İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏրԻԱրՔ հՕր շՓՈՒՄՆԵրԸ ԱՆԳԱրԱՅԻ ՄԷՋ

Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը, ուղեկցութեամբ Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենադպիր Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայի, իր խորհրդականներէն Տիար Մելքոն Քարաքէօսէի եւ Պատրիարքական Աթոռի Իրաւաբանական Յանձնախումբի անդամներ՝ Տիար Սեդրակ Տավութհանի եւ Տիար Տիրան Պաքարի, երէկ ժամը 16.45-ին Վարչապետարանի մէջ ընդունուեցաւ Վարչապետ րէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի կողմէ։ Ընդունելութիւնը կայացաւ Նախարարաց Խորհուրդի ժողովասրահին մէջ, որուն մասնակցեցան նաեւ Վարչապետի խորհրդականները։

Լրագրողներու եւ հեռուստակայաններու աշխատակիցներու սրահէն մէկնումէն յետոյ, Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը նախ շնորհաւորեց Մեծայարգ վարչապետը իր նոր պաշտօնին կոչման առիթով եւ յիշեց իր նախորդ երկու հանդիպումները, մին՝ ԱՔՓ Կուսակցութեան Ստանպուլի Կեդրոնին մէջ, իսկ միւսը՝ Փարիզի Թուրքիոյ Աւագ Դեսպանատան մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, թէ ամէն անգամ որ նոր դահլիճ կը կազմուի, աւանդութիւն եղած է, որ հայոց Պատրիարքը այցելութիւն տայ եւ իր համայնքի անունով շնորհաւորէ ու յաջողութիւն մաղթէ Վարչապետին։ Թէեւ այս շնորհաւորական այցելութիւնը քաղաքափարական այցելութեան բնոյթը կը կրէր, ըստ նախընթացի այս անգամ ալ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը համայնքային առկայ հարցերու մասին պատրաստուած թղթածրարը յանձնեց Մեծայարգ Վարչապետին։ Նորին Ամենապատուութիտւնը յիշեցուց, թէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը իր իրաւական փիճակին տիրացած է Ֆաթիհ Սուլթան Մէհմէտի շնորհիւ եւ այդ օրէն ի վեր նախ Օսմանեան Կայսրութեան, ապա Թուրքիոյ հանրապետութեան ընձեռած օրինական պայմաններուն ներած չափով կը պահէ իր գիծը, որ ուղիղ է եւ անշեղ։ Ներկայի դժուարութիւնները ծագում կ՛առնեն պարզ այն պատճառաւ, որ Օսմանեան շրջանի իրաւական սկզբունքները չեն պատշաճած հանրապետական Թուրքիոյ նոր օրէնքներուն հետ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը հոս եւս յիշեցուց, թէ շէնք մը կայ որուն վրայ Պատրիարքարան կը գրէ, սակայն այդ Աթոռը բարոյական անձնաւորութիւն չէ։ Ընտրուած հոգեւոր Պետ մը կայ, որ Պատրիարք անունը կը կրէ սակայն տակաւին Պատրիարքի ընտրութեան, գործունէութեան, մասին հաստատ կանոնագրութիւն մը գոյութիւն չունի։ Ամէն անգամ որ պատրիարքի ընտրութեան հարց մը կը ծագի, ակամայ դժուարութիւններ եւ անտեղի միջամտութիւններ կ՛ըլլան պարզ այն պատճառաւ, որ 1863-ի Կանոնադրութեան ¥Սահմանադրութեան¤ ինչ ինչ յօդուածները կարելի չըլլար գործադրել։ հակառակ անոր որ ան չէ դադրած օրինական հիմք ունենալէ, չպատշաճիր հանրապետական օրէնքներուն։ Ուստի անհրաժեշտ է կանոնադրութեան ոգիին, հայ Եկեղեցւոյ հնաւանդ կանոններուն ու աւանդութեանց հետ չհակասող եւ երկրի օրէնքներուն հիման վրայ գործադրելի կանոնադրութեան մը վաւերացումը։ Այդ ուղղութեամբ արդէն շուրջ հինգ տարիէ ի վեր աշխատութիւններ կը տարուին եւ արդէն իսկ այդ աշխատանքները իր լրման հասած են։ Պարզապէս պէտքը կայ անոր վերջին ձեւը տալու գործընթացը արագացնել եւ յղել Վարչապետարան առ ի վաւերացում։ հաստատ հիման վրայ դրուած Պատրիարքական Աթոռի Կանոնադրութիւնը մեծապէս պիտի դիւրացնէ Աթոռի գործառնութիւնները, յատկապէս ընտրութեան եւ առընչակից հարցերու ծագման պարագային։

Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը ապա արտայայտուեցաւ Փոքրամասնական Վաքըֆներու կալուածներու առընչութեամբ ծագած հարցերուն։ Կարեւորութեամբ անդրադարձաւ, որ թէեւ օրէնքը ընդունուած եւ գործադրութեան մէջ դրուած է, ինչ ինչ հարցեր կը ծագին կալուածատիրութեան կապակցուոթեամբ։ Նորին Ամենապատուութիւնը հոս յիշեցուց, Մեծայարգ Վարչապետին մամլոյ միջոցաւ ըրած յայտարարութիւնը, որով կը խոստանար Եւրոմիութեան պատշաճեցման գծով ընդունուած օրէնքներու գործադրութեան վրայ լրջօրէն հսկել եւ ապահովել անոնց կատարեալ գործադրութիւնը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը շեշտեց, թէ այս խոստումը վստահութիւն կը ներշնչէ հայ համայնքին, որ ըլլալով Թուրքիոյ ամենէն մեծաթիւ փոքրամասնական համայնքը, սրտանց կը փափաքի որ Թուրքիան անդամակցի Եւրոմիութեան եւ ամէն առիթով կը պահէ իր հաստատ կեցուածքը։ Մեծայարգ Վարչապետը յանձնարարեց, որ համայնքի իրաւաբանները Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան հետ կապ հաստատեն եւ խոստացաւ այդ ուղղութեամբ պատշաճ հրահանգը փոխանձել Տնօրէնութեան, որպէսզի իրաւական հիմքի վրայ հարցերը կարգադրուին։ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ նաեւ Կիւմշեան Կտակի մասին ծագած հարցին։

Եկեղեցիներու հոգեւորական, համայնքային վարժարաններու կրօնքի եւ լեզուի ուսուցիչ պատրաստելու դժուարութեանց մասին եւս անդրադառնալով, Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը անգամ մը եւս շեշտեց, թէ հայ հայրենակիցներ իրենց տուած տուրքին փոխարէն հոգեւոր ծառայութիւն չէր ստանար պետութենէն։ Այդ մէկը կարելի կ՛ըլլար համալսարանական երդիքի տակ հոգեւորական եւ կրօնքի ուսուցիչ պատրաստութիւնը համակարգելով։ Կարելի կ՛ըլլար յատուկ ամպիոն մը բանալ այդ շրջագծին մէջ պատրաստել թեկնածու աշակերտները։

Նոր պատրաստուած դասագրքերու մէջ տեղ գրաւած հակահայ պարբերութեանց առթած անհանգստութեան մասին անդրադառնալով Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը շեշտեց, որ մանուկներ եւ երիտասարդներ պէտք էին առողջ ապագային նայիլ եւ թշնամական խօսքերը օգուտ չէին բերէր անոնց։ Մեծայարգ Վարչապետը այդ խօսքը տեղին գտնելով շեշտեց, որ յառաջիկայ տարի Կրթական Նախարարութիւնը իր պատրաստելիք գրքերը վերանայման պիտի ենթարկէ ու այդ միջոցին նկատի կ՛առնուին այդ պարբերութիւնները։ Ի միջի այլոց փափաք յայտնեցշ նաեւ որ այդ երկուստեկ ըլլայ։ Թուրքիա, իր բոլոր դրացիներուն հետ հարցերը տակաւ առ տակաւ կը լուծէ, լաւ դրացիական յարաբերութիւններ կը մշակէ, սակայն որովհետեւ հայաստան չի ճանչնար Թուրքիոյ սահմանները կարելի չըլլար նոյն յարաբերութիւնները մշակել իր հետ, որուն իբր հետեւանք կարելի չըլլար սահմանադուռը բանալ։ Այլեւս ցաւառիթ պատմական դէպքերը պէտք է պատմութեան թողունք եւ ձգենք որ պատմաբաններ զբաղին անոնց հետ եւ բոլորս նայինք դէպի առողջ ապագային։ Նոյնը յանձնարարեց նաեւ սփիւռքի հայ համայքներուն եւս։

