնց հոգիներուն համար որոնց աճիւնները այնտեղ ամփոփուած էին, գլխաւորութեամբ յայտնի աշուղ Փանոս Էօզարարատի։

Երեկոյեան ժամերուն Պատրիարք հայրը Կարամանի, Մութի եւ Սելեւկիոյ ճանապարհով անցաւ Քըզքալէսի ¥Կոռիկոս¤, ուր ժամը 20.00¬ին իջեւանեցաւ տեղւոյն յարմար հիւրանոցներէն մէկուն մէջ։

Yorumlar kapatıldı.