İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏրԻԱրՔ հԱՅրԸ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ՆԵրՔԻՆ ԳՈրԾՈՑ ՆԱԽԱրԱրԻՆ ԿՈՂՄԷ

Ամեն. Ս. Պատրաիրք հայրը այսօր ժամը 11.30¬ին Ներքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնարանին մէջ ընդունուեցաւ նախարար Ապտիւլքատիր Աքսուի կողմէ։ Նորին Ամենապատուութեան այս այցելութեան ընկերացան Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենադպիր Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանան, Ամեն. Ս. Պատրիարք հօր խորհրդականներէն Տիար Մելքոն Քարաքէօսէ, Պատրիարքական Աթոռի Իրաւաբանական Յանձնախումբի անդամներ Տիար Սեդրակ Տավութհան եւ Տիար Տիրան Պաքար։ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ընդունելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց Մեծայարգ Նախարարին իր պաշտօնին մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը նախարարի նկատառման յանձնեց համայնքային հարցերու կապակցութեամբ պատրաստուած թղթածրար մը։ Ապա բացատրութիւններ տուաւ Ներքին Գործոց Նախարարութեան հետ առընչուած հարցերու մասին։ Յատկապէս շեշտեց, որ Պատրիարքական ընտրութեան հետ առընչուած կանոնագրի մը չգոյութիւնը դուռ կը բանար զանազան տեսակի դժուարութեանց եւ անտեղի միջամտութեանց։ Թէեւ կար 1863ի Կանոնադրութիւնը սակայն անոր ինչ ինչ յօդուածները չէր պատշաճէր հանրապետական օրէնքներու։ հետեւաբար պէտք կար անոր գործադրելի յօդոււածները նկատի ունենալով նոր կանոնագիր մը, որ պիտի պատշաճէր հանրապետական օրէնքներուն, նաեւ մեր եկեղեցւոյ հնաւանդ սովորութիւններուն ու աւանդութիւներուն։ Այդ պարագային թէ պետութիւնը եւ թէ համայնքը կրնար հանգիստ գործել։ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը ըսաւ, որ այդ ուղղութեամբ աշխատանք տարուած էր Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պատկան բաժնի գործակատարներու եւ իրաւաբաններու աշխատակցութեամբ։ Երբ վերջնական վիճակը տրուէր պիտի յանձնուէր Վարչապետութեան։ Ապա Օրակարգի վրայ եկաւ համայնքային եւ թաղային մարմիններու վաքըֆներու վարչութեան հարցը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը, յիշեցուց, որ թաղեցիներու թիւը նուազած եկեղեցիներու թաղային խորհուրդի ընտրութեանց ընթացքին դժուարութիւններ կը ծագէր բաւարար թիւով ընտրողներու եւ ընտրուողներու պակասին պատճառաւ։ Նախարար Աքսու հետաքրքրուեցաւ, թէ ինչ հիման վրայ կը կատարուէր եկեղեցիներու թաղային խորհուրդի ընտրութիւնները։ Իրաւաբանները պատշաճ բացատրութիւններ տուին գործադրութեան մասին եւ օրինական տրամադրութիւնները պարզեցին ։ նաեւ, նախարարի նկատառման յանձնեցին, թէ հակառակ անոր որ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը արտօնած էր մի քանի եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ընտրութիւնը կատարել իբրեւ ընտրական շրջան ընդունելով ամբողջ Ստանպուլը։ Յիշեցուցին, թէ վերջերս նոյն տնօրինութեան գործադրութեան համար դիմում ներկայացնող թաղային խորհուրդներու ժխտական պատասխան տրուած էր, այն պատճառաբանութեամբ, թէ դիմումի ժամանակը անցուցած էին, հակառակ անոր, որ դիմումի մասին ժամաակի ոչ մէկ սահմանափակում եղած էր։ Նախարարը խոստացաւ պէտք եղած քննարկումները կատարել եւ իր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ մնացած հարցերուն լուծում գտնել։ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը յիշեցուց, որ դժուարութիւններ կային եկեղեցիներու համար հոգեւորականներ պատրաստելու։ Այդ ուղղութեամբ անգամ մը եւս անդրադարձաւ, թէ հոգեւորական պատրաստելու համար զանազան առիթներով առաջարկած էր այս հարցին համալսարանական ծիրի մէջ լուծում գտնել։ հարմար տեսնուած համալսարանի մը երդիքին տակ կարելի էր յատուկ բաժին բանալ եւ այդ բաժիններուն մէջ անհրաժեշտ նիւթերը դասաւանդելով հոգեւորականներ պատրաստել։ Դասաւանդութեան ծրագրի մասին կարելի էր խորհրդակցիլ Պատրիարքական Աթոռի հետ։ Պայման էր որ Քրիստոնէական Աստուածաբանութեան հետ առընչուած դասերը տրուէին Քրիստոնեայ աստուածաբաններու կողմէ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը շեշտելէ յետոյ, որ հարցը թէեւ կը հետաքրքրէր Կրթական Նախարարութիւնը, սակայն կ՛ուզէր իր նկատառման յանձնել դասագրքերու մէջ տեղ գրաւած հակահայ պարբերութիւններու պատճառած անհանգստութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը անգամ մը եւս յիշեցուց, որ հայ համայնքի անդամները երկրին հաւատարիմ քաղաքացիներն են, եւ ընդունելի չէր որ մատղաշ սերունդը հակահայ դիրքաւորում ունենար։ Նախարարը յայտնեց, թէ երէկ արդէն իսկ ժողովի մը ընթացքին Թուրք մտաւորականներ յիշեցուցած եւ իր նկատառման յանձնած էին այս պարագան եւ ինք եւս խոստացաւ հետաքրքրուիլ նաեւ այդ հարցով եւս։

շուրջ կէս ժամ տեւող ընդունելութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը հրաժեշտ առաւ Նախարարէն եւ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ունկնդրութեան համար։

Yorumlar kapatıldı.