Նորին Ամենապատուութիւնը հոս յիշեցուց, որ հայ համայնքը թէեւ բոլոր հայոց հետ արենակցական կապ ունի, սակայն իրաւական գետնի վրայ Թուրքիոյ հայրենակիցներէ կը բաղկանայ եւ ինք այդ համայնքի անդամներուն հոգեւոր պետն է եւ համայնքովին ամէն ինչ կը կատարուի, որպէսզի Թուրւք եւ հայ յարաբերութիւնները բարւոք հունի մէջ մտնեն եւ ընթանան։

շուրջ կէս ժամ տեւող ընդունելութենէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ընդունելութեան համար։ Մեծայարգ Վարչապետը մեր հոգեւոր Պետին միջոցաւ ողջունեց Թուրքիոյ հայ համայնքի ազնիւ անդամները եւ իր բարեմաղթութիւնները ուղարկեց իրենց։

ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ԺՈՂՈՎԻ ՄԷՋ

Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը իր հետեւորդներով Վարչապետարանէն մեկնելէ յետոյ ժամը 18.00-ին այցելեց Ազգային Մեծ Ժողովի Մարդկային Իրաւանց Յանձնախումբի նախագահ Նէվշէհիրի Երեսփոխան Մէհմէտ Էլքաթմըշի։ Նորին Ամենապատուութեան այս այցելութիւնը փոխ այցելութեան բնոյթ կը կրէր։ Մեծայարգ երեսփոխանը Պատրիրքարան այցելած եւ ուղղակի մեր հոգեւոր Պետէն ու իրաւաբաններէն լսել կամեցած էր հայ համայնքի բաղխած դժուարութեանց մասին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Ազգային Ժողովի երեսփոխաններ մարդկային իրաւանց գծով հետաքրքրուած էին հայ համայնքին դժուարութեանց հետ, բան մը որ աննախընթաց երեւոյթ էր գոնէ իր քսանեւհինգամեայ հոգեւոր ծառայութեան ընթացքին։ Մամլոյ աշխատակիցներ յատուկ ուշադրութիւն դարցուցին այս այցելութեան։ Մեծայարգ Երեսփոխանը շեշտեց, թէ իրենց հաւատքի ու կրօնքի կարեւորութիւն կ՛ընծայէին եւ յարգանք ունէին երկրի անխտիր բոլոր քաղաքացիներու հաւատքին։ Կրօնքներ կը միտին մարդը ազնուացնելու անոր մէջ բարութեան կերպարը հաստատելու։ Իրենք կարեւորութիւն կ՛ընծայէին յատկապէս մարդկային իրաւունքներու եւ ամէն ինչ կ՛ընէին որպէսզն փոքրամասնութեան պատկանող համայնքներ չտուժեն, վնաս չկրեն։ Բնական երեւոյթ է, որ մարդիկ նեղութիւններ ունենան, իրենց պարտականութիւնը կը կայանար օրէնքի եւ արդարութեան հիման վրայ այդ նեղութիւնները վերցնել։ Ամէն քաղաքացի ինչ որ ալ ըլլայ իր ծագումը եւ հաւատքը, իրաւունքունի երջանիկ ապրելու։ Նորին Ամենապատուութիւնը համայնքային հարցերու թղթածրարը յանձնեց նաեւ մեծայարգ երեսփոխանի նկատառման եւ հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ բոլորին մասին։ Մեծայարգ երեսփոխանը մօտիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ բոլորին նկատմամբ եւ յայտնեց, թէ Ստանպուլի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին ներկայացուած խնդրանքներու մասին արդէն իսկ ձեռնարկուած է քննութեան եւ տեղեկագիրը պատրաստուելէ յետոյ պիտի ներկայացուի պատկան մարմիններու ուշադրութեեան նաեւ սեպհականութիւնը պիտի դառնայ հանրային կարծիքին։ Յայտնեց նաեւ, թէ Մարդկային Իրաւանց Յանձնախումբը փոքրամասնութեանց մասին մնայուն ենթայանձնախումբ մը պիտի կազմէ եւ այդ ենթայաձնախումբը մնայուն պիտի գործէ, որուն պիտի գործակցին նաեւ փոքրամասնութեան համայնքներու ներկայացուցիչ իրաւաբաններ։

