İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏրԻԱրՔ հԱՅրԸ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻր ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱհԻՆ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը 25 Սեպտեմբեր հինգշաբթի օրը Անգարայի մէջ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ նաեւ Ընդդիմադիր Կուսակցութեան Նախագահ եւ Անտալիոյ Երեսփոխան Տէնիզ Պայքալին։ Նորին Ամենապատուութեան կ՛ուղեկցէին Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան, Մելքոն Գարաքէօսէ, Սեդրաք Տաւութհան եւ Տիրան Պաքար։

հանդիպումը անցաւ յոյժ սիրալիր։ Նորին Ամենապատուութիւնը Թուրքիոյ հայոց հիմնական հարցերուն մասին պատրաստուած թղթածրարէն օրինակ մը յանձնեց նաեւ Տէնիզ Պայքալին, որ իր կարգին խոստացաւ Ազգային Ժողովի մէջ պատկան յանձնաժողովներու խողովակով հետապնդել զարգացումները։

Yorumlar kapatıldı.