Ընդունելութեան ներկայ եղան Մարդկային Իրաւանց Յանձնախումբի անդամ երեսփոխաններ։ շուրջ մէկ ժամ տեւող սիրալիր ընդունելութենէն յետոյ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ իր հետեւորդները շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած ջերմ ընդունելութեան եւ ունկնդրութեան համար։

ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՆԵրԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵրՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ԺՈՂՈՎԻ ՄԱրԴԿԱՅԻՆ ԻրԱՒԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԱԽԱԳԱհԻՆ

Ամեն. Ս. Պատրիարք հօր ՃհՓ-ի Կուսակցապետին տուած այցելութեան պահուն Ստանպուլի Քրիստոնեայ յարանուանութեանց ներկեյացուցիչ հոգեւորականներ ժամը 15.30-ին միասնաբար այցելեցին Ազգային Մեծ Ժողովի Մարդկային Իրաւանց Յանձնախումբի նախագահ Նէվշէհիրի Երեսփոխան Մէհմէտ Էլքաթմըշի։ Յանուն հայոց Պատրիարքական Աթոռի ներկայացաւ Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենադպիր Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանան։ Խումբին մաս կը կազմէին Յունաց Պատրիարքարանէն Գերշ. Մելիտոն Ս. Մետրոպոլիտ, Թուրքիոյ Կաթոլիկ համայնքերու հոգեւոր պետերու անունով Մոնս. Ժորժ Մարովիչ իսկ Ասորի Պատրիարքական Փոխանորդարանէն Արժ. Տ. Սամուէլ Աւագ Քահանայ Աքտէմիր։ Յանուն ներկայ հոգեւորականներուն արտայայտուեցաւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց, թէ ընդունելութեան եւ թէ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան համար։ Յայտնեց, որ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան համար պատրաստելի տեղեկագրի նախօրեակին, իրենք չէին փափաքած, որ համայնքային հարցերու կապակցութեամբ ժխտական արտայայտութիւններ ըլլան արտերկրեայ շրջանակներու մէջ եւ գումարուած միջեկեղեցական ներկայացուցիչներու հերթական միասնական աշխատանքէն յետոյ պատրաստուած համայնքերու հասարակ հարցերը պարունակող խնդրագիրը կը ներկայացնէին Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի Մարդկային Իրաւանց Յանձնախումբին։ Եկեղեցիներ ու իրենց համայնքները հաստատ համոզում գոյացուցած են, թէ Թուրքիոյ քաղաքացիները հետաքրքրող հարցեր իրենց լուծումը պիտի գտնեն միշտ Անգարայի մէջ։ Մեծայարգ երեսփոխանը գնահատեց ցուցաբերուած փափկանկատութիւնը, որ դրսեւորումն էր հայրենակցական առողջ գիտակցութեան եւ շեշտեց, թէ ստեղծուած երկխօսութեամբ հարցերը կը լուծուին եւ ամէն ինչ կ՛ըլլայ, որ Թուրքիոյ փոքրամասնական համայնքները իրենց բնական հայրենակցական իրաւունքները վայելեն ու երջանիկ ապրին։ Միջեկեղեցական խումբին մաս կազմող միւս հոգեւորականները եւս իրենց սրտի խօսքը ըրին եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին։

Yorumlar kapatıldı.